Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մկրտիչ Լուտվիկ Պուլտուքեանի Առյաւէտ Հեռացման Առիթով

Օգոստոս 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Տ.

Օգոստոսի առաջին օրերուն յետ կարճատեւ հիւանդութեան մահացաւ Մկրտիչ Լուտվիկ  Պուլտուքեան: Ան ծնած է 1938-ին, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է   Մխիթարեան, իսկ երկրորդական ուսումը ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ: Ապա հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի երկրաչափական ճիւղին` School of Architecture and Engineering-ի մէջ: 1963-ին արժանացած է նոյն համալսարանի պսակաւոր ճարտարապետի վկայականին:

Ան երկար տարիներ ունեցած է փայլուն եւ յաջող գործունէութիւն ճարտարապետութեան մարզին մէջ`  Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Ան հմուտ նկարիչ էր եւ շատ աւանդապահ` իր նկարչական գաղափարներով: Անոր ոճը զարգացաւ տասնամեակներու ընթացքին:  Նաեւ դասական երաժշտութեան, արուեստի, հայ մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան մեծ համակիր էր:

Ունեցաւ ազգային-հասարակական գործունէութիւն` մշակութային եւ մարզական կեանքի մէջ:

1951-էն ի վեր եղած է ՀԲԸՄ-ի անդամ, ապա երկար տարիներ  ՀԵԸ-ի Համալսարանական ուսանողներու միութեան ատենապետ, կրթական յանձնախումբի ատենապետ, ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային յանձնախումբի վարչական:

1996-1998 անդամակցած է Լիբանանի մէջ կազմուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առաջին վարչութեան: 1998-1999 վարած է Լիբանանի հայ ճարտարապետներու ու ճարտարագէտներու միութեան ատենապետութիւնը:

1997-ին կը հիմնէ «Կարտըն թաուըր» պանդոկի «Մանտել ֆորում» լիբանանահայ արուեստագէտներու շաբաթական շարժումը, որուն ծիրին մէջ մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցած են աւելի քան 400 մտաւորական եւ արուեստի նուիրուած շաբաթական ձեռնարկներ:

Իբրեւ նուիրեալ մտաւորական եւ ազգային դէմք, մասնակցած է համահայկական առաջին երկու խորհրդաժողովներուն, ներկայացնելով ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի մասնաճիւղը:

Գործունեայ ներդրում ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի կազմակերպած բազմաթիւ խորհրդաժողովներուն:

2007-2020 եղած է անդամ. Լիբանանի հայոց թեմի Քաղաքական ժողովին:

Այս բոլոր ձեռքբերումներուն զուգահեռ, Մկրտիչ Լուտվիկ  Պուլտուքեան մեծագոյն  ուրախութիւնը կեանքի մէջ եղած է անոր ընտանիքը:

Վերջերս ան  նշեց իր պսակադրութեան 53-ամեակը` իր կեանքի ընկեր Լոտիին հետ, եւ յաճախ կ՛ըսէր իր զաւակներուն, որ եթէ ստիպուած ըլլար ամէն ինչ դարձեալ  ընել, ոչինչ պիտի փոխէր: Անոր համար սրբութիւն էր ընտանեկան բոյնը:

Ան շատ կը սիրէր իր զաւակներն ու թոռները եւ կը հպարտանար անոնց յաջողութիւններով:

Ժամանակ ունենալու պարագային, ան կը հետեւէր եւ կ՛ոգեւորէր անոնց պասքեթպոլի, ֆութպոլի կամ թենիսի խաղերը:

Ան բարի, անձնուրաց, առատաձեռն ու ուրախ ամուսին ու հայր էր:

Մկրտիչ Լուտվիկ  Պուլտուքեան հիանալի մարզիկ էր, պասքեթպոլի սիրահար, մոլի ընթերցող, գրող, նկարիչ ու կը տիրապետէր 5 լեզուներու:

Իր մահով ան կը ձգէ մեծ դատարկութիւն մը, բայց սիրոյ անխզելի կապը վստահաբար յաւերժ պիտի մնայ:

Թող ան հանգչի յաւիտենական խաղաղութեան մէջ:

Մեծահասակ թոռները, որոնք կը ցանկանային վերջին հրաժեշտ տալ իրեն, կ՛ըսեն. «Մեր մեծ հայրը` «ճըտտոն», ամենաբարի, կարեկից եւ սիրող մարդն էր: Ան նուրբ էր, բայց` հանճարեղ, եւ ցոյց տուաւ մեզի իր սէրը` արուեստի գործերով եւ որակեալ ժամանակի միջոցով: Մենք երբեք չենք մոռնար այն բոլոր ժամանակները, երբ ան մեզ  կը տանէր պասքեթպոլ խաղալու կամ ցոյց կու տար, թէ ինչպէ՛ս կը նկարեն ու կը գծեն:

Ան օրինակելի անձնաւորութիւն մըն  էր եւ ցոյց կու տար բոլորին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ կեանքը:  Մենք պիտի կարօտնանք զինք, թող իր հոգին խաղաղութեան մէջ ըլլայ»:

Մկրտիչ Պուլտուքեան ազնիւ բարերար, բարեսիրտ, ծառայասէր միութենասէր ազգասէր մարդուն յիշատակը ՅԱՒԵՐԺ պիտի մնայ իր բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն սրտերուն մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրան:

Օգոստոս 5, 2024
Պէյրութ

 

Նախորդը

Մարզանքը Շատ Օգտակար Է

Յաջորդը

Ցաւալի Մեկնում Մը Եւս. Ճարտարապետ Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեան. Հայ Մշակոյթի Պաշտպանն Ու Ջատագովը

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?