Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Այսօր Ո՛վ Կը Խօսի Սեւրի Դաշնագիրին Մասին. Ժխտե՞լ, Թէ՞ Անգիտանալ Զայն (104-Ամեակ)

August 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Ներկայ օրերուն տեղին է լոյսին բերել բազմաթիւ հայ մտաւորականներու թէ հրապարակագիրներու այն ընդգծումը, որ հարիւր տարի եւ աւելի կեանք ունեցող դաշնագիրի մը մասին սիրտ ու մելան մաշեցնելը այլեւս անիմաստ է, ինչպէս նաեւ` ժամավաճառութիւն:

Որովհետեւ, տասնամեակներու պատմաքաղաքական գործընթացները ցոյց տուին, որ չի բաւեր հզօր պետութիւններու շահերուն բախման կիզակէտին ըլլալ կամ օգտուիլ նման առիթներէ, այլ էականը կը մնայ այն, որ տուեալ ժողովուրդը, որ կը ձգտի սեփական պետութեան կերտումին, պարտաւոր է ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ իր հաւաքական ունակութիւնը` պետականութիւն հիմնելու եւ քաղաքակիրթ ազգերու շարքին միանալով` ապացուցելու իր յառաջդիմական ձգտումները:

Ձգտումներ, որոնք ներկայ դարուն համահունչ ըլլալու առընթեր, պէտք է ընդգրկեն արհեստագիտական ու տնտեսական նուաճումներ, կատարելագործուած բանակային ստորաբաժանումներ, ընկերային զանազան բնագաւառներու, այսպէս ըսած, յառաջադէմ մօտեցումներու որդեգրում, արդիական յագեցած կենսակերպ ու մանաւանդ` պետութեան արմատները տակաւ խորացնելու քաղաքական մտքի ու կամքի բարձր գիտակցութիւն:

Միւս կողմէ, ծիծաղ յառաջացնող եւ ազգային միամտութիւն բուրող երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք ազգովին, երբ կը յիշենք, կամ յիշեցնել կ՛ուզենք, որ աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէկ անկիւնադարձին` հայութեան ընծայուեցաւ քաղաքական թէ իրաւական փաստաթուղթ մը, որ հաստատագրեց հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքը` գերիշխան ու ամբողջական հայոց պետութեան կերտումը:

Ահաւասիկ, հակոտնեայ մտածումներու յորձանուտին ընդառաջ, հայութիւնն ու հայոց պետականութիւնը դարձեալ կը գտնուի համայնակուլ եւ փոթորկալի նոր օրերու աշխարհաքաղաքական բախումներու առանցքին, երբ գերհզօր ուժեր փորձ կը կատարեն քարտէսագրելու նորովի աշխարհակարգ, որ, իր կարգին, կ՛ապրի երկունք եւ կը դիմագրաւէ անորոշութեան ուրուականը:

Անորոշութեան ուրուական, որ յղի է պայթունավտանգ սոսկալի երեսներով եւ անակնկալներով, որոնք կրնան պատճառ դառնալ նոյնիսկ Համաշխարհային երրորդ պատերազմի մը, որ իր հերթին կը սպառնայ աշխարհի կործանումին:

10  օգոստոս 1920:

Օսմանեան կայսրութեան պարտութեամբ երեւան կու գար պետութիւններու նոր քարտէսագրում եւ աշխարհակարգի ձեւաւորում: Հայութիւնը, կերտելէ ետք Մայիսեան անկախութիւնը, կը լծուէր աշխատանքի` ապահովելու իր տեղն ու դերը միջազգային բեմահարթակին վրայ: Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին (1919) եւ Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին (ապրիլ 1920), Պօղոս Նուպար փաշայի եւ Աւետիս Ահարոնեանի գործուն ներկայութեամբ, կը ներկայացուէին հայկական պահանջները, որոնց հիմքը Արեւմտահայաստանի պատմական հողերն էին:

Ճիշդ է, որ Փարիզի Սեւր արուարձանին մէջ կը կնքուէր դաշնագիրը, սակայն անոր արձագանգները կը լսուէին աշխարհով մէկ: Պարտուած Թուրքիա կը ստիպուէր ընդունիլ կայսրութեան հսկայական հողամասերու բաժանումը: Աւելի՛ն. Թուրքիան կը ճանչնար Հայաստանի անկախութիւնը եւ կը զիջէր Էրզրումի, Վանի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի նահանգները: Իսկ սահմանագծումը կը յանձնուէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի, որ 22 նոյեմբեր 1920-ին, իրաւարար վճիռով մը կը հաստատէր Հայաստանի հանրապետութեան տարածքը:

Ի զարմաս աշխարհին, Վուտրօ Ուիլսընի վճիռով Հայաստան կ՛ունենար 160,000 քառ. քմ տարածք` դէպի Սեւ ծով ելքով:

Հայաստանի հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեան կը ստորագրէր Սեւրի դաշնագիրը, որ հայոց արդի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ պատմաքաղաքական եզակի իրադարձութիւն մը, որ, դժբախտաբար, մնաց փոշիացած փաստաթուղթ, զերծ ուժականութենէ եւ հովանաւորութենէ:

Փաստօրէն, Հայաստանի խորհրդայնացումով (2 դեկտեմբեր 1920), եւ հետագայ քաղաքական ու զինուորական զարգացումներու պատճառով Հայաստան աշխարհին դիմաց կը պարզուէր ահաւոր իրադարձութիւններու պատկեր. երբ մէկ կողմէ զիրար կը յօշոտէին եւրոպական երկիրներ` տիրելու բնական հարստութեան եւ առեւտուրի ճանապարհներուն, եւ միւս կողմէ` քեմալա-պոլշեւիկեան թաքուն որոգայթներն ու քաղաքական սիրաբանութիւնը, մասնատեցին հայոց հողերը, պարզապէս յագուրդ տալու սեփական վայրագ ախորժակներու:

Լոզանի դաշնագիրով (24 յուլիս 1923) արդէն վերջ կը գտնէր Հայկական հարցը, եւ նոր հուն կը մտնէր հայութեան հողային թէ քաղաքական  կացութիւնը:

Այսօր, Հայաստանի պետականութիւնը պարտաւոր է հաշուի առնել հայոց կեանքին մէջ արձանագրուած վերեւի քաղաքական իրադարձութիւնը, դասեր քաղել եւ աչալուրջ մօտեցումով ներկայանալ աշխարհաքաղաքական բեմահարթակին:

Սեփական պատմութեան ժխտումն ու անգիտանալը, աղէտաբեր հետեւանք կրնայ ունենալ, թշնամի ուժերու խաղաղասիրական որոգայթներու ընդմէջէն:

 

Նախորդը

Սեւրի Դաշնագիրի 104-Ամեակ. Սեւրի Դաշնագիրը Հիմնաքար` Ամբողջական Հայաստանի Տեսլականին

Յաջորդը

«Քոնֆերենս Լիկ». Փիւնիկ Յաղթեց, Արարատ-Արմենիա Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.