Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Բոլոր Դժուարութիւններուն

August 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին Իրանի եւ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական երկու գործողութիւններէ ետք, թէ՛ Համասի եւ թէ՛ Հըզպալլայի ղեկավարներու սպանութիւնները ապահովական, զինուորական եւ մանաւանդ շրջանային մեծ լարուածութիւն մը ստեղծեցին:

Բնականաբար Լիբանանի մէջ անցնող ինը ամիսներուն հարաւի մէջ զինուորական մագլցումներէն ետք նոր փուլ մը մտնելու տպաւորութիւն ունինք:

Քաղաքական, քաղաքացիական, ռազմական, ապահովական, ընկերային, կենցաղային, առողջապահական ու տնտեսական նոր մարտահրաւէրներ կ՛երեւին:

Լիբանանահայութիւնը` իբրեւ մէկ մասնիկը այս երկրին, իր կուսակցութիւններով ու բարեսիրական հաստատութիւններով բնականաբար անմասն չմնաց այս բոլորէն, տեղի ունեցաւ միջկուսակցական ժողով` վերարժեւորելու կացութիւնը եւ առաջքը առնելու բոլոր դժուարութիւններուն: Ժողովուրդին կարիքները եւ մանաւանդ ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու, բոլոր կողմերուն հետ կապ պահելու, կրօնական ու քաղաքական մակարդակով յարաբերութիւնները պահպանելու եւ բոլոր մարտահրաւէրներուն պատրաստ ըլլալու նպատակ կը հետապնդէր այս հանդիպումը:

Զուգահեռ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին կողմէ կազմակերպուեցաւ այլ հանդիպում մը` մասնակցութեամբ բարեսիրական եւ առողջապահական հաստատութիւններուն: Իւրաքանչիւրը, իր կարգին, ներկայացուց իր մատուցած ծառայութիւնները, ճգնաժամի պարագային դեղորայքի պահեստի վիճակը եւ կազմակերպուելիք շտապ աշխատանքները: Որոշուեցաւ անմիջական կարիքաւոր ընտանիքներու եւ տարեցներու թիւերը համախմբել եւ ըստ այնմ կազմակերպուիլ:

Միեւնոյն ժամանակ, թաղային ապահովութեան իմաստով, ակումբներու մէջ ներկայութիւն ըլլալու եւ թաղերը հսկելու աշխատելաձեւ մը որդեգրուեցաւ:

Այս բոլորը կու գան հաստատելու, որ լիբանանահայութեան կորովը բարձր պահելու եւ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կամքն ու ոգին բարձր են, եւ վստահ ենք, որ այս փուլն ալ միասնական աշխատանքով կրնանք դիմագրաւել` յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները:

 

 

Նախորդը

Շուշիէն Ստեփանակերտ Եւ Երեւան. «Վարանդա» Երգչախումբը Կը Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը

Յաջորդը

Մարդիկ Իրական Ընկեր Կը Փնտռե՞ն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.