Պետութիւն Եւ Դիմադրութիւն
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանի պետութեան անունով բանակցող կամ, աւելի ճիշդը, բանակցութեան ճիգ թափող վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթի նախորդ շաբաթասկիզբէն ի վեր քանի մը առիթներով յայտարարեց, որ զինադադարին կը յաջորդէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը, եւ որ` լիբանանեան բանակը պատրաստ է ստանձնելու իր պարտականութիւնները: Մինչ այդ Հըզպալլայի փոխքարտուղար Նայիմ Քասեմ նոյն ժամանակամիջոցին յայտարարեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր ընթացքը աւելի ուժգին թափով...




















