ՍԵԴԱ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ
Ձեզմէ ո՞վ ծանօթ չէ «Փոքրիկ Անին եւ երեք արջուկները» եւ «Պետիկն ու գայլը» մանկապարտէզի դասագիրքերուն:
Տասնեակ տարիներ սփիւռքի քանի մը սերունդներ հայերէնը սորվեցան Լուսին Մալիքեանի պատրաստած այս յիշարժան դասագիրքերուն միջոցով. օրին` մանկավարժական արդի մեթոտներու եւ կրթական տեսութիւններու վրայ հիմնուած աշխատասիրութիւններ, որոնց հերոսներուն` Անիին եւ Պետիկին ընկերակցութեամբ մեծցանք մենք, մեր երեխաները, երբեմն նոյնիսկ` թոռները, եւ ծանօթացանք հայերէնի այբուբենին, սորվեցանք խաղալ, խօսիլ, երգել եւ, վերջապէս, կարդալ ու գրել:
Երեխաներ եկան ու մեծցան, ուսուցիչներ աշխատեցան ու գացին, սակայն «Փոքրիկ Անին եւ Պետիկը» մինչ օրս կը մնան մեր դպրոցներու գրասեղաններուն:
* * *
Սակայն այսօր մենք արագութեան դարը կ՛ապրինք: Քաղաքակրթութիւնը թեւակոխած է նոր ժամանակաշրջան մը, որ բոլոր ոլորտներու թարմացումը կը դարձնէ հրամայական: Քաղաքական, տնտեսական նոր ուղղութիւնները եւ մանաւանդ ճարտարագիտական գիւտերը կը պարտադրեն ընկերային նո՛ր յարացոյցներ, ուր փոքր ազգերու գոյութեան գրաւականը կը կայանայ միա՛յն անոնց զարգացումին մէջ:
2010-ը թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը դասեց վտանգուած լեզուներու շարքին: Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գնահատումին, մինչեւ այս դարի աւարտ, այսինքն` եկող 75 տարուան ընթացքին, աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող 1500 լեզուներ կրնան անհետանալ: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2010-ի յայտարարութիւնը օրին տարակուսանքով ընդունեցինք` ըսելով, թէ ինչպէ՞ս կրնայ լեզու մը, որ համակարգուած ձեւով կը դասաւանդուի աշխարհի հարիւրաւոր դպրոցներու մէջ, վտանգուած ըլլալ:
Այսօր եթէ «ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք», բոլորս ալ մեր աշխատանքային օրուան աւարտին կը խոստովանինք, որ վտանգուած է մեր մայրենի լեզուն` շատ մը այլ արժէքներու կողքին:
* * *
Աշխարհի այս յառաջընթացէն դուրս չէր կրնար մնալ կրթութեան ոլորտը, որ հիմնասիւնն է հասարակութիւններու զարգացումին: Այսօր կը գտնուինք կրթական նոր փիլիսոփայութիւններ, նոր նպատակակէտեր, մանկավարժական մօտեցումներ եւ գրագիտութեան նոր տեսութիւններ բիւրեղացնելու անհրաժեշտութեան դիմաց: Լեզուներու դասակարգումը, զանոնք իւրացնելու շարժառիթներու յստակացումը, սորվելու հոգեբանութեան գիտութեան զարգացումը եւ անվերջ փորձարկումները անհրաժեշտ են` հասկնալու այսօրուան զարգացող երեխայի կարիքները եւ նախասիրութիւնները:
Այս բոլոր տուեալները արժեւորելով` ժամանակն էր արդիականացնելու սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդումը: Հասկցանք, որ պէտք էր ցտեսութիւն ըսել Անիին եւ Պետիկին եւ հանգստեան կոչել զանոնք:
* * *
2019-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, գիտակցելով հանդերձ բազմատեսակ հակազդեցութիւններու բարձր հաւանականութեան, նախաձեռնեց այս աշխատանքին` հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին:
Նպատակն էր մշակել արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր ծրագիր` ուղղուած հայախօս գաղութներու երեխաներու գրագիտութեան հրամայականը, հիմնական թիրախ ունենալով Լիբանանի մէջ հայկական դպրոց յաճախող լեզուակիրները:
2019-ին լոյս տեսաւ շարքին առաջին թղթածրարը` «Կը խաղամ, կը սորվիմ, կը մեծնամ»` ուղղուած 3-4 տարեկան երեխաներուն, որուն յաջորդեց (2022-ին) թիւ 2 նոյն անունով թղթածրարը` ուղղուած 4-5 տարեկան երեխաներուն:
Այժմ լոյս տեսած է «Կը կարդամ, կը գրեմ, կը սորվիմ-1» լեզուի ուսուցման ծրագրի ծրարը, որ կ’ընդգրկէ ընթերցանութեան գիրք մը` աշխատանքային իր զոյգ տետրակներով, անհատական եւ դասարանային գործածութեան տարբեր միջարկներ, եւ անշուշտ ծրագիրի գործադրութեան ուղեցոյց մը:
Ինչպէս որեւէ աշխատանք, այս ծրագիրի պատրաստութեան գործնական աշխատանքը սկսանք ընթերցանութեամբ, ուսումնասիրելով արդի ամերիկեան, ֆրանսական եւ քանատական (ի մասնաւորի` երկլեզու Քեպեքի) կրթական ծրագիրները: Այս ուսումնասիրութիւնները արժեւորելով եւ անոնց աւելցնելով մեր թիրախ լսարանին կարիքները, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի իւրայատկութիւնները եւ մեր լայն կրթական համակարգի պահանջները` մշակեցինք նո՛ր ծրագիր մը, որ այսօր կը յանձնենք ձեզի:
* * *
Շեշտը դրուած է հնչիւնաբանութեան, խաղիկներու միջոցով տառերու ճանաչումին, վանկերու եւ բառերու կազմութեան վրայ, ամբողջական բառերու (global) գոցաբանութիւնը իջեցնելով նուազագոյնի:
Այս ծրագիրին ընդմէջէն երեխան կ՛իւրացնէ հայերէն այբուբենէն 25 տառ եւ Ու բաղադրեալ ձայնաւորը` իրենց գլխագիրներով: Հայերէն այբուբենի տառերը շատ ըլլալուն` անկարելի էր բոլորը ներառել ուսուցման ինը ամսուան համար նախատեսուած այս հատորին մէջ: Ուստի երեխաները մնացեալ տառերուն պիտի ծանօթանան «Կը կարդամ, կը գրեմ, կը սորվիմ» թիւ 2 ծրարին ընդմէջէն:
Այս ծրագիրին մէջ նորութիւն է տառերուն մտապատկերները (image mentale): Տեղ գտած են նաեւ` հանելուկներ, ոտանաւորներ, ընդհանուր գիտելիքներ, պահուած բառ, խաչբառ, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն երեխայի ուշադրութեան, վերլուծելու եւ համադրելու կարողութիւններու զարգացումին:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած ենք բանաւոր արտայայտութեան, որ լեզու մը իւրացնելու եւ անոր հետ ազատօրէն առնչուելու գիտականօրէն հաստատուած ազդակ մըն է:
Կեդրոնական նիւթերը, որոնց շուրջ կառուցուած են ուսումնառութեան բոլոր բաղադրիչները, կ՛առաջարկեն այժմէական ընկերային եւ համամարդկային նիւթեր, ինչպէս նաեւ` հայկական մշակոյթին եւ արժէքներուն առնչուող նիւթեր:
Վերատեսութեան ենթարկուած են նաեւ որոշ տառատեսակներ` զանցելու համար երեխաներուն քով յաճախակի կրկնուող շփոթը եւ դիւրացնելու համար անոնց իւրացումն ու վերարտադրումը:
* * *
Բնականաբար այս ծաւալուն եւ պատասխանատու գործը իրականացնելը դիւրին չէր: Երրորդ անգամ ըլլալով, Թալին Եահնիեանը, Արազ Քէլէշեանը եւ ես` Սեդա Մածունեան, ստանձնեցինք «Կը կարդամ, կը գրեմ, կը սորվիմ-1» ծրագիրի մեթոտաբանութեան, մշակումի եւ համադրումի աշխատանքը:
Մանուկներու ուղղուած որեւէ նիւթ գրաւիչ դարձնելու մէջ առանցքային դեր ունին նկարազարդողները եւ ձեւաւորողները: «Կը կարդամ, կը գրեմ, կը սորվիմ-1»-ը կեանքի կոչուեցաւ նկարիչ Գէորգ Մանուկեանի եւ ձեւաւորող Ալեքս Մանուկեանի աշխատանքով:
Մանկավարժական եւ մեթոտաբանական յղացքներու վերանայումին համար մեր կողքին էր հոգեբան-մանկավարժ Սիլվա Փափազեանը, որ արժեւորեց կատարուած աշխատանքը եւ մասնագիտական իր խորհուրդներով օժանդակեց ծրագիրի մշակումին:
Արեւմտահայերէնի չհամակարգուած կարգավիճակին մէջ հնարաւորինս ապահով նաւարկելու նպատակով աշխատանքին լեզուական խմբագրութիւնը վստահուեցաւ Թամար Գասապեանին:
Աշխատանքը համադրեց Արին Գալուստեանը, որ կամուրջը եղաւ բազմանդամ այս խմբակի աշխատակիցներուն միջեւ:
Հիմնական այս աշխատակազմէն բացի, խորհրդատուական կարգով մեր խմբակին միացան եւ իրենց մասնագիտական ներդրումը ունեցան` Ցոլին Մելքոնեան` ուղղախօս (orthophonist), Նարօտ Խտըրլարեան` հոգեշարժունակութեան դարմանող (psychomotor therapist) եւ Խաժակ Աբելեան` տառատեսակներու մասնագէտ: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց:
Ծրարի տպագրութեան եւ արտադրութեան աշխատանքները բնականաբար ստանձնեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, որ իր գրատարածի ճամբով նաեւ պիտի կատարէ դասագիրքին պահեստաւորումը եւ տարածումը:
Մեծ շնորհակալութիւն` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որուն աջակցութեան արդիւնքը այսօր բոլորս կը վայելենք:
Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին, որ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան ուղղուած իր ռազմավարութեան մէջ որդեգրեց նաեւ, նախորդ երկու ծրարներուն նման, այս ծրագիրը եւ իր նիւթական ներդրումով մեծապէս նպաստեց ծրագիրի իրականացումին:
* * *
Կը յուսանք, որ մէկ տարիէն աւելի տեւած այս աշխատանքը կը գոհացնէ ձեր եւ ձեր աշակերտներուն ներկայ պահանջները:
* Մանկապարտէզի երրորդ դասարաններու հայերէնի դասաւանդ ուսուցիչներու հանդիպումին արտասանուած խօսք: