Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անբեկանելի Ոգին

October 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՓԻԹԱՆ ՄՈՎՍԷՍ ՆԱՇԱԼԵԱՆ

Լիբանանը է՛ եւ միշտ պիտի մնայ աշխարհի գոհարներէն մէկը, ուղիներու խաչմերուկ մը, ուր մշակոյթները կը հանդիպին, իրարու կը բախին եւ միախառնուելով` կը ստեղծեն ամբողջովին իւրայատուկ աշխարհ մը:

Այս փոքրիկ երկիրը, իր հարուստ պատմութեամբ եւ կենսունակ բազմազանութեամբ, կը հրամցնէ փորձառութիւն մը, որ աշխարհի վրայ ոչ մէկ տեղ կարելի է կրկնօրինակել:  Լիբանանի մէջ ապրողը միայն կը գիտակցի անոր արժէքին` ոչ միայն իր բնական գեղեցկութեամբ կամ նշանաւոր հնութիւններով, այլ նաեւ իր սրտով, ընկերային կեանքով, ջերմ հանդիպումներով եւ բնական համայնքային հասկացողութեամբ: Ան տեղ մըն է, ուր մարդիկ կը հաւաքուին ոչ միայն ժամանցի համար, այլ նաեւ` կեանքը ըմբոշխնելու իր ամբողջութեամբ. սրճարանէն լսուող հրաբորբ ծիծաղը, օտարներու հանդէպ ցուցաբերուած հիւրընկալութիւնը, գիշերուան հետ շրջող պատմութիւնները, գիշերային ելեկտրականացնող կեանքը, որ կը տրոփէ ուժով եւ ստեղծագործութեամբ, անփոխարինելի վայրկեաններ են, զորս արեւմտեան եւրոպական շրջանակներ ընդհանրապէս չեն կրնար նոյն ձեւով ներկայացնել: Այս շրջանակներուն մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը շղթայուած է սովորական յոգնեցուցիչ աշխատանքով, ուր կեանքը մեքենայականացած է, իսկ մարդիկ` մեկուսացած, զերծ` այն ջերմութենէն, որ Լիբանանը բնականօրէն կ՛արտացոլացնէ:

Այստեղ կեա՛նք կայ:

Սակայն Լիբանանի պատմութիւնը շաղախուած է անվերջանալի պայքարով: 2019 թուականէն ի վեր երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական ահաւոր վայրէջք` աներեւակայելի չափերով, որուն իբրեւ հետեւանք` ակնթարթի մը մէջ ընտանիքներ կորսնցուցին իրենց տարիներու խնայողութիւնները, ընկերութիւններ սնանկացան, եւ լիբանանցիին առօրեան վերածուեցաւ գոյութեան պայքարի:

Կարծես այս մէկը բաւարար չէր, երբ «Քորոնա» համավարակը եկաւ` աւելի խորացնելու խնդիրը: Համավարակի օրերուն տան մէջ մեկուսանալը աւելի եւս դժուարացուց տնտեսական եւ ընկերային արդէն իսկ ծանր վիճակը, արգիլուեցան ընկերային հաւաքոյթները` շնչահեղձ դարձնելով ժողովուրդը, որուն ինքնութիւնը կը ծաղկի ընկերային կեանքով միայն: Ապա 2020-ին պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, որ ցնցեց ամբողջ Լիբանանը` արձանագրելով աշխարհի պատմութեան մեծագոյն ոչ հիւլէական պայթումներէն մէկը, կարծես անգամ մը եւս փորձի ենթարկելով ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը` ի տես ահաւոր քանդումներուն, վիրաւորներուն ու զոհերուն, նետելով ժողովուրդը խորունկ վիշտի մէջ, մինչ ան երկար ատեն խաղաղութեան կարօտը ունէր:

Եւ այսպէս, Լիբանանը երբեք առանց պատերազմի ու աղէտի չմնաց` 1975-ի քաղաքացիական սպառիչ պատերազմէն սկսեալ մինչեւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմը, որ քանդեց երկրին ամբողջ ենթակառոյցը, եւ` ուրիշ իրերայաջորդ աղէտներ, որոնք ցնցեցին երկիրը:

Հիմա դարձեալ պատերազմի մէջ ենք, հրթիռներն ու անօդաչու թռչող սարքերը անընդհատ կը սաւառնին հորիզոնին վրայ, եւ լիբանանցիին կեանքը կը տատանի անդունդի եզրին: Քաղաքական կեանքի անկայունութիւնը եւ յաճախակի սպառնացող վայրագութիւններու սարսափը ժողովուրդը կը պահէ մնայուն լարուած վիճակի մէջ: Պատերազմը դարձած է առօրեայ գոյութեան գրաւականը:

Սակայն այս բոլոր դժուարութեանց դէմ տոկացող հաստատակամութիւնը աստուածային է: Որքա՛ն ալ ժողովուրդը հասած ըլլայ ճնշուածութեան գագաթնակէտին, ան կը մերժէ յանձնուիլ, երբ աշխարհը կը կարծէ, թէ ա՛լ պիտի ընկրկի այնքա՜ն ծանր բեռի տակ, ան կը համակերպի: Երբ ուրիշ ժողովուրդներ պիտի յանձնուէին, ան ոտքի կ՛ելլէ:

Լիբանանցիին դիմադրողականութեան զօրութիւնը եկած է դարերու խիստ պայմաններէն, որոնցմէ ան սորված է անսասան ոգիով յաղթահարել յոռեգոյնը: Ան ամէնէն յուսահատական պայմաններու մէջ իսկ յոյսի նշոյլ մը կը գտնէ ու կը յաջողի հնարամտօրէն յառաջանալ, երբ բոլոր ուղիները փակ են իր դիմաց: Այս տիպարով հազուգիւտ ժողովուրդներ միայն օժտուած են, նոյնիսկ երբ պայքարը անվերջանալի կը թուի ըլլալ, եւ աշխարհը մոռցած է իրենց գոյութիւնը, լիբանանցիք կը կանգնին միացած` աներեր կամքով գոյատեւելու:

Լիբանանցիին զօրութիւնը լոկ ապրելու մէջ չէ, այլ շարունակել գոյատեւելու մէջ` շարունակ խնդալով, հաւաքուելով, ուրախ առիթներ ստեղծելով, նոյնիսկ երբ աներեւակայելի ցաւի մէջ է: Ահա այս ոգին է, որ Լիբանանը կը դարձնէ գերբնական եւ իւրայատուկ, եւ այս հաստատակամութիւնը զայն անբեկանելի կը դարձնէ:

Յարգա՛նք այս ժողովուրդին, որ հակառակ այս բոլորին` կը շարունակէ բարձրանալ եւ գոյատեւել անշէջ կրակով:

 

 

 

Նախորդը

Արդեօք Երա՞զ Էր, Թէ՞ Երազային, «Հայրի՛կ»

Յաջորդը

Խաղաղասէրներուն Կեղծիքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.