Յորդանանի թագաւորական շարժապատկերի յանձնաժողովը բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի` Արցախի եւ արցախցիներուն մասին պատմող «Իմ քաղցր երկիրը» վաւերագրական ժապաւէնը երկրին կողմէ ընտրեց` զայն ներկայացնելու «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ժապաւէն» անուանակարգին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ հոլիվուտեան Deadline պարբերականը:
Ժապաւէնը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժին մասին, որ կ՛երազէ ատամնաբուժ դառնալ Արցախի մէջ գտնուող իր գիւղին մէջ: Երբ պատերազմը կրկին կը բռնկի, Վրէժ ընտանիքին հետ կը փախչի, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք կրկին կը վերադառնայ, բայց արդէն` աւերուած հայրենիք: Վրէժ դէմ յանդիման կը գտնուի նոր փորձութիւններու, ան ստիպուած պիտի ըլլայ պատրաստուիլ նոր ռազմական գործողութիւններու, պայքարիլ ծանր հոգեխոցերու դէմ:
Ամերիկեան պարբերաթերթը կը նշէ, որ ասիկա յորդանանահայ բեմադրիչին միակ յաջող ժապաւէնը չէ: Անոր նախորդ` «Մենք դեռ աւարտած չենք» ժապաւէնը շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներու արժանացաւ: Իսկ «Իմ քաղցր երկիրը» ժապաւէնը, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ այս տարուան սկիզբը Sheffield DocFest-ի մէջ, եւ որ` ցուցադրուեցաւ նաեւ Ամմանի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին, արժանացաւ դատական կազմի մրցանակին` իբրեւ լաւագոյն երկար վաւերագրական ժապաւէն, ինչպէս նաեւ FIPRESCI` շարժապատկերի քննադատներն ու մասնագէտները միաւորող միջազգային ֆետերասիոնի մրցանակին` իբրեւ լաւագոյն երկար վաւերագրական ժապաւէն: