Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Է Իսրայէլացի Պատասխանատուներուն Վերջնական Նպատակը…

Հոկտեմբեր 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Իսրայէլի տարբեր քաղաքներուն վրայ Թեհրանի հրթիռային յարձակումները անմիջապէս հակադարձելու իրաւասութիւն մը պարգեւեցին Թել Աւիւին:  Միջազգային ընտանիքը խուլ ականջ կը մնայ Կազայի կոտորածներուն, Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վրայ Ցախալի ռմբակոծումներուն, ոճրագործութիւններուն   հանդէպ:  Կ՛անտեսուի  Միջին Արեւելքի  տագնապին   հիմնապատճառը:  Հողազուրկը, տարագիրը կը դառնայ ահաբեկիչ, յանցագործը՝ հերոս: Ինքնապաշտպանութեան  իրաւունքը միայն սիոնական պետութեան մենաշնորհը ըլլար կարծէք: Բայց արդեօք պատերազմներ ե՛ւ պատերազմներ ե՛ւ պատերազմներ անվտանգութեան աւելի հիմնարար երաշխիքնե՞ր պիտի խոստանան սիոնական պետութեան:

Կը թուէր, թէ Իսրայէլ այս օրերուն ռազմական եւ հետախուզական յաղթանակի պահեր պիտի վայելէր: Ընդամէնը երկու շաբթուան ընթացքին ֆիզիքական  հաշուեյարդարի ենթարկեց իր գլխաւոր թշնամին՝  սէյիտ Հասան Նասրալլան,  չէզոքացուց  Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը, քանդեց Հըզպալլայի  ենթակառոյցները, հաղորդակցութեան եւ սպառազինութեան ցանցերը, նսեմացուց  Հըզպալլայի հովանաւորը՝ Իրանը, անմեղներու արեամբ ողողեց ու կ՛ողողէ Կազան եւ հարաւային  Լիբանանը:

Հըզպալլայի ղեկավար Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը ռազմավարական մեծ ձեռքբերում մըն էր Իսրայէլի համար, որ այս պահու դրութեամբ կրնայ որոշ  ժամանակամիջոցի մը համար անդամալուծել Հըզպալլան,  սակայն  երկարաժամկէտ    կտրուածքով ռազմավարական ոչ մէկ հետեւանք կրնայ ունենալ Հըզպալլայի  գործունէութեան վրայ: Այնքան ատեն որ  Իսրայէլ կը բռնաբարէ Լիբանանի օդային, ծովային ու ցամաքային տարածութիւնները, բռնագրաւած կը պահէ հարաւային  Լիբանանի որոշ  շրջաններ, անոր  գլխուն  վրայ  կախուած  պիտի մնայ  լիբանանեան Դիմադրութեան  սպառնալիքը:

Հըզպալլայի դէմ կործանարար յարձակումները յաղթանակի ոչ մէկ երաշխիք  կը խոստանան Իսրայէլին: Իսկ լիբանանեան բանակը հարաւային սահմանագիծի  երկարութեամբ տարածելու լոզունգները արեւմտեան խաղեր են պարզապէս: Լիբանանի գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը  ջերմօրէն պաշտպանող Արեւմուտքը ռազմական ոչ մէկ աջակցութիւն կը տրամադրէ լիբանանեան բանակին, փոխարէնը կը զինէ Իսրայէլը: Բանակը զինելու լիբանանեան կառավարութիւններու  փորձերը անցեալին եւ ներկայիս չարաչար ձախողած են՝ հանդիպելով ամերիկեան բացայայտ  սպառնալիքներու…

Երբ սիոնական պետութեան զօրքերը ցամաքային «ոչ լայնածաւալ»  ներխուժում  մը փորձեցին իրականացնել հարաւային Լիբանանի ուղղութեամբ, ընդամէնը երկու  օրուան ընթացքին յաղթանակի եւ միաժամանակ եբրայական Նոր տարուան տօնախմբութիւնները  կարճատեւ  տարողութիւն ստացան, չըսելու համար սգատօներու վերածուեցան…Երկու օրուան «ոչ լայնածաւալ եւ սահմանափակ» ներխուժումին հաշուեկշիռը՝ 26 զոհ եւ տասնեակներով վիրաւոր: Գրեթէ նոյն  ժամանակամիջոցին, հակառակ Միացեալ Նահանգներու օդային պաշտպանութեան  կարելիութիւններուն, Իրան հրթիռային աննախընթաց յարձակումի մը թիրախը դարձուց իսրայէլեան կարգ մը քաղաքներ:  Զոյգ ցնցումները զգաստութեան ազդանշան   ընդունելու փոխարէն՝ Իսրայէլի սեղմ կառավարութիւնը յայտարարեց,  թէ  վճռական կը մնար Համասը եւ Հըզպալլան արմատախիլ դարձնելու իր առաքելութեան մէջ, եւ հասած էր Միջին Արեւելքի ռազմաքաղաքական քարտէսը փոփոխութեան   ենթարկելու պահը:

Նեթանիահուի  գլխաւորած  ծայրայեղական  կառավարութեան անդամները  Իրանի վրայ  անմիջապէս յարձակելու  վճիռ արձակեցին՝ առանց  հաշուի առնելու   անոր հաւանական հետեւանքները: Միւս կողմէ սակայն, մատի վրայ հաշուող իսրայէլացի քաղաքական եւ զինուորական դէմքեր   լռելեայն խոստովանեցան, որ անհնար  պիտի  ըլլայ   էապէս  չէզոքացնել  Հըզպալլան: Հարաւային  Լիբանանի մէջ  իրենց ընկրկումները հաշուի առնելով՝ անուղղակիօրէն փոփոխութեան  ենթարկուեցաւ Իսրայէլի առաքելութեան հիմնական նպատակը: Իսրայէլեան  լրատուական միջոցներ սկսան հաղորդել, թէ բանակը կը ձգտի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի  թիւ  1701 բանաձեւը գործադրութեան դնելու պայմաններ ստեղծել հարաւային Լիբանանի մէջ՝ հաւանաբար գիտակցելով, թէ տուեալ բանաձեւը  համապատասխան յանձնառութիւններ կը թելադրէ հակամարտութեան զոյգ կողմերուն…

Իրանի դէմ իսրայէլաամերիկեան որեւէ հակադարձութիւն անկասկած լիարժէք պատասխան պիտի ստանայ Թեհրանէն:  Մինչ այդ Իսրայէլ պիտի յաջողի Իրանի դէմ  ուղղակի պատերազմի մէջ մխրճել Միացեալ Նահանգները. կացութիւն մը, որմէ կը խուսափին Ուաշինկթընն ու Թեհրանը:

Անցեալէն մինչեւ օրս Իսրայէլ ահաբեկած է Պաղեստինի ազատագրութեան  համար մարտնչող բազմաթիւ ղեկավարներ: Պայքարը կը շարունակուի բռնագրաւեալ հողերուն վրայ: Առ ի գիտութիւն՝ Հասան Նասրալլա, Իսմայիլ Հանիէ եւ ուրիշներ  ահաբեկուած գործիչներու  ժառանգորդներ  են:

1980-ականներու սկիզբը, Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը Լիբանանէն հեռացնելէ ետք, Հըզպալլա անմիջապէս բարձրացուց Իսրայէլի դէմ հակամարտութեան դրօշը եւ տարածուեցաւ Լիբանանի մէջ:

«Քայիտա»-ն երեւութապէս հեռացաւ Իրաքէն, զինք փոխարինեց Իսլամական պետութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ 2016 թուականին անօդաչու թռչող սարքով սպաննեց Թալեպանի ղեկավար մոլլա Ախթար Մանսուրը` յուսալով խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կնքել Աֆղանիստանի մէջ: Հինգ տարի ետք Թալեպանի զինեալները ներխուժեցին Քապուլ եւ երկիրը վերցուցին իրենց իշխանութեան  տակ:

2003-ին Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Իրաք ներխուժումը արագօրէն տապալեց Սատտամ Հիւսէյնը: Ուաշինկթընի քայլը քաղաքացիական արիւնալի պատերազմի մը ազդանշանը դարձաւ եւ նպաստեց անոր շրջանային թշնամիին՝ Իրանի հետ կապուած խմբակցութիւններու վերելքին:

Կարելի՞ է մոռնալ, Իրաք ներխուժելէ տարիներ ետք, ամերիկեան  օդանաւակիրի մը վրայ կրտսեր Ճորճ Պուշի բարձրացուցած՝ «Առաքելութիւնը  կատարելագործուած»  յաղթանակի յայտարարութեան պաստառը, որ խորքին մէջ  իբրեւ ուժի ցուցադրութիւն ծառայելու փոխարէն՝ ամերիկեան խայտառակութեան խորհրդանիշ  մըն էր պարզապէս:

Ռազմական արհեստագիութեան, հետախուզութեան տեսանկիւնէն Իսրայէլ անգերազանցելի առաւելութիւն կրնայ  վայելել Հըզպալլայի եւ Իրանի նկատմամբ:

Սակայն երբ իսրայէլեան զօրքերը Լիբանան կը փորձեն խուժել, անոնց ռազմագիտական առաւելութիւնները կրնան նսեմանալ հողին վրայ եւ հողին համար   մարտնչող Հըզպալլայի մարտիկներուն առջեւ:

«Դէպի ու՞ր կ՛երթայ Իսրայէլ, երբ անոր ղեկավարներուն տեսահորիզոնը  պատերազմէն բացի ոչինչ կը տեսնէ»: Այս հարցադրումով «Հաարեց» օրաթերթի խմբագրականը կը դիմաւորէր իսրայէլացիներու Նոր տարին՝ աւելցնելով. «Մենք միայն կրնանք յուսալ եւ մաղթել, որ յառաջիկայ տարի օրհնուինք երկրի ղեկավարութեան մէջ արմատական փոփոխութիւններով, ունենանք երկրին ապագային վերաբերեալ նոր տեսլականով օժտուած ղեկավարութիւն»:

Նեթանիահուի գլխաւորած արմատական կառավարութիւնը, պաղեստինցի-ներու իրաւունքներուն ոտնակոխումը, Կազայի պատերազմին ձախողութիւնները, գերիները փոխանակելու միտումնաւոր ձգձգումը, Կազայի խաղաղ բնակիչներուն  ամէնօրեայ կոտորածները, անհամար զոհերը, աւերն ու պատերազմի  յանցագործութիւնները միջազգային բեմի վրայ աստիճանաբար մեկուսացուցած են Իսրայէլը:

Իսրայէլի սահմանակից Յորդանանը, դիւանագիտական սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէ սիոնական պետութեան հետ: Յորդանան ապրիլին միացած էր իրանեան հրթիռային հարուածներէն Իսրայէլը պաշտպանող ռազմական դաշինքին:

Սակայն քանի մը օր առաջ, երբ Իսրայէլ կը պատրաստուէր խուժել Լիբանան, Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի հարց տուաւ՝ ի՞նչ կը հետապնդէր իր դրացին, ապահովակա՞ն, թէ՞ ռազմական գերակայութիւն: «Իսրայէլի վարչապետը ՄԱԿ-ի մէջ յայտարարեց, թէ իր երկիրը շրջապատուած է անոնցմով, որոնք կ’ուզեն քանդել զինք», դիտել տուաւ Իսլամ-արաբ յանձնախումբի անդամ 57 երկիրներուն բանբեր Սաֆատի, ՄԱԿ-ի քուլիսներուն մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի   ընթացքին:

Ան աւելցուց. «Ես կրնամ ձեզի շատ յստակ կերպով ըսել, որ մենք բոլորս պատրաստ ենք ճիշդ այս պահուն երաշխաւորելու Իսրայէլի անվտանգութիւնը` Իսրայէլի շրջածիրէն ներս` վերջ դնելով բռնագրաւումներուն եւ թոյլ տալով, որ անկախ պաղեստինեան պետութիւն մը ստեղծուի: Եթէ Իսրայէլ մերժէ երկու պետութիւններու լուծումը, կրնա՞ք հարցնել իսրայէլացի պատասխանատուներուն, թէ ի՛նչ է անոնց վերջնական նպատակը՝ բացի պարզապէս պատերազմներէն, պատերազմներէն ե՛ւ պատերազմներէն…

Հասկցողին  շատ բան:

Նախորդը

Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Դէմ Մահափորձ

Յաջորդը

Ակնարկ. Ֆրանսական Եւ Իրանեան Ուղերձներ Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?