ՏՈՔԹ. ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
Երբ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան էջերը բանանք, միշտ պիտի անդրադառնանք, որ յատուկ անձնաւորութիւններ այդ տխուր թուականներուն ներկայ եղած եւ նպաստաւոր կամ աննպաստ դերեր կատարած են հայերու հանդէպ` իրենց ունեցած համոզումէն կամ կամքէն անկախ:
Այդ անձնաւորութիւններէն մէկը` գերմանացի մարաջախտ Օթթօ Լիման վոն Սանտըրզ (Marechal OTTO LIMAN VON SANDERS), ուղարկուած էր Օսմանեան կայսրութիւն` զինուորական առաքելութեամբ:
Լիման Վոն Սանտըրզն էր, որ յանձն առաւ օսմանեան բանակը, բարեկարգեց եւ կազմակերպեց զայն, գերմանական կարգապահութիւն հաստատեց եւ նոր զէնքերով նմանցուց զայն այդ օրերու եւրոպական բանակի մը:
Անշուշտ Գերմանիա իր անձնական հաշիւները եւ շահերը կը հետապնդէր` նկատի ունենալով, որ զօրաւոր բարեկամ բանակ մը ի նպաստ իրեն էր, երբ ֆրանսական եւ անգլիական բանակներուն հետ պիտի չափուէր, մանաւանդ որ Ֆրանսան եւ Անգլիան միլիոնաւոր զինուորներ պիտի տեղադրէին Գերմանիոյ սահմաններուն վրայ` Հնդկաստանէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Նոր Զելանտայէն, Աւստրալիայէն եւ Հնդկաչինէն:
Սանտըրզի ներկայութիւնը եւ դերը եղած է միայն այդ գծով եւ եղած է օսմանեան 5-րդ բանակին հրամանատարը, որ յաջող ձեւով Տարտանելի ծովափի անցքին դիմադրեց անգլիական եւ ֆրանսական նաւատորմին դէմ եւ զօրաւոր պաշտպանութիւնը ստանձնեց Կալիփոլի ըսուած տեղին, ուր արգելք հանդիսացաւ, որ անգլիացիները եւ ֆրանսացիները հասնին Պոլիս:
Ան շատ դժուար յարաբերութիւններ ունեցաւ Օսմանեան ղեկավարութեան հետ, մանաւանդ` Էնվեր փաշային հետ, որ Օսմանեան կայսրութեան պատերազմի նախարար էր եւ 26 տարի իրմէ երիտասարդ էր ու անփորձ` զինուորական գործերու մէջ:
1914 թուականին Սանտըրզ մեծ վիճաբանութիւն մը ունեցաւ Էնվերի հետ, որովհետեւ ան կ’ուզէր զինք նշանակել օսմանեան 3-րդ բանակի հրամանատար, որ Կովկասի մէջ կը պայքարէր Ռուսիոյ դէմ: Սանտըրզ մերժեց` ըսելով, որ օսմանեան 3-րդ բանակը պէտք եղած պատրաստութիւնը չունէր` ո՛չ զէնքի տեսակէտով, ո՛չ ալ զգեստներով, որովհետեւ այդ շրջանը լեռնային եւ շատ ցուրտ միջավայր էր, եւ կարելի չէր ամառնային զգեստներով դիմանալ:
Սանտըրզ եւ Էնվեր փաշա բախում մը ունեցան, եւ Էնվեր ուրիշ զօրավար մը նշանակեց ու 100,000 զինուորներով սեպտեմբեր ամսուն յարձակեցաւ Ռուսիոյ դէմ` Կովկասի լեռներուն մէջ եւ Սարիղամիշ ըսուած շրջանին մէջ մեծ պարտութիւն կրեց, 100.000 զինուորներէն 70.000-ը մահացան ոչ թէ զինուորական պատճառներով, այլ` ցուրտէն եւ հիւանդութենէն, միայն 30.000 զինուորներ կրցան փրկուիլ, եւ Էնվեր այս պարտութեան պատճառը հայերը նկատեց` ըսելով, որ ռուսական բանակին մէջ գտնուող հայ զինուորները, կռնակէն դանակով հարուածած էին նոյն բանակի թուրք զինուորները: Այդ սուտ լուրերը տարածել տալով` թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ ստեղծեց ատելութիւն մը, որուն իբրեւ հետեւանք` ջարդի նիւթը գոյացաւ:
Սանտըրզ շատ նշանաւոր զինուորական մը եղած է Գերմանիոյ մէջ եւ իբրեւ ներկայացուցիչ իր երկրին` փառաւոր ձեւով կազմակերպած է օսմանեան բանակը տարիներու ընթացքին եւ «հերոս» կոչուած` Կալիփոլիի յաղթութեան պատճառով: Արդարեւ, հոն է, որ ինք անձամբ նշանակեց իր ձեռքին տակ եղած օգնական խելացի եւ կարող սպան` Մուսթաֆա Քեմալը, իբրեւ իրեն փոխանորդ, որ եղաւ ապագայ Թուրքիոյ ղեկավարը` կրելով Աթաթուրք անունը, որ կը նշանակէ թուրքերուն հայրը:
Սանտըրզ ղրկուեցաւ Օսմանեան կայսրութիւն` իբրեւ զինուորական պատասխանատու, եւ իրեն հետ 250 սպաներ, իրենց հրահանգ տրուած էր, որ երբեք չմիջամտէին օսմանեան ներքին հարցերուն… իրենց ներկայութիւնը միայն բանակին մարզումն ու նոր զէնքերու գործածութեան փորձառութիւնը պիտի ըլլար:
Սանտըրզ, հակառակ իր դժուար յարաբերութիւններուն օսմանեան ղեկավարներուն եւ մանաւանդ Թալէաթի եւ Էնվերի հետ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ տարածուած իր 250 սպաները իրեն օրական զեկուցում կը ղրկէին քրիստոնեայ ժողովուրդին, մանաւանդ հայերու եւ յոյներու տառապանքներուն մասին, բայց ինք` յարգելով իրեն տրուած հրահանգները, միշտ ջանացած էր միջամուխ չըլլալ ներքին հարցերուն: Սակայն ան կրցած է զինուորական բարձր շրջանակները զգուշացնել, թէ շոգեկառքի գիծերը, որոնք հեռու ճակատները` Պասորա, Երուսաղէմ, Մետինէ, Դամասկոս, Մեքքէ, Ատանա, Հալէպ զէնքով, զինամթերքով կը մատակարարէին, կ’անցնէին Անատոլուէն եւ Կիլիկիայէն, ուր հայերը մեծամասնութիւնը կը կազմէին, եւ եթէ 2 միլիոնի վրայ 10 տոկոսը զէնք շալկէր, 200.000 զինեալներով կրնային խանգարել` պայթեցնելով շոգեկառքի գիծերն ու կամուրջները եւ այդ ձեւով անդամալուծել ճամբաները, եւ այդպէս, արդէն առանց պատերազմի իսկ, պարտուած կը սեպուէր այդ հեռու ճակատներու վիճակը:
Այդ գծով Սանտըրզ կը ջանար համոզել բարձր զինուորական ղեկավարները, թէ որքան կարեւոր էր հայերու հանդէպ լաւ վարուելակերպ ցուցաբերել…
Իր մասին զանազան կասկածներ փոխանցուեցան, երբ 1918-ին պատերազմը դադրեցաւ Գերմանիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան պարտութեամբ, անգլիացիները զինք գերի բռնեցին եւ մեղադրեցին, որ ան մաս կազմած է հայերու եւ յոյներու ջարդերուն, ապա զայն աքսորեցին Մալթա կղզին, ուր 6 ամիս բանտարկուեցաւ, սակայն իրեն դէմ փաստ չգտնելով` ազատ արձակեցին, եւ ան վերադարձաւ իր երկիրը, սակայն դադրեցաւ գերմանական բանակին մաս կազմելէ ու հանգստեան կոչուեցաւ:
Զմիւռնիա քաղաքը գտնուած միջոցին (նոյեմբեր 1916) Սանտըրզ պայքարեցաւ տեղւոյն նահանգապետ Ռահմի Արսլան պէյի դէմ, երբ իրեն լուր տուին, թէ հայերը կը փոխադրեն դէպի շոգեկառքի կայարանները, որպէսզի աքսորեն դէպի Սուրիա: Անմիջապէս նահանգապետին քով ղրկելով իր ձեռքին տակ եղող թուրք մեծ սպան` Քիասիմ պէյ, կը յայտնէ, որ նահանգապետին արգիլուած է հայերը աքսորել: Ռահմի Արսլան պէյ նահանգապետը, որ անդամ էր Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան, կը պատասխանէ, թէ իրեն Պոլիսէն հրաման եկած է, եւ ինք ստիպուած է հնազանդիլ: Սանտըրզ դարձեալ Քիասիմ պէյ սպան կը ղրկէ` ըսելով, որ ի պահանջել հարկին զէնք պիտի գործածէ` իբրեւ արգելք այդ եւ հայերու կամ յոյներու հետագայ տարագրութիւններուն: Այդ վերջնագիրով նահանգապետը կը կեցնէ տարագրութիւնները, եւ այսպիսով Սանտըրզ կը փրկէ 7000 հայեր:
1921 թուականին, երբ Պերլինի մէջ Թալէաթ փաշան ահաբեկուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ, Սանտըրզի վկայութեան կանչուեցաւ, որովհետեւ իր փորձառութիւնն ու հասկացողութիւնը կարեւոր էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ զինք փորձառու անձ կը նկատէին:
Սանտըրզ դատարան ներկայանալով` ի նպաստ Թեհլիրեանին վկայեց, որուն իբրեւ արդիւնք` Սողոմոն Թեհլիրեան ազատ արձակուեցաւ:
1927-ին Սանտըրզ հրատարակեց գիրք մը` «5 Years in Turkey» վերնագիրով (5 տարիներ Թուրքիոյ մէջ), որ գրած էր Մալթայի բանտին մէջ գտնուած ընթացքին, պատերազմէն առաջ եւ ետք ունեցած իր փորձառութիւններուն մասին:
Ան մահացաւ 22 օգոստոս 1929-ին (74 տարեկան):
Ծանօթ: Հետաքրքրուողներու համար (Google)
Միրաք Ուէսպաք (Mirak Weissbach) Արտեմիս Երամեան (Artemis Yeramian) – Գրագէտ եւ լրագրող, ծնած` Միացեալ Նահանգներ, ապրած` Գերմանիա, հայ գաղթականի զաւակ, համալսարանի անգլերէն լեզուի դասախօս, Միլան համալսարանին մէջ:
Ներկայացուցած է Սանտըրզի ամբողջական պատմութիւնը` փաստելով, որ ազատած է 7000 հայեր Զմիւռնիա քաղաքին մէջ եւ յիշելով անոր պայքարը զանազան առիթներով` Էնվերի եւ Թալէաթի դէմ:
Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւն –
Այս կուսակցութիւնն էր, որ որոշում տուաւ հայերու ջարդին եւ ցեղասպանութեան, որուն մաս կը կազմէին Թալէաթ պէյ, Էնվեր փաշա, Ճեմալ փաշա, տոքթ. Նազիմ պէյ (Ցեղասպանութեան բուն ճարտարապետը), տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր (ջարդերու հրամաններ տուող), Շուքրի պէյ ( տարագրութեան վերակացու եւ պատասխանատու):