Անդրադարձ

Տրդատը

Տրդատը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Մահուան առաջին տարելիցն է իմ ազնիւ ընկերոջ, Ուաշինկթընի մեր համայնքի եւ առհասարակ սփիւռքի ազգային եկեղեցական կեանքի եւ Հայ դատի մեր գործի անխոնջ զինուորին` տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: Իր անդարձ բացակայութիւնը մեր կեանքէն խլացնող է եւ ամէնօրեայ: Ան միշտ ներկայ է իր խոհուն խօսքերու խրախոյսով, իր անյատակ լաւատեսութեամբ, օգնութեան հասնելու իր պատրաստակամութեամբ: Անկեղծ, բարեհամբոյր, վճիտ եւ գերազանցօրէն պարզ ու համեստ...

Դրօշը Կը Ծածանի Լիբանանցիին Մարդկայնութեան Վերեւ  (Լիբանանի Անկախութեան 81-Ամեակին Առիթով)

Դրօշը Կը Ծածանի Լիբանանցիին Մարդկայնութեան Վերեւ (Լիբանանի Անկախութեան 81-Ամեակին Առիթով)

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Նոյեմբեր 22 է դարձեալ: Այս թուականը արեւելքի Զուիցերիա` Լիբանանի անկախութեան մեծ տօնը ըլլալուն մասին կը յուշէ: Անկախութիւն` պետականութեան գոյութիւն, ազգային հպարտութիւն, ապահով սահմաններ, հզօր բանակ եւ ընկերային ու տնտեսական բարօրութիւն... Դժբախտաբար, սակայն, վերեւ նշուած պարբերութիւնը կը վերաբերի իսկական Զուիցերիոյ եւ ոչ` արեւելքի Զուիցերիոյ, ուր կան` պատերազմ, սպանդ, քանդում, աւեր, քաոս, ժողովրդագրական պատկերի խախտում, բանակին կարողութիւններուն դիտումնաւոր սահմանափակում, իսկ...

Լիբանանի Անկախութեան Պատմական Հոլովոյթը

Լիբանանի Անկախութեան Պատմական Հոլովոյթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, 1918 հոկտեմբերին Օսմանեան կայսրութիւնը պարտուած դուրս ելաւ, որմէ ետք, Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրին հիմամբ Սուրիա եւ Լիբանան ֆրանսական հոգատարութեան տակ մտան: Մարոնիներու Իլիաս Հոայէք պատրիարք 1919 հոկտեմբերին Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին դիմեց` Մեծն Լիբանանի կազմաւորման առաջադրանքով: Մարոնի եկեղեցւոյ տեսլականով կ'առաջադրուէր Մեծն Լիբանանի կազմին մէջ ընդգրկել Պէյրութը, Թրիփոլին, Սայտան, Սուրը, Աքքարը, Պաալպէքը, Պեքան, Ռաշայան եւ Հասպայան: Լիբանանի իսլամները...

Անկախութեան Օրուան Պատգամը` Միութիւն, Համակեցութիւն Եւ Վերականգնում

Անկախութեան Օրուան Պատգամը` Միութիւն, Համակեցութիւն Եւ Վերականգնում

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽԸՐՏՄԵԱՆ Լիբանանի անկախութենէն միայն խորհրդանիշ մը մնացած է այսօր մասնատուած, պառակտեալ, ազատազուրկ եւ անօրէն երկրին մէջ, ուր անկախութիւնը երազ, տենչ ու յետին յոյս է այլեւս, հրապուրիչ եւ անդիմադրելի` սակայն, որուն կը ձգտին բոլոր բնակիչները պետութեան, գէթ բացարձակ մեծամասնութիւնը ժողովուրդին, զայն կորսնցնելէ ետք, կամ` անոր կորուստին պատճառ ըլլալէ ետք, իրենց եսակեդրոն ու շահատենչ նկարագիրով, որ, ի՛նչ անխոհեմութիւն, հատուածականին սիրոյն ընդհանրականը...

Մայրիներու Երկարատեւ «Ողբ»-ը  Կամ «Նոր» Լիբանան Մը Փնտռելու… Մասին  (Լիբանանի Անկախութեան 81-Ամեակ)

Մայրիներու Երկարատեւ «Ողբ»-ը Կամ «Նոր» Լիբանան Մը Փնտռելու… Մասին (Լիբանանի Անկախութեան 81-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Լիբանան սուրբերու երկիր է: Ատենին, Լիբանան այցելած ու իր օրհնութիւնը անխտիր բաշխած կաթողիկէ Պապին այս հոգեգրաւ պատգամը խորքին մէջ, սրբազան խօսք մը ըլլալով հանդերձ, իր մէջ կը բովանդակէ պատկանելիութեան գիտակցութեան հրաւէր, աւելի՛ն. Վատիկանի քահանայապետի մը ի սրտէ արձակուած կոչ, որով ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ այս հողատարածքին վրայ դարեր ապրած ժողովուրդի մը պատմութեան տարբեր փուլերը, մշակութային հարստութիւնը, դէպի ապագայ...

Նշմար.  Խիզախ Ամերիկացիներ Պաքուի Մէջ (Կամ` Հայ Դատի Սերմերուն Արդիւնքը)

Նշմար. Խիզախ Ամերիկացիներ Պաքուի Մէջ (Կամ` Հայ Դատի Սերմերուն Արդիւնքը)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ     Երկու ծերակուտական եւ...                                                                                 Մէկ ներկայացուցիչ Ամերիկացի խորհրդարանականներ վերջին օրերուն խիզախ քայլեր առին Պաքուի մէջ: Ծերակուտականներ Էտ Մարքի եւ Շելտըն Ուհայթհաուս Ազրպէյճանի հողին վրայ չվարանեցան հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման, Արցախի հայութեան տունդարձի պահանջներուն մասին հրապարակաւ խօսելու եւ յայտարարելու, որ կը կանգնին Հայաստանի կողքին, միաժամանակ քաղաքավար բառերով խարանեցին Ալիեւն ու իր վարչամեքենան, որոնք բռնատիրութեան մարմնաւորում են: Իսկ...

Գերբնական Թուային Զրոյցներ` Հայերէնի Արձագանգը Կը Հնչէ Ապագայէն

Նամակ Առ Լիբանան. … Ի Խորոց Սրտի

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ «Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած»... Կը թերթեմ կեանքի գիրքը, որուն սկիզբի էջերուն քաջ ծանօթ եմ, զանոնք բազմիցս կարդացած եմ, առաջին անգամ անոնց դիպչած եմ ոչ թէ իմ մատներովս` թղթատած ժամանակ, այլ  արիւնաթաթախ ոտքերովս, կեանքի հողեղէն գետնի վրայ: Անոր հնամաշ ու թխաթոյր էջերը մեծաւ մասամբ ներկուած էին կարմիրով, բոցագոյն էին ու արիւնաբիծ: Փութացի յառաջ շարժիլ,...

Սթափելու Ժամանակը

Անկախութեան Հռչակագիրը Փոփոխելի Չէ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հեծանիւ վարելը հինցաւ. չ՛արժեր կրկնելու գնով Փաշինեանի նորայայտ մարզաձեւը քննադատել: Հետաքրքրութեան նիւթ ու հանրութիւնը զբաղեցնող նոր հնարք պէտք է գտնել: Մօրուքը խուզելը եւ սափրուիլը կարճատեւ ու անցաւոր խօսակցութեան նիւթ կրնան ըլլալ. այդպէս ալ եղաւ: Պիտի հարցնէք. ի՞նչ կարիք կայ անձով զբաղուելու առիթներ ստեղծելու եւ զանոնք հանրայնացնելու: Կարիքը կատարելու պատրաստուող կարեւոր եղելութենէ մը հանրային կարծիքը շեղել ու մանրուքներով զբաղեցնել...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Արցախի Մասին «Ազդակ»-ի 71-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով` Արմատական Հարցումներ, Որոնց Մասին Չի Խօսուիր, Կամ Գոհացուցիչ Պատասխաններ Չկան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Լսարանին նիւթն էր` «Արցախեան բանակցութիւններուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր»: Ըլլա՛յ այս լսարանին եւ ընդհանրապէս Արցախի մասին հետեւեալ արմատական հարցումներուն գոհացուցիչ, կամ` այլ կերպ, պատասխան չէ տրուած եւ այս տարրական` հիմնական հարցումնե՛րն ալ չեն հարցուիր. Ինչո՞ւ 1994-ին իբրեւ յաղթական կողմ` Հայաստանն ու Արցախը անձնատուր եղած, պարտուած Ազրպէյճանին անձնատուութեան դաշինք` «կապիտուլացիա» չպարտադրեցին հայկական կողմին պայմաններով, գլխաւորը` Արցախի...

«ՔՈՓ 29-ը Հիւրընկալող Ազրպէյճան Յանցագործ Պետութիւն Է». Արտակ Բեգլարեան` «Ֆիկարօ»-ին

«ՔՈՓ 29-ը Հիւրընկալող Ազրպէյճան Յանցագործ Պետութիւն Է». Արտակ Բեգլարեան` «Ֆիկարօ»-ին

Արցախի նախկին պետական նախարար եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ 9 նոյեմբերին (ՔՈՓ 29-ի մեկնարկէն առաջ) հրապարակուեցաւ թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ ելեկտրոնային տարբերակներով. լուրը հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը` դիտել տալով, որ հարցազրոյցին թարգմանութիւնը տարածած է Արտակ Բեգլարեանի գրասենեակը: Հեղինակը նախաբանին մէջ յիշեցուցած է, որ նոյեմբերի կէսերուն Պաքուի մէջ բացումը պիտի կատարուի կլիմային վերաբերող ՄԱԿ-ի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ինչպէ՞ս ՔՈՓ29-ը Քարիւղի Հսկաներուն Խաղավայրը Դարձաւ` Յանուն Կլիմայի Փոփոխութեան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Կրնա՞նք Հաւատալ Կլիմայական Արդարութեան, Երբ Քարիւղի Դրամը Կը Ղեկավարէ Այս Թատերաբեմը. ՔՈՓ 29-ի Ազերի Գործադիր Տնօրէնը Նկարահանուած Է Հանածոյ Վառելանիւթի Համաձայնութեան Մը Սատարելու Ընթացքին ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան տարեկան խորհրդաժողովը` UNCCC, որ պէտք է սահմանափակէ կենսոլորտի ապականութիւն պատճառող քարիւղի եւ նման նիւթերու արտահանումը եւ գործածութիւնը, վերածուած է նաեւ քարիւղ արտադրող կողմերու խորհրդաժողովին` ՔՈՓ: Այս տարի 29-րդ ժողովը` ՔՈՓ29, տեղի...

Հայերէնը` Անգլերէնի Եւ Ֆրանսերէնի Բախումին Ընդմէջէն

Հայերէնը` Անգլերէնի Եւ Ֆրանսերէնի Բախումին Ընդմէջէն

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Երանի ձեզի, որ երկու լեզու կը խօսիք»: Նոյեմբեր 2024, Լոս Անճելըս: Արի Աղպապեանը ծնած է Լոս Անճելըս: Ան մեծ քրոջս որդին է: Արին կարելիութիւն չունեցաւ հայկական դպրոց յաճախելու, բայց ծնողքին հետեւողական եւ բծախնդիր հոգածութեան տակ ան սորվեցաւ մայրենին: Արիին հետ Լոս Անճելըս նստած սուրճ կը խմէինք եւ կը զրուցէինք հայերէնով, բայց նաեւ` ատեն ատեն անգլերէնով: Չնշմարեցի, թէ...

Դպրեվանքեան Ոգին.  Եկեղեցւոյ Զանգը` Հիմք Կազմաւորման

Դպրեվանքեան Ոգին. Եկեղեցւոյ Զանգը` Հիմք Կազմաւորման

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Տեսուչ դպրեվանուց Եկեղեցւոյ զանգը զարթուցիչ եւ օրուան սկիզբը աւետող ձայնն է: Դպրեվանքի մէջ, աշակերտը առաւօտեան լոյսը տեսնելուն հետ, եկեղեցւոյ ձայնն է, որ կը լսէ: Եկեղեցւոյ ձայնը Աստուծոյ սիրոյ կանչն է, որ կը հրաւիրէ ուսանողը` Աստուած փառաբանելու եւ երկնքի արքայութիւնը ապրելու: Եկեղեցւոյ ձայնը դպրեվանեցին միշտ արթուն եւ պատրաստ պահելու զանգն է, որ կը շարունակէ անոր մէջ արձագանգել, նոյնիսկ...

Պարոն Սքանչելի (ԼԳ.)    «Արուեստը Անկատարութեան Կատարելութիւնն Է»

Պարոն Սքանչելի (ԼԳ.) «Արուեստը Անկատարութեան Կատարելութիւնն Է»

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, Սայաթ Նովա փող., 26 ապրիլ 2024 Արուեստագէտը եւ արուեստաբանը Առիթը Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեանի անհատական ցուցահանդէսի բացումն էր, «Երկու կամար» ցուցասրահին մէջ, որուն թէեւ արժէ անդրադառնալ առանձին` իբրեւ իւրայատուկ երեւոյթ, այնուամենայնիւ, կը յետաձգենք այլ առիթի: Ներկաներու խուռներամ ըլլալուն պատճառով ներսի օդը սկսած էր հեղձուցիչ դառնալ:  Բացման առիթով «երկու խօսք»-ս արտասանելէ ետք, խնդրեցի իմ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կ՛ուզուի

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Վաճառատուն մը կարիքն ունի Գործաւորի մը` ստախօս, լկտի, Կազմով շատ նիհար, հասակով գաճաճ, Ամէն պաշտօնի` պատրաստ ու պատշաճ: Այս օրերուն մեր սուղ կը վճարուի Նման պաշտօնեայ, եթէ գտնուի: Սորվեցէք ստել, անփո՛րձ աղքատներ: Ճշմարտախօսին այսօր չեն յարգեր: Նիհարցէք, խնդրեմ, պզտիկցէք մարմնով, Սորվեցէք փախչիլ արագ քայլերով` Պարտքը խնդրողէն, կոշտ ոստիկանէն, Ձեզ երազի մէջ հալածող խիղճէն: Ահա գաղտնիքներ` շուտ գործ գտնելու,...

Ժամանակակից Հեքիաթ.  Ռազմավարական Գործակցութիւն` Մուկի Ու Կատուի Միջեւ…

Ժամանակակից Հեքիաթ. Ռազմավարական Գործակցութիւն` Մուկի Ու Կատուի Միջեւ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ Աթաբէկ Խնկոյեանը կամ Յովհաննէս Թումանեանը լսէին Ազգային ժողովի բեմէն Նիկոլ Փաշինեանին նորագոյն բացայայտումը` 13 նոյեմբերին (աղէտաբեր յայտարարութեան չորրորդ տարեդարձէն քանի մը օր ետք), դուք ըսէ՛ք` «չնաշխարհի՜կ» գիւտը, հաւանաբար պիտի նստէին եւ այսպիսի հեքիաթ մը պիտի յօրինէին: Որպէսզի կառքը էշէն առաջ չդնենք, արձանագրենք, որ խօսքը կը վերաբերի այն «հեռատե՜ս» մտածումին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պէտք է ռազմավարական...

Գաղութէ Գաղութ

Կառչած Պիտի Մնանք Մեր Ազգային Արմատներուն*

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Հաւաքուած ենք տօնակատարելու ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-ամեակը: Հաւաքուած ենք Հալէպ. 20-րդ դարու առաջին եւ աննախադէպ Ցեղասպանութեան վայրերու ամենամօտակայ քաղաքը: Վայրը եւ մեր այս հաւաքը կը պարտաւորեցնեն, որ ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային բազմահազարանոց  կառոյցի իւրաքանչիւր անդամի անունով, արտայայտուած` իր գերագոյն մարմինի ճամբով, երախտագիտութեան ամենաազնիւ մեր գնահատանքը արձանագրել Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, որուն նախնիները եւ անոնց զաւակները գրկաբաց, սիրով եւ գորովագին ընդունեցին եւ հոգատար...

Հայերը Հիմա Նոր Թիրախ Ունին` Յորդանանը, Որ Ազրպէյճանի Ճնշումներուն Ենթակայ Է

Հայերը Հիմա Նոր Թիրախ Ունին` Յորդանանը, Որ Ազրպէյճանի Ճնշումներուն Ենթակայ Է

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ www.TheCaliforniaCourier.com Կարծես հայերը լուծելիք քիչ խնդիրներ ունենային, հիմա ալ պէտք է պահանջեն, որ Յորդանան չեղեալ նկատէ Ազրպէյճանի ճնշումներով արցախեան նիւթով ժապաւէնին «Օսքար»-ի մրցանակի թեկնածութենէն հրաժարելու քայլը: Յորդանանի շարժապատկերի յանձնախումբը ընտրած էր Նիւ Եորքի մէջ բնակող յորդանանցի-ամերիկացի բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի «Իմ քաղցր երկիր» վաւերագրական ժապաւէնը «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ժապաւէն» բաժանմունքին մէջ ներկայացնելու համար: Ժապաւէնի արտադրողն է Ազզա...

Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին  Լիբանանեան Զանազան Շրջաններուն Վրայ

Եթէ Ապրինք, Կը Տեսնենք

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ 3 հոկտեմբերի կէս գիշերէն քանի մը վայրկեան առաջ, երբ հազիւ քունի կ՛անցնէր հանգիստի այնքան կարօտ ուղեղս, ուժեղ ձայնի եւ թեթեւ երկրաշարժի ցնցում մը անկողինէս վար նետեց մարմինս: Վախս չէր զիս զգետնողը. ենթագիտակցութիւնս լի է վերապրողի փորձութիւններով, որոնց ամէնէն նորերը այս դէպքէն քանի մը օրեր առաջ` 27 սեպտեմբերին, եւ քանի մը տարիներ առաջ 4 օգոստոսին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով,...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Ամէն Օր Ուրբաթ Է…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կը պատմուի (մեղքը` պատմողին վիզը), թէ հոգեբուժարանի մը, որուն խենթանոց անունն ալ կու տանք, գլխաւոր պատասխանատու տնօրէն-բժիշկը յատուկ տեղեկագիր մը պատրաստելու համար կ՛որոշէ մէկ առ մէկ այցելել իր «հիւանդներուն» եւ բոլորին նոյն հարցումը կը հարցնէ: Սկսելով իր ծրագրի գործադրութեան` նախ կը մտնէ առաջինին առանձնասենեակը ու կը հարցնէ. - Բարեկա՛մ, այսօր ի՞նչ օր է: - Այսօ՛ր.- արագ մը կը...

Page 114 of 808 1 … 113 114 115 … 808

Արխիւներ