Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եթէ Ապրինք, Կը Տեսնենք

November 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

3 հոկտեմբերի կէս գիշերէն քանի մը վայրկեան առաջ, երբ հազիւ քունի կ՛անցնէր հանգիստի այնքան կարօտ ուղեղս, ուժեղ ձայնի եւ թեթեւ երկրաշարժի ցնցում մը անկողինէս վար նետեց մարմինս: Վախս չէր զիս զգետնողը. ենթագիտակցութիւնս լի է վերապրողի փորձութիւններով, որոնց ամէնէն նորերը այս դէպքէն քանի մը օրեր առաջ` 27 սեպտեմբերին, եւ քանի մը տարիներ առաջ 4 օգոստոսին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով, առանց ֆիզիքական վնաս կրելու ողջ մնալներս են: Այս անգամ զիս զգետնեց ապշանքս, իրականութենէն խզումս: Ինչպէ՞ս կարելի է ականատես ըլլալ նման ուժեղ ռմբակոծման ու կեանքը շարունակել բնականոն կերպով:

Մինչ ես կը գրեմ այս տողերը, իսրայէլեան բանակը կը պայթեցնէ, գետնի հաւասար կ՛ընէ Լիբանանի հարաւը գտնուող Մայս էլ Ժապալ գիւղը` քար քարի վրայ չձգելով, իսկ Քֆարշուպա գիւղէն 1200 ոչխարներով հովիւը ճամբայ կ՛ելլէ շուրջ 50 քմ քալելով` հասնելու համար հարաւային Պեքաա, 500 ոչխարներով: 30 հոկտեմբերի առաւօտուն Ռմէյշ գիւղի բնիկներէն, ներկայիս Պէյրութ ապրող ընկերուհիս` Մարիամը, հեռախօսիս նամակ մը կը ձգէ` «Պահիան կը փախչի, իրենց ալ շրջանը պարպելու կոչեր ըրեր է (Իսրայէլի բանակը)»: Պահիան պաալպեքցի մեր ընկերուհին է. վերջինիս գրած անօգնական երկտողիս ան կարճ ձայնային նամակով մը հեւալով կը պատասխանէ. «Չենք կրնար Պէյրութ գալ, ճամբայ չկայ, հիմա հոս տեղ մը պիտի դասաւորուինք, աղօթէ՛ մեզի համար, Արա՛զ»: Շաբաթներ առաջ, երբ Իսրայէլի բանակը «Իքս» հարթակէն յայտարարած էր, որ հարաւի ժողովուրդը պէտք է լքէ իր տուները եւ «փոխադրուի աւելի ապահով վայրեր», մեծ թիւով գաղթականներ հասան մեր շրջանները: Պուրճ Համուտի մէջ հագուստի վաճառական բարեկամս` Զաւէնը, պատմեց. «Երեք կիներ եկան խանութս, շուրջ` 50-60 տարեկան, սեւ հագած, լաչակաւոր, հարցուցին, թէ աշխատողի պէտք ունի՞մ, գործ կը փնտռեն: Սիրտս կտոր-կտոր եղաւ: Ես արդէն գործ չունիմ, իրենց չկարողացայ բան մը ըսել», իսկ շատ չանցած, կին մը տանս դիմաց զիս կանգնեցուց` հարցնելու. «Վարձու տուն գիտե՞ս»:

Հոս իրագործուած քաղաքականութիւնը բնաւ չի տարբերիր մեր կատարած ընթերցանութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու մէջ արտացոլացող քաղաքականութիւններէն: Գաղութատիրական եւ կայսերապաշտական ախորժակներ, պաշտպանուած` անպատժելութեամբ, կը շարունակեն աւերել ազգը իր հողին կապող ամէն հետք: Ոչ միայն աւելի քան մէկ միլիոն անհատներ իրենց հողէն ու տունէն արմատախիլ եղան այս պատերազմին, այլ նաեւ բաւականին դժուարացաւ անոնց տունդարձը` նկատի առնելով Իսրայէլի իրագործած հիմնայատակ աւերները: Աւելի՛ն. հարաւին մէջ արձանագրուած են Իսրայէլի կողմէ օգտագործուած սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող զինատեսակի առնուազն 17 դէպքեր. այս քիմիական նիւթը բոլորովին կը քանդէ, կ՛այրէ նաե՛ւ բնութիւնը: Եթէ ասիկա բնիկը, հողագործը իր հողէն օտարացում չէ, հապա ի՞նչ է:

Լիբանանի պատերազմական օրագիրս «Բարռեսիա քոլեքթիւ»-ի ընկերներուս հետ բաժնեկցելուս բերումով շատ մը հարցադրումներ յառաջացան մեր զրոյցներէն. անոնցմէ մէկը տեւաբար ընկճուածին կողմը բռնելուս իրողութիւնն էր: Թէ՛ որպէս հայ եւ թէ՛ որպէս լիբանանցի, թէ՛ հեռաւոր պատմութեանս մէջ եւ թէ՛ իմ կեանքիս ընթացքին երկու հայրենիքներս ալ միշտ ենթակայ եղած են գաղութատիրոջ քաղաքականութեան եւ ստիպուած եղած են իրենց կեանքը յատկացնել ողջ մնալու, քան թէ` իրենց հողին վրայ ապրելու ու ստեղծագործելու գործին: Որքա՜ն հեշտ է հեռաւոր ափերէն լսողաց ըլլալ ժողովուրդներու տագնապին ու կարեկցիլ անոնց, սակայն որքա՜ն զօրութիւն եւ մտային կարողութիւն կը պահանջէ տագնապներու մէջ շարունակել ոտքի մնալ ու գոյատեւել` որպէս ուժականութիւն ունեցող անհատ: Բնականաբար սիրտդ կը լեցուի տեսնելով նոյնինքն գաղութատէր պետութիւններու ժողովուրդներուն միասնութեան ալիքները` ի շահ ընկճուածին ու զոհին:

Անշուշտ տարբեր նիւթ է, երբ այլեւայլ պատճառներով այդ միասնութիւնը չի ցուցաբերուիր բոլոր ընկճուած ժողովուրդներուն ու զոհերուն հանդէպ: «Քոլեքթիւ»-ի ընկերներուս հետ խօսակցութեան ժամանակ արտայայտուեցայ, որ կը նախընտրեմ մնալ ճնշուածին կողմը, քան` ճնշողին. ընկերներս չկարողացան լուռ մնալ այս հաստատումիս դիմաց եւ առաջարկեցին երրորդ ճանապարհ մը` պայքարողի, որովհետեւ ճնշուածը յուսահատ չէ՛, ան կարողութիւնը ունի դիմադրելու. ու թէեւ մինչեւ վերջ պիտի կրենք պատերազմի այս պատմութիւնները, փորձութիւնները, սակայն պիտի ունենանք նաեւ դիմադրութեան մեր պատմութիւնները:

Բնականաբար դժուար է շարունակել կեանքը բնականոն կերպով: Բնականոն սահմանումը նոյնիսկ չունի հասարակ ըմբռնում` բոլոր վայրերու ու ժամանակներու մէջ: Մեր ներկայի բնականոնը «Իքս» հարթակին վրայ քմահաճ տեղահանման հրահանգներու հետեւիլն ու անոնց պատճառած աղէտէն ազատիլն է: Արդեօք որքա՞ն պիտի շարունակուի այս իրավիճակը: Եթէ ապրինք, կը տեսնենք:

«Ակօս»

Նախորդը

Ամէն Օր Ուրբաթ Է…

Յաջորդը

Սկիզբ Կ՛առնէ Ճինիշեան Հաստատութեան «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Ծրագիրը` Ի Խնդիր Քննական Մտքի Եւ Կառուցողական Բանավէճի Զարգացման

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.