Անդրադարձ

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Սեւրի Դաշնագիրի 104-Ամեակ, Կարեւոր Հաստատումներ – Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին առիթով ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած էի «Հայրենիք»-ին համար, տես` «Ամերիկացի ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտին մօտ արդէն զարգացած Էր ազատ, անկախ Հայաստանի գաղափարը համիտեան ջարդերուն ընթացքին` 1895-ին, Սեւրի դաշնագիրէն 25 տարի առաջ…» (1): 1. Նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն:  2. Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով Հայաստանի արեւմտեան եւ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը: Հակառակ անոր որ մեծ թիւով ուսումնասիրութիւններ եւ գիտական...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Հայաստանի Իշխանութիւններուն Լռութիւնը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ կատարուող ռմբակոծումներուն, ցամաքային ներխուժումին եւ ընդհանրապէս տարբեր շրջաններու մէջ ի գործ դրուող հրթիռարձակումներուն եւ իրականացուող անմարդկային արարքներուն նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւնները հակազդող-դատապարտող գէթ մէկ հաղորդագրութիւն իսկ չհրապարակեցին, ոչ մէկ կեցուածք որդեգրեցին: Լիբանանի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, անցնող տարիներուն Լիբանան միշտ ի նպաստ Հայաստանի դիրքորոշուած է արաբական եւ իսլամական...

Թրամփի Համար Ուքրանիոյ Եւ Լիբանանի Հարցերը Փոխկապակցուած Են

Թրամփի Համար Ուքրանիոյ Եւ Լիբանանի Հարցերը Փոխկապակցուած Են

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Վերջերս շատ կը խօսուի Լիբանան-Իսրայէլ կարգաւորման մը կարելիութեան մասին, կը հաղորդուի յառաջընթացի արձանագրութեան,  մինչեւ իսկ տակաւին վիճելի մնացող կէտերու մասին բացայայտումներ կը կատարուին, նաեւ կան լուրեր` ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան այցելութեան մասին: Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ վերջինս յայտնած է. «Մօտ օրէն Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու առիթ գոյութիւն ունի, եւ մենք յոյսով լեցուած ենք»: Կը խօսուի...

«Ազրպէյճանի Վարչակարգը Ցեղային Զտման Ենթարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութիւնը». «Ֆրիտըմ Հաուս»

«Ազրպէյճանի Վարչակարգը Ցեղային Զտման Ենթարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութիւնը». «Ֆրիտըմ Հաուս»

Ահաբեկում, մեկուսացում, բռնութիւն. այս երեք բառով կը բացատրուի, թէ այսօր ինչո՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան: «Ֆրիտըմ Հաուս»-ը եւ 6 այլ կազմակերպութիւններ յստակ օրինակներով ու մանրամասն վերլուծութեամբ պատրաստած են 130 էջնոց զեկոյց մը, որ 11 նոյեմբերին ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ` Պաքուի մէջ ընթացող ՔՈՓ-29-ին զուգահեռ: Միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մասնակցողները կ՛ընդգծեն, որ Ազրպէյճանի վարչակարգը ցեղային զտումի ենթարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հայ...

Սթափելու Ժամանակը

Ինչո՞ւ Կ՛ուշանայ Խաղաղութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 9-էն 10 նոյեմբեր լուսցող գիշերուան անձնատուական յայտարարութեան չորրորդ տարելիցը անցաւ գրեթէ աննկատ: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ անոր յիշեցումը պիտի հակասէր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» կառուցելու քաղաքականութեան: Ապազգային այդ քաղաքականութեան իրականացման սիրոյն պաշտօնական Հայաստանը պատրաստ է հրաժարելու այն բոլոր իրողութիւններէն, որոնք անցնող երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը դարձան ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը պայմանաւորեցին: Գաղթական դարձած արցախցիները եւ ընդդիմադիր...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (12). Լիբանանի Դրօշը Այրողները Հարազատ Պատկերի Արտացոլացումն Էին…

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Անցնող շաբաթավերջին ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուեցաւ իսրայէլացի երկու զինեալներու կողմէ Լիբանանի դրօշը այրելու լուսանկարը: Հետագային Իսրայէլ փորձեց դարձուածքներով դատապարտել իրողութիւնը եւ «հաստատել», որ Իսրայէլի խնդիրը Հըզպալլան է, եւ ոչ` Լիբանանը: Այնուամենայնիւ, խորքին մէջ դրօշ այրողներն են հարազատ  արտացոլացումը իրականութեան, քան` իսրայէլեան իշխանութեան բանբերները, որովհետեւ հասարակ ծառայողները արտայայտեցին իրենց միջավայրի պատկերը ամենայն թափանցիկութեամբ` հակալիբանանեան հակումներով, մինչ իշխանութիւնները կը փորձեն...

Որբացած Գիրքեր

Որբացած Գիրքեր

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ԻՍԿԻԿԵԱՆ «Ո՞վ կը փափաքի որդեգրել այս հարիւր ութսունութ  հայերէն գիրքերը»: Լիբանանահայերուն ուղղուած հարցում մը, որուն կ՛ընկերակցի մեծաթիւ գիրքերուն լուսանկարը: Գիրքերու որդեգրո՞ւմ: Այս  յայտարարութիւնը ինծի  զարմանք եւ ցաւ կը պատճառէ: Ես գիտեմ, որ որդեգրութեան կը դրուի այն մանուկը, որուն  ծնողները մահացած են, եւ ան չունի մօտիկ ազգական մը, որ ստանձնէ խնամակալի  դերը, հետեւաբար որբուկը կը յանձնուի օտարի մը հոգածութեան: Բայց...

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…

Հայակործան Եռեակի Խարդաւանքները` Երէկ Եւ Այսօր

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Իր հայանպաստ յօդուածներով յայտնի իրանցի փորձագէտ դոկտ. Էհսան Մովահետիանը ընկերային սեփական ցանցում գրառման մէջ փաստարկել է, որ` «1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան հրեաներն ու թուրքերն են եղել շուրջ 2 միլիոն հայերի ցեղասպանութեան իրականացնողները»: Պարոն Մովահետիանը իր փաստարկի հիմք է համարել հայերի ցեղասպանութեամբ յափշտակուած վիթխարի հարստութիւնների կողոպուտը, որով էլ  ապահովուել է ֆինանսաւորումը` կայսրութիւնից հազարաւոր հրեաների Պաղեստին տեղափոխման նախագիծը: Սիոնիստների ու երիտթուրքերի...

Հայկական Արեւելում

Հայկական Արեւելում

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Պատերազմներու եւ այլ քաղաքական ցնցումներու պատճառ-հետեւանքային գործօնները քննարկելու համար կարելի չէ առաջնորդուիլ հանրային կեանքի սպառողական, ապակողմնորոշող, շինծու, հատուածական ու մակերեսային տուեալները եւ լոզունգային յանկերգները ընկալելով: Աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ճշգրիտ գնահատումը, գերպետութիւններու ռազմաքաղաքական ուղղութիւնները, ծաւալապաշտական նկրտումները եւ միջպետական յարաբերութիւնները եւ անոնցմէ բխած հաւասարակշռութիւնները հարկ է դարձնել ուշադրութեան առանցք եւ` ըստ այնմ յանգիլ եզրակացութեանց ու յստակացնել եւ բիւրեղացնել մեր ազգային օրակարգը:...

Էրտողանի Անհանդուրժելի Թշնամին` Ֆեթհուլլա Կիւլենը Իր Շարժումը Կը Ձգէ Դժուարութեան Մէջ

Էրտողանի Անհանդուրժելի Թշնամին` Ֆեթհուլլա Կիւլենը Իր Շարժումը Կը Ձգէ Դժուարութեան Մէջ

«Լ՛Օրիան Լը Ժուր» - ՔԼԱՐԱ ՀԱԺ Թարգմանեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արժէքաւոր դաշնակիցէն` ան դարձած էր անոր երդուեալ թշնամին, վնասարար, որ կրնայ ցնցել թրքական վարչակարգը: Քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը` իր անունը կրող հզօր իսլամական եղբայրութեան ղեկավարը, մահացաւ երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերի 2024-ին, 83 տարեկանին, ամերիկեան Փենսիլվանիա նահանգին մէջ, ուր ան աքսորուած էր 1999 թուականին: Նկարագրուած իբրեւ քարոզիչ, նոյնիսկ` երբեմն իբրեւ կուրու,...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Անձնուէր Վեթերաններու Օրինակով («Զինադադարի Օր»-ուան Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ազգերու մեծ ընտանիքը ամէն տարի նոյեմբեր 11-ին կ՛ոգեկոչէ Զինադադարի օրը` ի յիշատակ այն բոլոր անձերուն, որոնք իրենց կեանքը զոհած են իրենց հայրենիքին համար. օր մը, որ յարգանքի տուրք կ՛ընծայէ ապրող այն բոլոր վեթերաններուն, որոնք վերապրողներ են պատերազմներու արհաւիրքէն: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները 1950-ական թուականներէն ի վեր այս տօնը կը կոչեն Վեթերաններու օր:  Եւրոպական երկիրներ, ինչպէս` Անգլիա,...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

«Բանբեր»-ը «Խօսնակ» Չէ, «Խօսնակ»-ն Ալ «Բանբեր» Չէ

Յ. Պ. Երբեմն մամուլի էջերուն` տպագիր, ձայնասփռուած կամ համացանցային, կը հանդիպիմ «խօսնակ» եւ «բանբեր» բառերուն, Հայաստան եւ սփիւռք: Երկու բառերը յաճախ կը գրուին եւ կը խօսուին այնպէս, որ անոնք հոմանիշ ըլլային: Եւ այս շփոթէն կարծէք ոչ ոք կ’անհանգստանայ: Ընթերցող եւ ունկնդիր, իրենց կարգին, սովորութեան կը վերածեն շփոթը, եւ բառերը կը կորսնցնեն իրենց իմաստը, անոնցմով յատկանշուող իմաստները, եւ պաշտօնները կը դադրին...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ու Համահայկական Գործակցութեան Առնչուող Հռչակագիր  Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպի 90-Ամեակին Նուիրուած Անկիւնադարձային Գիտաժողովը Մտաւոր Նոր Աւիշ Ներարկեց Հայոց Պահանջատիրութեան Երթին

Հայոց Ցեղասպանութեան Ու Համահայկական Գործակցութեան Առնչուող Հռչակագիրով. Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպի 90-Ամեակին Նուիրուած Անկիւնադարձային Գիտաժողովը Մտաւոր Նոր Աւիշ Ներարկեց Հայոց Պահանջատիրական Երթին

ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ 19-21 սեպտեմբեր 2024-ին Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ գումարուեցաւ աւստրիացի գրող Ֆրանց  Վերֆելի Մուսա Լերան հերոսամարտը յաւերժացուցած` «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպի 90-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը: Այս առթիւ ժամանակի կարելիութեան սահմաններուն մէջ «Ազդակ» կարճատեւ, մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ` մասնակիցներու կարծիքը շօշափելով գիտաժողովին արժեւորման եւ անոր գումարման կարեւորութեան վերաբերեալ: Հայերէն թէ անգլերէն լեզուով դրսեւորած իրենց տպաւորութեանց ընթացքին գրեթէ բոլորն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի  Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Օ՛ն Դէպի Հարիւրամեակ (Նուիրուած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին)

ԼԵՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Ամրոց դիւցազնական Դարբնուած հայկական ոգիով, Հաւատքի տուն, անսասա՛ն ու յաւե՛րժ, Փարոս յոյսի՛ եւ մարդակերտութեան: Սերունդներ կը յաջորդեն Այսօր ուժեղ իննսունչորս տարի, Սարկաւագներ, վարդապետներ, եպիսկոպոսներ, Սաները քու բարձրագոյն լսարանի, Լուռ դիտորդներ երկինքներէն ու երկրէն, Հայեացքով հայրական, աչքերով խոհուն, Աղօթքի եւ հայ գիրի պահապաններ: Հայ հպարտութեան խորհրդանիշ, Փրկութեան լաստ հաւատքի, Ճշմարիտ կրթութեան առաքելութիւն, Ջահակիրը մեր մշակոյթին: Եւ այսպէս է, դուն...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Նաֆթահորերու Շուքին` Ապականած Կենսոլորտ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Նաֆթահորերու Շուքին` Ապականած Կենսոլորտ

«Աքասիաներ, գինով լոյսէ ու տապէ, Օրօրուելով մաքուր շունչ մը կը հեւան. Մինչ կը ձիւնէ ծաղիկն իրենց հոտեւան` Զոր խօլաբար հովը գրկել կը շտապէ»: («Աքասիաներու շուքին տակ» բանաստեղծութենէն, ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ, 1886 -1908)   11 նոյեմբերին Պաքուի մէջ պիտի բացուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը, միջազգային բառարանին մէջ ծանօթ` ՔՈՓ 29-ը, որ պիտի տեւէ 10 օր: Այո՛, քաղաքակիրթ աշխարհի...

Ծննդավայրս` Պիքֆայա

Ծննդավայրս` Պիքֆայա

ԼԻՒՍԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ Ծննդավայրս է` Պիքֆայա, Լիբանանի գեղեցիկ գիւղերէն մէկը: Երբ գիւղը կը դիտես բարձունքէն, կը տեսնես աւանդական տուներու երդիքներ` ծածկուած կարմիր կղմինտրներով: Գիւղը կը գտնուի Լիբանանի լեռնային արեւմտեան շրջանին մէջ` շրջապատուած եղեւինի եւ կաղնիի ծառերով: Ան Լիբանանի ամառնային ամէնէն նշանաւոր հանգստավայրերէն մէկն է: Գիւղը ունի երկու նշանաւոր աղբիւրներ: Մէկը կը կոչուի Նաաս, որուն ջուրը հռչակաւոր է իր բուժիչ յատկութիւններով, եւ...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ու Համահայկական Գործակցութեան Առնչուող Հռչակագիր  Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպի 90-Ամեակին Նուիրուած Անկիւնադարձային Գիտաժողովը Մտաւոր Նոր Աւիշ Ներարկեց Հայոց Պահանջատիրութեան Երթին

Հայոց Ցեղասպանութեան Ու Համահայկական Գործակցութեան Առնչուող Հռչակագիր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպի 90-Ամեակին Նուիրուած Անկիւնադարձային Գիտաժողովը Մտաւոր Նոր Աւիշ Ներարկեց Հայոց Պահանջատիրութեան Երթին

ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Նախապատրաստական տքնաջան ճիգերէ ետք, 19-21 սեպտեմբեր 2024-ին Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ գումարուեցաւ աւստրիացի գրող Ֆրանց  Վերֆելի Մուսա Լերան հերոսամարտը յաւերժացուցած` «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպի 90-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը: «Հայերի ցեղասպանութիւնը. անցեալի եւ ներկայի ներհայեցումներ» ընդհանուր խորագիրով եռօրեայ գիտաժողովին հայերէն, անգլերէն ու երբեմն գերմաներէն լեզուներով  (ուղղակի թարգմանութեամբ) քննարկումներուն կը մասնակցէին Հայաստանի կողքին, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն,...

Նշմար.  Պատրանք, Իրականութիւն, Պահանջ

Նշմար. Պատրանք, Իրականութիւն, Պահանջ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում. ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան...» Յ. ՇԻՐԱԶ «Մէյ մը որ ընտրուիմ, բուսակեր պիտի դառնամ...» Այս սիւնակին ընկերակցող երգիծանկարը բարեկամէ մը ստացեր էի քանի մը ամիս առաջ (հաւանական է, որ շատեր տեսած են զայն): Զայն յիշելու բազում առիթներ կ՛ունենամ, երբ կը հետեւիմ այս կամ այն երկրին մէջ տեղի ունեցող ընտրութեան մը, ուր թեկնածուներ...

Էջերն Անմահութեան.   Արմէն Առուստամեան

Էջերն Անմահութեան. Արմէն Առուստամեան

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ «Էջերն անմահութեան» յօդուածներու շարք մըն է, որ կ՛անմահացնէ յանուն հայրենիքի գաղափարին իրենց կեանքը զոհած մեր նուիրեալները: Անոնք իւրաքանչիւրիս կը փոխանցեն առկախ կտակ մը եւ կը դառնան ներշնչարան` իւրաքանչիւր օր հայօրէն ապրելու ու պայքարելու յանուն այդ կտակի ամբողջացման: Արդարամիտ, ամէն իրավիճակի ելք գտնող, հաւատարիմ, համեստ, ինքնակամ, եղբայրասէր,  ճարտարապետ ու շինարար, ՀՅԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի անդամ, Արցախեան հերոս Արմէն Առուստամեան ծնած...

Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Խնդիրը ՀՀ Արտաքին Քաղաքականութեան Համապատկերում

Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Խնդիրը ՀՀ Արտաքին Քաղաքականութեան Համապատկերում

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քաղաքական գիտութիւնների թեկնածու, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերի պատասխանատու Նախորդ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովում 2025 թ. պետական պիւտճէի նախագծի քննարկումների ժամանակ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյեանը յայտարարել էր, որ` Հայաստանի արտաքին քաղաքական «... առաջնահերթութիւնները թուարկելիս ես դրան առանձին չանդրադարձայ, դա մեր թիւ 1 առաջնահերթութիւնը չէ: Պատմութեան ողբերգական անցքերը, Հայոց ցեղասպանութիւնն ուսումնասիրելը կամ դա թիւ մէկ...

Page 115 of 808 1 … 114 115 116 … 808

Արխիւներ