ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Երեւան, Սայաթ Նովա փող., 26 ապրիլ 2024

Առիթը Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեանի անհատական ցուցահանդէսի բացումն էր, «Երկու կամար» ցուցասրահին մէջ, որուն թէեւ արժէ անդրադառնալ առանձին` իբրեւ իւրայատուկ երեւոյթ, այնուամենայնիւ, կը յետաձգենք այլ առիթի:
Ներկաներու խուռներամ ըլլալուն պատճառով ներսի օդը սկսած էր հեղձուցիչ դառնալ: Բացման առիթով «երկու խօսք»-ս արտասանելէ ետք, խնդրեցի իմ լաւագոյն ընկերներէս Վահան Զանոյեանին` դուրս ելլել, ուր եւս բազմութիւն մը կը սպասէր հերթի` ներս մտնելու համար… Դուրսը` ոչ միայն իբրեւ Համաշխարհային ուժանիւթի եւ անվտանգութեան փորձագէտ-տնտեսագէտ, այլ նաեւ իբրեւ գրող, հրապարակախօս եւ քաղաքական վերլուծաբան կ՛ողջունէին Վահանին ներկաներէն շատեր, որոնցմէ ոմանք ծանօթներ էին, սակայն անոնց մէջ կար տարօրինակ անձ մը, որ բոլորովին անծանօթ էր ինծի համար: Ան իր փառահեղ պեխերով աւելի Ուիլիըմ Սարոյեանին կը նմանէր, քան` ինքնիրեն: Վահանը իրարու ներկայացուց մեզ, ու առաջին հայեացքէն իսկ ես հետաքրքրուեցայ իրմով` իբրեւ զարտուղի խառնուածքով արուեստագէտի մը, իսկ ինք ինձմով` իբրեւ արուեստաբանի: Հակիրճ զրոյցէ մը ետք, հրաւիրեց մեզ այցելելու իր արուեստանոցը:
Երեք օր ետք, «Վահագնի» թաղամաս:
Աթոռներով իրագործուած Զետեղումը
Գիւմրի, Լոռի, Աշտարակ կամ առհասարակ դէպի Արագածի լանջերը տանող խճուղիին ձախ կողմը գոյութիւն ունի տարօրինակ կերպով «ներկուած» կառոյց մը, որուն ի՛նչ ըլլալը դուրսէն այնքան ալ յայտնի չէ… Երբ Վահանին հետ գլխաւոր դարպասէն մտանք, տեսանք, որ մինչեւ շէնքը երկարող տարածքը «զարդարուած» է երփներանգ ժայռերով, որոնք իրենց ձեւոյթներով ու շարուածքի դրութեամբ Քարահունջի աստղադիտարանը կը յիշեցնէին: Հակառակ անոր որ Վահանին առաջին այցելութիւնը չէր այս մէկը, ան զիս չէր զգուշացուցած, որ արուեստագէտի նկարագիրին համապատասխան շարք մը անակնկալներ կը սպասէին ինծի: Գեղեցկօրէն նկարազարդուած ժայռերու մէջէն անցնելով` սկսանք մօտենալ վեց յարկանի շէնքին, որուն ճակատապատն ու յարակից պատերը լրիւ նկարազարդուած էին… մեծաւ մասամբ` վերացական եւ գերիրապաշտական արտայայտչաձեւերով: Մուտքին սարոյանական պեխերով օժտուած արուեստագէտը դիմաւորեց մեզ եւ ներկայացաւ իբրեւ «Պարոն Սքանչելի»… առանց իր իսկական անունը բացայայտելու: Նախ հրաւիրեց մեզ գետնայարկ, ուր կազմակերպուած էր հայրենի ժամանակակից երիտասարդ արուեստագէտներու խմբային ցուցահանդէս մը, որուն քանի մը նկարներով կը մասնակցէր նաեւ ինք: Կազմակերպիչը` Ֆապիօ Լենզի, իտալացի երիտասարդ մը, որ ցուցասրահի տնօրէնն էր միաժամանակ, հմուտ արուեստաբանի մը նման` մասնագիտական բացատրութիւններ տուաւ մեզի ժամանակակից հայ կերպարուեստագէտներու մասին եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ անոնք, գրեթէ բոլորն ալ` գերարդիական յղացքներու հետամուտ, տարբեր տեսակի վերացապաշտ կամ գերիրապաշտ դպրոցներու հետեւորդներ են: Այս մասին եւս արժէ անդրադառնալ առանձին, որովհետեւ խմբային այս ցուցահանդէսը ցոյց կու տայ, թէ հայրենի կերպարուեստը ո՛ւր հասած է եւ դէպի ո՛ւր կ՛ընթանայ:
Քարահունչի աստղադիրանի նմանակը իրագործուած Պարոն Զքանչելիին կողմէ եւ իբրեւ installation զետեղուած է իր նկարազարդած շէնքին դիմաց
Իսկ այժմ Պարոն Սքանչելիին առաջնորդութեամբ այցելենք այս «սքանչելի» արուեստի կեդրոնին տարբեր բաժինները, որոնց վերապահուած է ոչ միայն սկսնակները քաջալերելու, այլ նաեւ առհասարակ հայրենի ժամանակակից կերպարուեստը զարգացնելու եւ տարածելու… մշակութային առաքելութիւնը: Նախ մտանք յաջորդ երկյարկանի շէնքին նախասրահը, ուր անսպասելիօրէն դէմ յանդիման եկանք իր հեղինակութեամբ աթոռներով իրագործուած զետեղումի (installation) մը, որուն դիմաց կախուած է իր «ինքնադիմանկարը», որ մէկ կողմէ հիացած ու զարմացած կը նայի «Աթոռներուն», եւ միւս կողմէ` քիչ մըն ալ զայրացած կը թուի ըլլալ: Միջազգային արուեստի կեդրոններու եւ ցուցահանդէսներու ընթացքին տարբեր դասաւորումներով եւ կամ տարբեր տեսակի ու մեծութեանբ աթոռներով իրագործուած բազմաթիւ զետեղումներու հանդիպած ենք աշխարհի չորս կողմերուն, սակայն այս մէկը ուշագրաւ է իր պարզութեամբ, բայց` ուրոյն յղացքով, ուր աթոռներու հասարակ թուացող դասաւորութիւնն ու անոնց վերացական նկարազարդումը ժամանակակից կեանքի տագնապներն ու ապագայի անորոշութեան առնչուած մտահոգութիւնները կը յուշեն մեզի:
Ապա երկաթէ լարերով առկախ աստիճաններէն զգուշութեամբ սկսանք բարձրանալ երկրորդ յարկ, ուր արուեստանոցը խառնափնթոր ու արտառոց վիճակի մէջ էր: Ան նկատելով զարմանքս` անմիջապես ըսաւ.
– Ասիկա իմ կացարանս ու արուեստանոցս է միաժամանակ, հոս կ՛ապրիմ, հոս կ՛ուտեմ կը խմեմ, հոս կը քնանամ, հոս կը ստեղծագործեմ եւ հոս ալ կ՛ընդունիմ հիւրերս…
– Սակայն, Պարոն Սքանչելի, այս խառնիճաղանճին մէջ յայտնի չէ, թէ ո՛ւր կը սկսի հիւրասրահը, եւ կամ ո՛ւր կը վերջանայ խոհանոցը: Նոյնիսկ քնանալու յարմարանք չկայ հոս…
Ան Վահանն ու զիս առաջնորդեց հանդիպակաց անկիւնը, ուր պարզուեցաւ, թէ պատէն կախուած վերացական ստեղծագործութիւնը իբրեւ ննջարանի դուռ կը ծառայէր: Մէկ կողմ քաշելէ ետք զայն, ներս մտանք ու ի՜նչ տեսնենք: Երկաթէ լարերով ու շղթաներով առաստաղէն կախուած էր ճօճուող «King size» մահճակալ մը, որուն վրայ լպրծուն անկողինի մը վրայ երկու ճմռթկուած բարձեր նետուած էին… առանց վերմակի: Վահանը, որ լուռ էր մինչ այդ, ըսաւ.
– Մովսէ՛ս, պատկերացուր, որ այս մարդը, որ ծնած ու մեծցած է Միացեալ Նահանգներ եւ ոչ միայն Ամերիկայի բոլոր հանգստաւէտութեան պայմաններուն ծանօթ է, այլեւ նիւթաբարոյական բոլոր հնարաւորութիւնները ունի հանգստաւէտ ու բարօր կեանք մը վայելելու, բայց եկած է հոս պարզապէս հայրենիքի մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու համար… եւ աչքովդ կը տեսնես, թէ ի՛նչ տեսակ պայմաններու տակ… կ՛ապրի: Բնական մարդ մը ասիկա պիտի ընէ՞ր:
Արուեստանոցէն անկիւն մը-
Վահա՛ն ջան, իսկական արուեստը բնական, ըսել կ՛ուզեմ, հասարակ մարդոց գործը չէ, այլ` յատուկ ընտրեալներու, որոնց զարտուղի դրսեւորումները իրենց համար աւելի բնական են, քան` բնական թուացող մեր առօրեայ կեանքը… Ան ստեղծած է իր խառնուածքին համապատասխան միջավայր, ուր ինքզինք հարազատ կը զգայ ու… երջանիկ: Յամենայն դէպս դուն զինք աւելի լաւ կը հասկնաս, որովհետեւ դուն ալ իրմէ պակասը չես… Դուն ալ գացիր ու փառահեղ առանձնատուն մը կառուցեցիր հեռաւոր Վարդահովիտի սահմանակից սարերուն վրայ` պարզապէս հայրենիքի մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու համար: Դուն ալ քու գրադարանովդ ու զինադարանովդ հանդերձ, ստեղծեցիր քու խառնուածքիդ համապատասխան միջավայր, Քելբաջարի ճիշդ դիմացը… «Բնական մարդ մը ասիկա պիտի ընէ՞ր», թէ՞ Երեւանի մօտիկ տեղ մը պիտի կառուցէր իր հանգստատունը: Իսկ այս մէկը տարօրինակ ըլլալէ աւելի` ցոյց կու տայ իր արտակեդրոն արուեստագէտի ստեղծագործութիւններու բնոյթն ու իր ապրած կեանքի նոյնութիւնը… ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սալվատոր Տալիի կամ Էկոն Շիլի նմանները պիտի ընէին:
Մինչ այդ ես արդէն խիստ քրտնած էի, ու պէտք էր» որ ներքնաշապիկս փոխէի: Մտայ բաղնիք: Օ՜, հոս եւս անակնկալը շշմեցուցիչ էր… Նոյնիսկ բաղնիքի աթոռն ու լուացարանը առաստաղէն առկախ էին: Երբ դուրս ելայ, արդէն չէի կրնար հարց չտալ.
Պարոն զքանչելին լուսանկարուած՝իր մէկ ստեղծագործութեան եւ չես գիտեր իր աշխատասեղանին թէ՞ ճաշասեղանին դիմաց.
– Պարո՛ն Սքանչելի, այդ ինչո՞ւ ամէն ինչ կախած էք, դժուար եւ մանաւա՛նդ վտանգաւոր չէ՞ ձեզի համար…
– Մովսէս ջա՛ն, մերօրեայ կեանքը այսպէս է` ըլլայ Ամերիկայի մէջ, հո՛ս, թէ այլուր… մենք բոլորս կախեալ ենք ուրիշներէ… Մենք «կը ճօճուինք» կեանքին մէջ, առանց իմանալու, թէ վաղուան օրը ի՛նչ նախատեսած է մեզի համար…
– Բայց քու ապրած կեա՞նքդ…
– Ես կ՛ապրիմ այնպէս, ինչպէս իմ ներքին ձայնս կը թելադրէ ինծի… Ես կ՛ապրիմ արուեստով, արուեստի մէջ, որովհետեւ արուեստն է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւն: Արուեստը կեանքի գերագոյն վայելքն է ինծի համար: Ինչ որ կ՛ընեմ, հաճոյքով կ՛ընեմ…
– Խօսքը կերպարուեստի՞ մասին է, թէ՞…
– Խօսքը առհասարակ արուեստին կը վերաբերի: Բոլոր արուեստները կը սիրեմ, մանաւա՛նդ երաժշտութիւնը, տե՛ս, նոյնիսկ «ճազ միւզիք» (խժանուագ) ալ ունիմ…
– Կը նուագէ՞ք նաեւ…
– Այո՛, նոյնի՛սկ երբեմն միայն ես ինծի համար կ՛ընեմ improvisation-ներ (յանպատրաստից յօրինումներ), որոնց ընթացքին կը վերանամ առօրեայէն ու կը մտնեմ վերացական տարբեր dimension-ներու մէջ, ուր ինքզինքս կը փնտռեմ… աւելի ճիշդը` կատարելութեան կը ձգտիմ… որովհետեւ «Արուեստը անկատարութեան կատարելութիւնն է, իսկ սէրը` կատարելութեան ձգտումը»:
– Ու կը հասնի՞ս…
– Ո՛չ, մենք անկատար էակներ ենք ու կախեալ` ուրիշներէ, սակայն կարեւորը որոնումն է, ձգտումը կատարեալին, որոնման ընթացքին տեղի ունեցած «նուաճումները», կեանքի վայելքին մաս կը կազմեն ու նոր ճանապարհներ կը բանան մեր դիմաց:
– Կ՛ըսես, որ «մենք կախեալ ենք ուրիշներէ», կրնա՞ք մասնաւորել, այսինքն այդ ուրիշները որո՞նք են:
– Առաջին հերթին կինրը…
– Կի՞նը:
Մովսէսը Նինան եւ Վահանը Առաստաղէն առկախ Պարոն Սքանչելիի Ստեղծագործութիւններուն միջեւ
– Այո՛, կինը ինծի համար ամէն ինչ է… Գեղեցիկ է կինը, գրաւիչ են անոր ամենափոքր շարժումներն իսկ: Կը սիրեմ անոր մտածելակերպը, իգական հմայքն ու անոր կանացի ուժը: Ի վերջոյ, կինը ներշնչման աղբիւրն է, կը ներշնչուիմ իրմէ եւ… իրեն համար… Անոր ներկայութեան ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ, ու երջանիկ կը զգամ ինքզինքս:
– Կինը այսքան մեծ ու կենսական տե՞ղ ունի քու ստեղծագործական կեանքին մէջ:
– Ինչո՞ւ միայն իմ… Այո՛, կինը իմ հոգին է, կրնաս ըսել` նեցուկ, հովանաւոր, խորհրդատու, ամէն ինչ: Դուն կրնաս հետը «յարաբերիլ» համեստաբար, անկեղծօրէն… վստահիլ իրեն… ը՜ը՜ը… թէեւ… ո՛չ միշտ:
– Ստեղծագործութիւններդ թէեւ վերացական են ու անհեթեթ (abstract and absurd), բայց անոնց մէջ կինը յաճախ կը յայտնուի իրապաշտական մօտեցումով, իր ողջ մերկութեամբ եւ մասամբ նորին… Ասոնք նկարուած չեն թուիր ըլլալ, այլ անոնց տպուած մեծադիր նկարները փակցուած են կտաւներու վրայ, collage-ներու պէս, սակայն անոնց մարմինները ծածկուած են երփներանգ ու ազատ վրձնահարուածներով… Ուիլիըմ տը Քունինկի նման… երբեմն ալ Ճաքսըն Փոլաքի նման` հեղուկ ներկը կը հոսի անոնց վրայ կշռութաւոր գունաբծերով…
– Այո՛, իմ գործերս թէեւ collage-ներ կը յիշեցնեն, սակայն փակցուած նկարները, որոնք ստեղծագործութեան մէկ մասն են, նոյնութեամբ չեմ ձգեր, այլ կը շարունակեմ ու կ՛ամբողջացնեմ զանոնք գուներանգներով եւ զանազան կերպերով: Հոս արդէն կտաւը դուրս կու գայ դասական collage-ի սահմաններէն ու ի յայտ կու գայ իբրեւ ստեղծագործական տարբեր միջոց (decoupage): Իսկ Ուիլիըմ տը Քունինկն ու մանաւանդ Ճեքսըն Փոլաքը իմ «բարեկամներս» կը համարեմ…
– Բայց չե՞ս կարծեր, թէ Ճեքսըն Փոլաքը ներկը հոսեցնելը ներշնչուեցաւ Արշիլ Կորքիէն: Ան օր մը, երբ կը նշմարէ, որ պաստառի վրայ հոսած հեղուկ իւղաներկը արտայայտչական յատուկ «գեղեցկութիւն» մը կու տայ կտաւին, ոչ միայն չի սրբեր զայն, այլ ուրիշ տեղեր եւս թոյլ կու տայ, որ ներկը հոսի…
– Հնարաւոր է, սակայն ան կատարելագործեց այդ միջոցը եւ գլուխ-գործոցներ իրագործեց:
– Իսկ decoupage-ներու եւ զետեղումներու (installation) պարագայի՞ն:
– Կ՛օգտագործեմ այն ամէն ինչը, զորս ուրիշները իբրեւ աղբ կը թափեն: Ես կը հաւաքեմ, կ՛իմաստաւորեմ ու կեանքի կը կոչեմ զանոնք իբրեւ Արուեստ…
Այնուհետեւ ան ծանօթացուց մեզ այս արուեստի կեդրոնի տարբեր բաժիններուն: Պարզուեցաւ, որ խորհրդային ժամանակներէն ժառանգուած այս կառոյցի առաջին երեք յարկերը տրամադրուած են ժամանակակից հայրենի կերպարուեստագէտներուն` իբրեւ արուեստի ստեղծագործարան (Art Factory), որուն հիմնադիր-տնօրէնը Ֆապիօ Լենզին էր: Իսկ վեցերորդ` վերջին յարկը իր ամբողջութեան մէջ կարելի է հսկայ զետեղում մը (installation) համարել: Այս «արուեստի գործը» թէեւ իր բնոյթով սրճարան-ճաշարան կը համարուի եւ կը կոչուի «Երեւանի ծովափը» (The Beach Yerevan), սակայն իրականութեան մէջ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու յատուկ ակումբի մը հանգամանքն ու դերը ունի: Յատակը ամբողջութեամբ աւազով ծածկուած է, կահոյքի տարբեր տեսակները ծովափնեայ ոճով են, իսկ առկախ հնատիպ պատուհաններն ու դուռերը նկարազարդուած են Պարոն Սքանչելիին կողմէ… չափազանց ազատ ու համարձակ արտայայտչաձեւերով: Կարգ մը տեղեր կախուած են նաեւ վերացական նկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին ստեղծագործութիւն ըլլալով հանդերձ, կ՛ամբողջացնէ ու կը մերուի ընդհանուր միջավայրին հետ:
Եւ այսպէս, Պարոն Սքանչելին իր արուեստի ուղղութիւնն ու արտայայտչաձեւերը իր համոզումներով ու ապրելակերպով վաւերացնող այն ստեղծագործողն է, որուն արուեստը, ինքնատպութեան զուգահեռ, ունի յանձնառու ձգտումներ, որոնք խարսխուած կը թուին ըլլալ խիստ մարդկային ու համարդկային սկզբունքներու վրայ: Անոնք պատգամներ կը պարունակեն իրենց մէջ:
Այո՛, հակառակ անոր որ Պարոն Սքանչելին աւարտած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը (BA in Economics), սակայն ան խառնուածքով ծնած է արուեստագէտ, որուն ստեղծագործական արմատները կը սկսին հազարաւոր դարերու պատմական յորձանքներուն դիմացող Քարահունջի աստղադիտարանէն ու կը բացուին արհեստական բանականութեամբ յագեցած մերօրեայ եռեւեփող կեանքին վրայ…
Պարոն Սքանչելիին հետ մեր հանդիպումը այսքանով չ՛աւարտիր, ոչ ալ սպառած կ՛ըլլանք մեր կարծիքը իր արուեստի բնոյթին ու բովանդակութեան մասին: Հարկաւոր է հանգամանօրէն ու ամենայն լրջութեամբ սերտել եւ մեկնաբանել արտաքնապէս անլուրջ թուացող իր ստեղծագործական կեանքը եւ ապա միայն իր դերն ու պատուանդանը ճշդել… ըլլայ ազգային թէ միջազգային հարթակներու վրայ:
Երեւան, սեպտեմբեր 2024