ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Վաճառատուն մը կարիքն ունի
Գործաւորի մը` ստախօս, լկտի,
Կազմով շատ նիհար, հասակով գաճաճ,
Ամէն պաշտօնի` պատրաստ ու պատշաճ:
Այս օրերուն մեր սուղ կը վճարուի
Նման պաշտօնեայ, եթէ գտնուի:
Սորվեցէք ստել, անփո՛րձ աղքատներ:
Ճշմարտախօսին այսօր չեն յարգեր:
Նիհարցէք, խնդրեմ, պզտիկցէք մարմնով,
Սորվեցէք փախչիլ արագ քայլերով`
Պարտքը խնդրողէն, կոշտ ոստիկանէն,
Ձեզ երազի մէջ հալածող խիղճէն:
Ահա գաղտնիքներ` շուտ գործ գտնելու,
Գործատէրերուն գործը հարթելու:
Ինծի ներեցէք, շո՛ւտ հարստացողներ,
Եթէ պարզեցի գաղտնիքները ձեր:
Դուք ալ, աղքատներ, երբեք մի՛ նեղուիք
Ձեր այս վիճակէն` յոյժ սրտաճմլիկ,
Խաբեբայութիւն, շուտ հարստութիւն`
Երբեք մի՛ սեպէք մարդուս մեծութիւն:
Լիբանան