Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառչած Պիտի Մնանք Մեր Ազգային Արմատներուն*

Նոյեմբեր 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Հաւաքուած ենք տօնակատարելու ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-ամեակը:

Հաւաքուած ենք Հալէպ. 20-րդ դարու առաջին եւ աննախադէպ Ցեղասպանութեան վայրերու ամենամօտակայ քաղաքը: Վայրը եւ մեր այս հաւաքը կը պարտաւորեցնեն, որ ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային բազմահազարանոց  կառոյցի իւրաքանչիւր անդամի անունով, արտայայտուած` իր գերագոյն մարմինի ճամբով, երախտագիտութեան ամենաազնիւ մեր գնահատանքը արձանագրել Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, որուն նախնիները եւ անոնց զաւակները գրկաբաց, սիրով եւ գորովագին ընդունեցին եւ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերեցին անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդակորոյս, որբ, սովէ ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկ ու տատիկներուն, հայրերուն ու մայրերուն, որոնք այս երկրին մէջ ու մասնաւորաբար այս քաղաքին մէջ, գտան ապաստան, պատսպարան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, դիտեցին հորիզոններ, վերակազմեցին իրենց տաք բոյները եւ ընտանիքները, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի` հաւաքավայր պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած Հայոց պատմութիւնը:

Բիւր շնորհակալութիւն եւ յարգանք` Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան:

Վեց դար ստրուկ ապրած տարաբախտ հայ ազգի զարթօնքի բարեբախտ օրերուն հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած սկաուտական-մարզական միութիւնը` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, այսօր 106 տարեկան է:

106 տարեկան, բայց` միշտ երիտասարդ, եռանդ ու ոգեւորութիւն վարակող,
106 տարի անաղմուկ եւ կարգապահ շարքերով տողանցող, բայց` հոգիներ թնդացնող,
106 տարի Արարատ ու եռագոյն կրող նոյն, բնաւ չմաշող, բայց` յարգանք պարտադրող տարազով,
106 տարի շարունակ ու աննահանջ, հակառակ հալածանքներու, արգելքներու եւ խոչընդոտներու` յամառեցաւ բոլոր գլուխներէ վեր բարձրացնել ու ծածանել Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը եւ շեփորահարել ազգային օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը,
106 տարի, ընտանիքի եւ դպրոցի կողքին, եղած է դաստիարակող հայ պատանին եւ երիտասարդը` ըլլալու բարի, ազնիւ, աշխատասէր, ազգասէր ու հայրենասէր հայորդի,
106 տարի եղած է «ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»-ը եւ «ԼԱՒԱԳՈ՛ՅՆ»-ը:
106 տարի եւ տակաւին նահատակ ցեղի անմահները, վրէժի զրահները, հսկայ նուիրման հրաթեւ տորմիղը, կամաւոր բանակը կը շարժի յառաջ, դրօշ եռագոյնը կոթողելու կատարն հայրենի լեռանց հեռագոյն:

Փառահեղ երթ:

Այս երթի իրագործման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն վերցուցած ՀՄԸՄ-ի շրջաններէն մէկը եղած է Սուրիոյ կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կազմակերպական բծախնդրութեամբ, անսակարկ ծառայութեամբ, անշեղ սկզբունքայնութեամբ, գիտակից իր շարքերով մղիչ ուժը հանդիսացած է միութեան երթի յաջող ընթացքին:

Փաստ` ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու կամ տարբեր գաղութներու մէջ հաստատուած կազմակերպութիւններու գործունեայ տարրերու յարգելի տոկոսը կը կազմեն Սուրիոյ մեր մասնաճիւղերուն մէջ հասակ նետած տարազաւորները:

Եւ վստա՛հ այլ որակի վերաբերում, պակասաւոր նուիրում կամ անբաւարար կազմակերպուածութիւն կարելի չէր սպասել զարեհաշնորհ հովանաւորութեան տակ գործող մեր Սուրիոյ կառոյցէն:

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-ամեակի տօնակատարութեան այս ձեռնարկին անգամ մը եւս լսենք մեր միութեան յղուած սրբազան ուղերձ մը.

«Հայ ազգի կեանքին մէջ պատահած հրաշքներէն մէկն է, անտարակոյս, կազմութիւնն ու զարգացումը ՀՄԸՄ-ին` որպէս կոթող անցեալի փառքին ու գրգիռ` ապագայի առաւել փառաւոր գործունէութեան:

«Ըստ Մեզի, որ այս հրաշալի կազմակերպութեան մեղուաջան աշխատանքին ու յարաճուն վերելքին ականատես վկան ենք մօտ քսան տարիներէ ի վեր, ՀՄԸՄ-ը չէր եւ հետագային երբեք պէտք չէ ըլլայ հայ պատանիին միայն ֆիզիքական ուժին զարգացումին ազդակը, այլ առողջ մարմնին մէջ, առողջ հոգիին հետ պէտք է կերտէ անոր նկարագիրը, որուն դրոշմէ նաեւ բիւրեղանման եւ անվիճելի հայկականութեան ազգային կնիքը:

«Քսաներորդ դարու աշխարհացունց գիւտերու եւ աննախատեսելի վերիվայրումներու շրջանին ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր եւ նախախնամական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ կերտումը այդ նկարագրին, որպէսզի հայ ազգի կանչին, տագնապի մէջ կամ ուրախութեան առիթով, իր ամբողջ կարելիութեամբ կարենայ պատասխանել` «ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»: Ու յարատեւ բարձրանայ` իրեն հետ բարձրացնելով անոնք, որոնք նիւթեղէն եւ հոգեկան իրենց աչքերը սեւեռած կը մնան ՀՄԸՄ-ին ու այս` իրաւամբ»:

Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Վեհափառ տէ՛ր, ՀՄԸՄ-ը հաւատարիմ է ձեր պատգամին, մասնաւորապէ՛ս` Սուրիոյ ձեր սրտի մօտիկ շրջանը:

Վա՛րձքը կատար` ՀՄԸՄ-ի այս միջնաբերդը հիմնողներուն, քար առ քար անոր պարիսպները բարձրացնողներուն եւ մինչեւ օրս զայն անառիկ պահողներուն:

Կրկնակի՛ վարձքը կատար` բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք պատնէշի վրայ մնացին ու ղեկավարեցին Սուրիոյ գաղութի գոյութիւնը, ու այդ կարգին` մեր կառոյցը, ըլլայ այդ 1960-ական թուականներու հալածանքներու ժամանակաշրջանին, կամ 2011-էն սկսեալ եւ շուրջ 12 տարիներու վրայ երկարած Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած միջազգային պատերազմի օրերուն:

Յիշատակը անթառամ մնայ այս երկու ժամանակաշրջաններու բոլոր նահատակներուն` Սահակ Նալպանտեանէն մինչեւ Րաֆֆի Պչաքճեան:

Այսօր մենք բացակայ չենք դներ եղբ. Յարութ Բանոյեանը, եղբ. Յակոբ Աստարճեանը եւ եղբ. Մոսիկ Սէքլէմեանը, որոնք 4 տարի առաջ, այս պահուն իրենց զինակիցներուն հետ Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերը կը մղէին ազերի-թուրք բանակներուն դէմ, եւ 5 նոյեմբերին, հաւատարիմ` իրենց երդումին, վասն հայրենեաց կը նահատակուէին ու կը մտնէին հայ քաջարիներու պանթէոն:

Նրանք ընկան կռիւներում

Բայց ապրում է հոգին նրանց

Ապրողների հոգիներում.

Պատիւը ձե՛րն է:

106 տարիներու յաջողութիւններու եւ իրագործումներու նշումը չի հանգստացներ մեր ներաշխարհը,

– Որովհետեւ մեր բազկերակը կը բաբախէ հայու ազգային զգայարանքներու կշռոյթով, բայց 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք այդ կշռոյթը մեզի հարազատ չէ:

– Որովհետեւ 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք ազատագրելի Արարատի լանջերուն բանակելու մեր սկաուտ տարազաւորներուն երազն իսկ ապօրինի կը նկատուի:

– Որովհետեւ 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք ազատագրելի Տարօնի Բագրեւանդ գաւառի մէջ մեր Նաւասարդեան խաղերը վերականգնելու կամքը թշնամական գաղափար կը սեպուի:

– Որովհետեւ «Քանի Արցախը կայ, լաւ չենք ապրելու» թեզը քարոզողները ու Արցախը բեռ նկատող անոնց հետեւորդները կը շարունակեն իրենց դաւադիր ծրագիրները:

Վաղո՜ւց տաճարը ներսէն քանդողները ու իրենց ձեռքով թշնամիին սուրը սրողները` այսօրուան խունթան կրկնօրինակն է Վասակ Սիւնիի, Մելիք Ֆրանկիւլի:

Սակայն մենք` ՀՄԸՄ-ականներս, Վարդան Մամիկոնեանի, Դաւիթ Բէկի ծոռները, ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական միութեան անդամներ, ազգն ու հայրենիքը գերադաս արժէքներ դաւանող միութենականներ`

– Պիտի չհաշտուինք դաւաճանական պարտութեան հետ:

– Կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն:

– Պատուով պիտի շարունակենք մեր ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը:

– Անհպելի պիտի պահենք մեր ազգային արժեհամակարգը` լեզու, կրօն, մշակոյթ, ընտանիք, պատմութիւն, բարքեր:

– Բուռն պիտի պայքարինք կառոյցներ կազմաքանդող համաշխարհայնացման ալիքներուն ու աղանդաւորական հոսանքներուն դէմ:

Ու պատրաստ ըլլանք ուր երբ տայ զանգը, ահազանգը, ու գահին նստած հայ իշխանը հայ տառերով գրէ հայոց հրաման` շարժիլ յառաջ դէպի Արցախ, Տիգրանակերտ, Մուշ, Պայազիտ ու Վան, «որ մեր հոգու պարտքը տանք»:

———-

* ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին խօսքը` արտասանուած ՀՄԸՄ-ի 106-ամեակի Հալէպի հանդիսութեան, 3 նոյեմբեր 2024-ին:

 

Նախորդը

Հայերը Հիմա Նոր Թիրախ Ունին` Յորդանանը, Որ Ազրպէյճանի Ճնշումներուն Ենթակայ Է

Յաջորդը

Ժամանակակից Հեքիաթ. Ռազմավարական Գործակցութիւն` Մուկի Ու Կատուի Միջեւ…

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?