Կորած Աշխարհ
ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Անհատականութեան ու յարգանքի չէզոքացում, բաղդատութիւն, ատելութիւն, անինքնավստահութիւն, մերժուելու վախ, հոգեկան ու մտային հարցեր ու հիւանդութիւններ... շարքը կը շարունակուի: Երկա՜ր ժամանակէ ի վեր մանուկներուն ու պատանիներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը դարձած է ընկերային ցանցերուն զոհը: «Հետեւորդներս շատցան», «Քանի՞ հատ լայք ստացար», «Անցեալ ամիս իր նկարին լայք ըրի, հիմա ալ ինչո՞ւ ինքը իմ նկարիս չըրաւ», «Այս...
















