ԼԷՈՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ
Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտը անկիւնադարձային պահ եղաւ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ, մասնաւորապէս` Օսմանեան կայսրութեան համար, որ դաշնակից էր Առանցքի ուժերուն, որոնք պարտութեամբ դուրս եկան պատերազմէն:
Յաղթական դաշնակից երկիրները կ՛ուզէին քանդել Օսմանեան կայսրութիւնը եւ վերաբաժնել տարածքները: Նաեւ նպատակ ունէին պատժելու կայսրութիւնը` Գերմանիոյ կողքին ըլլալուն համար, եւ իրականացնելու տնտեսական շահեր: Այս նպատակը իր գագաթնակէտին հասաւ 10 օգոստոս 1920-ին` Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեամբ:
Համաձայնագիրը ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, որ նշանակալի քայլ էր Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ մեծապէս տուժած հայ ժողովուրդին համար: Ըստ Սեւրի դաշնագիրին, Թուրքիա պաշտօնապէս պիտի ճանչնար Հայաստանը` իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն: Այս պետութեան մաս պիտի կազմէին Վանը, Պիթլիսը, Էրզրումը եւ Տրապիզոնը` հասնելով Սեւ ծովու ափերը: Հողային իրաւունքներու շարքին, դաշնագիրը նաեւ կը դատապարտէր Օսմանեան կայսրութիւնը եւ կը ստիպէր Թուրքիոյ` յանձնելու Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչ յանցագործները:
Այս դաշնագիրին իբրեւ հակազդեցութիւն` թուրք ազգայնականներ, ղեկավարութեամբ Մուսթաֆա Քեմալի (Աթաթուրք), իրենց մերժումը յայտարարեցին այս դաշնագիրի խիստ պայմաններուն, ստեղծեցին ժամանակաւոր կառավարութիւն Անգարայի մէջ եւ թափ տուին Թուրքիոյ անկախութեան արիւնալի պատերազմին: Ռազմական յաղթանակներու եւ քաղաքական ջանքերու շնորհիւ` Աթաթուրքը կարողացաւ Սեւրը անվաւեր կերպով փոխարինել Լոզանի դաշնագիրով: Լոզանի դաշնագիրը ճանչցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, ներառեալ` Անատոլիայի տարածքը:
Սակայն Լոզանը չի կրնար փոխարինել Սեւրը, Լոզանը ստորագրուեցաւ 24 յուլիս 1923-ին, այդ ժամանակ Հայաստան մաս կը կազմեր Խորհրդային Միութեան: Հայաստանը եւ հինգ ուրիշ երկիրներ, որոնք մաս կը կազմէին Սեւրին, չէին ներկայացուած Լոզանի դաշնագիրին քննարկման: Հետեւաբար այս պետութիւնները պարտաւոր չեն ճանչնալու Լոզանի դաշնագիրը` իբրեւ վաւերական ու անոր պայմանները` օրինական:
Սեւրը Հայաստանի եւ հայութեան ազգային ու հողային տենչերը սահմանող այն միջազգային պարտամուրհակն է, որմէ զրկուած էինք աւելի քան եօթը դար: Ան կը մնայ հայ ժողովուրդի յոյսը, ազատ, անկախ Հայաստանի յոյսը, որ դարեր շարունակ երազած ենք: Մեր պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ Հայ դատի նպատակներուն, պահպանել Սեւրի դաշնագիրը եւ շարունակել մեր պահանջը` մինչեւ հասնինք մեր նպատակին:


