Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագիրը Ու Հայաստանը Վտանգի Տակ

August 23, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ

10 օգոստոս 1920 թուականը կը նկատուի արդի Հայոց պատմութեան ամէնէն յիշարժան թուականներէն մէկը: Այդ պատմական օրը, Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեամբ, Ա. Համաշխարհային պատերազմին յաղթական պետութիւնները մահկանացուն կը կնքեն Օսմանեան կայսրութեան, որուն ստուերը աւելի քան վեց դար ծածկած էր ամբողջ Միջին Արեւելքը, Փոքր Ասիան եւ Հիւսիսային Ափրիկէն:

Սեւրի դաշնագիրի 88-րդ յօդուածին համաձայն, Թուրքիա պաշտօնապէս կը հաստատէր 1918 թուականին վերականգնուած Հայաստանի պետականութիւնն ու անկախութիւնը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջարկով եւ այլ մեծ պետութիւններու վաւերացումով ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի սահմանները կը դառնան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ: Դժբախտաբար այս համաձայնագիրը չի գործադրուիր: Կարմիր բանակը մէկ կողմէ եւ Քեմալ Աթաթուրքի արիւնախում բանակը` միւս կողմէ, վերջ կը դնեն Հայաստանի կարճատեւ անկախութեան: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Ստալինի նախաձեռնութեամբ, Նախիջեւանը եւ Արցախը կը կցուի Խորհրդային Ազրպէյճանի:

1991 թուականին, երբ կը փլուզուի Խորհրդային

Միութիւնը, ներկայ Հայաստանի սահմանները կը դառնան Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները: Հայ ժողովուրդը անցեալի իր փորձառութենէն մեկնած` կը մերժէ արցախահայութիւնը ձգել թշնամիի լուծին տակ, եւ ձեռք-ձեռքի տալով` կը մղուի Արցախի ազատագրական պայքարը:

Ներկայիս, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը իր շահերը համադրելով մեծ պետութիւններու շահերուն հետ, բարելաւած է ռազմական եւ աշխարհաքաղաքական իր դիրքը եւ մինչեւ օրս ան իր նաւթով կը շարունակէ գնել արցախեան հարցի շուրջ մեծ պետութիւններու լռութիւնը: Օգտուելով այս իրավիճակէն` Ազրպէյճան կը համարձակի անցնիլ բոլոր կարմիր գիծերը եւ միջամտել անկախ Հայաստանի պետականութեան` պահանջ ներկայացնելով, որ պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի Հայաստանի սահմանադրութիւնը:

Իսկ Հայաստանի թոյլ եւ ստրկամէտ իշխանութիւնները կը փորձեն ուղղուիլ դէպի Արեւմուտք եւ ամէն գնով սիրաշահիլ զանոնք` չանդրադառնալով, որ Ազրպէյճանի նաւթահորերը աւելի արժէքաւոր են, քան` հայ ժողովուրդին արիւնը: Այս ընթացքով իշխանութիւնները կը հեռանան Ռուսիոյ գօտիէն եւ կը դառնան անհաճոյ տարրեր Մոսկուայի իշխանութիւններուն համար:

Այսպէս, Հայաստանի իշխանութիւնը կը շարունակէ վարել իր ձախող քաղաքականութիւնը` «խաղաղութեան օրակարգ» խորագիրին տակ, Հայաստանը տանելով յարակից պետութիւններու կրունկին տակ: Հայաստանի պետականութիւնը եւ անկախութիւնը փրկելու միակ միջոցը իշխանափոխութիւնն է:

 

 

Նախորդը

Սեւրի Նշանակութիւնը Եւ Լոզանի Անվաւերականութիւնը

Յաջորդը

Հայկական Դիւանագիտութիւնը Եւ Սեւրի Պատմական Նշանակութիւնը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.