Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքը Տուն Պէտք Է Բերել (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

Նոյեմբեր 22, 2018
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Անկախութիւն. անկախ պետութիւն: Զոյգ եզրեր, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն, քաղաքացիին ճակատը կը բարձրացնեն անզգալաբար, աչքերուն յաւելեալ փայլք կը բերեն եւ ուրախութեան զգացումներով կը համակեն անոր էութիւնը:

Հաւանաբար, սակայն, այս բոլորը կը վերաբերին բնականոն պայմաններու մէջ ապրող երկիրներու, ուր եթէ ամէն ինչ կատարեալ ալ չէ, նուազագոյնը քաղաքացիին տարրական իրաւունքները յարգուած են:

Նիւթին շուրջ դառնալու պէտք չկայ. ընթերցողը վերոնշեալ երկու տողերէն արդէն իսկ կը հասկնայ, որ նիւթը կը վերաբերի Լիբանանին, ուր բնականոն պայմաններ չեն տիրեր, քաղաքացիներուն նուազագոյն իրաւունքները չեն յարգուիր, ինչպէս նաեւ կը վերաբերի Լիբանանի անկախութեան, որուն թուականը կը զուգադիպի այսօրուան:

Ամէնէն ցաւալին այն է սակայն, որ եօթուկէս տասնամեակը այս երկրին համար բաւարար չէ եղած սորվելու քանի մը յստակ իրականութիւն, որոնցմէ են` ազգային համերաշխութիւնը, քաղաքական համախոհութիւնն ու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազգային ինքնորոշման տէր ըլլալու կարեւորութիւնը:

Այս բոլորը բանալիներն են Լիբանանի իսկական անկախութեան, ինչպէս նաեւ չափանիշները` պետութիւն դառնալու եւ ոչ թէ մնալու պետութեան նման կառոյց մը, որ ո՛չ ինքզինք կը յարգէ, ո՛չ ալ իր քաղաքացիները:

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով նման ժխտական մտորումներ ոչ ոք կը փափաքի կատարել, բայց եւ այնպէս իրապաշտութիւնը իր հակակշիռին տակ կ՛առնէ մտքիդ թելերը եւ չ՛արտօներ, որ դրական մտածումներ ունենաս, բացի եթէ յամառօրէն կառչած մնաս լաւատեսութեան գաղափարին եւ փորձես անպայման գտնել յոյսի նշոյլ մը եւ անոր վրայ կերտես ապագայի տեսլական մը:

Այդ յոյսը գտնելու փորձին մէջ անկարելի է դէպի պատմութիւն չվերադառնալ:

75 տարիներ առաջ այսօր յայտարարուեցաւ Լիբանանի անկախութիւնը, հակառակ անոր որ անկախութիւնը ամբողջացաւ 31 դեկտեմբեր 1946-ին, երբ ֆրանսական ուժերը ամբողջովին հեռացան Լիբանանէն:

22 նոյեմբեր 1943-ը կը խորհրդանշէ նաեւ Լիբանանի ազգային անկախութեան կառավարութեան յիշատակը: Կառավարութիւն մը, որ պայքարեցաւ, մինչեւ որ հանրապետութեան նախագահ Պշարա Խուրի եւ վարչապետ Ռիատ Սոլհ ազատ արձակուեցան 22 նոյեմբեր 1943-ի առաւօտեան, եւ Ֆրանսա ստիպուեցաւ Լիբանանին շնորհել իր անկախութիւնը:

Ինչպէ՞ս ընթացաւ անկախութեան տիրանալու պայքարը: Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք Հիւսէյն պըն Ալի յայտարարեց արաբական պետութեան ստեղծումը, որ կ՛ընդգրկէր արաբական բոլոր երկիրները: Այսինքն` օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն փրկուած արաբական բոլոր երկիրները, ինչպէս նաեւ` Հիւսէյն Մաքմահոնի համաձայնագիրի արաբական այն շրջանը, որ կ՛ընդգրկէր ներկայ Լիբանանի տարածքը: Այս բոլորը կ՛իյնային արաբական նոր պետութեան սահմաններուն մէջ:

Միւս կողմէ, սակայն, Լիբանան ենթակայ էր նաեւ ֆրանսական հոգատարութեան` ըստ Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրին:

Երբ շրջանի ժողովուրդներէն պահանջուեցաւ իրենց ճակատագիրը ճշդել, Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքը պահանջեց անկախ պետութիւն մը հիմնել` ֆրանսական պաշտպանութեան ներքեւ:

Այս պահանջին ընդդիմացան Լիբանանի իսլամները, որոնք մերժեցին նաեւ անկախ Լիբանանի գոյութիւնը, որովհետեւ անոնց փափաքն էր, օսմանեան կայսրութեան լուծէն դուրս գալէ ետք, մաս կազմել արաբական նոր պետութեան եւ Ֆայսալ իշխանին գլխաւորած Մեծն Սուրիոյ, որուն մէջ ներառուած էին ներկայ Սուրիան, Լիբանանը, Պաղեստինը, Յորդանանը եւ Իրաքը:

Կար նաեւ այլ պատճառ մը. իսլամները կը մերժէին օտար երկրի մը իշխանութեան կամ հոգատարութեան տակ ըլլալ:

Երեսունական թուականներուն Սուրիական ազգային շարժումը եւ Լիբանանի մէջ անոր իսլամ քաղաքական անձնաւորութիւնները Լիբանանի գոյացութիւնը չճանչցան: Իսկ Ֆրանսայի կառավարութեան եւ Սուրիական ազգային շարժումին միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին Ֆրանսա նախապայման դրաւ Սուրիական ազգային շարժումին` ճանչնալ լիբանանեան գոյացութիւնը, որուն փոխարէն` ինք եւս համաձայնագիրով մը պիտի ճանչնար Սուրիոյ եւ Լիբանանի անկախութիւնը: Ֆրանսական այս նախապայմանը ընդունուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ կարգ մը իսլամ քաղաքական անձնաւորութիւններու լիբանանականացումին: Անոնցմէ էր, օրինակ, Խէյրէտտին Ահտապը, իսկ ուրիշներ, ինչպէս` Ռիատ Սոլհ եւ Պշարա Խուրի ուղղուեցան համախոհութիւն գոյացնելու իրենց արաբական ինքնութեան պատկանելիութեան եւ լիբանանեան գոյացութիւնը ճանչնալուն միջեւ

Ռիատ Սոլհ կ՛ողջունէ ժողովուրդը

1930-1943 Ռիատ Սոլհի եւ Պշարա Խուրիի, ինչպէս նաեւ անկախութեան կերտման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած քաղաքական անձնաւորութիւններ վերոնշեալ թեզը պաշտպանեցին, մինչեւ որ այդ թեզը կոչուեցաւ Լիբանանեան ազգային ուխտ:

Ազգային ուխտին պարտադրած հիմնական տարազը եղաւ այն, որ քրիստոնեաները պէտք էր հրաժարէին Ֆրանսայի պաշտպանութիւնը խնդրելէ, իսկ իսլամները պիտի զիջէին սուրիական – արաբական երկիրներուն մաս կազմելու իրենց փափաքէն:

Այս բոլորը, սակայն, անբաւարար էին Լիբանանի անկախութիւնը իսկապէս յայտարարելու:

Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը, Ֆրանսայի կողմէ զգայուն դիրքերու վրայ հակակշիռ պարտադրուելէ ետք, Լիբանանի կառավարութիւնը 1943-ին ֆրանսական հոգատարութեան ներկայացուցչութենէն պահանջեց սահմանադրութիւնը փոխել եւ զայն պատշաճեցնել օրուան տիրող պայմաններուն:

Պշարա Խուրի

Նոյն տարուան 21 սեպտեմբերին Պշարա Խուրի ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գալով` դարձաւ հանրապետութեան նախագահ եւ երկրին կառավարութիւնը կազմեց` ընկերակցութեամբ վարչապետ Ռիատ Սոլհի: Զոյգ անձնաւորութիւնները ամբողջական անկախութիւն յայտարարեցին եւ սահմանադրութեան բարեփոխման առաջարկը յղեցին խորհրդարան: Այս որոշումը խստիւ քննադատուեցաւ Ֆրանսական հոգատարութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչին կողմէ եւ նկատուեցաւ Ֆրանսան ծաղրելու մարտահրաւէր մը: ֆրանսական հոգատարութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչը հրահանգեց սառեցնել երկրին սահմանադրութեան բարեփոխումը եւ ձերբակալեց նախագահն ու վարչապետը, ինչպէս նաեւ` շարք մը նախարարներ ու ազգային ղեկավարներ, որոնց շարքին՝ Ատել Օսէյրան, Քամիլ Շամուն, Ապտել Համիտ Քարամէ եւ Սելիմ Թաքլա, ու զանոնք բանտարկեց Ռաշայայի բերդին մէջ:

Օրին իշխան Մաժիտ Արսլան եւ խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ, ինչպէս նաեւ նախարար Հապիպ Ապի Շահլա Լեռնալիբանանի Պշամուն գիւղաքաղաքին մէջ գումարեցին ժողով մը եւ կազմեցին ժամանակաւոր կառավարութիւն, որ կոչուեցաւ Պշամունի կառավարութիւն:

Բնակարանը, ուր յայտարարուեցաւ անկախութիւնը, եւ ուրկէ առաջին անգամ բարձրացաւ Լիբանանի դրօշը, Պշամուն

Պշամունի կառավարութիւնը հաստատեց Լիբանանի անկախութիւնը եւ բարձրացուց Լիբանանի դրօշը` երեք հորիզոնական երիզներով` երկու կարմիր, իսկ մէջտեղը սպիտակ, որուն վրայ պատկերուեցաւ լիբանանեան մայրին:

Այսպիսով, 22 նոյեմբեր 1943-ին յայտարարուեցաւ Լիբանանի անկախութիւնը:

Վերադառնալով Ազգային ուխտին` անիկա անգիր համաձայնութիւն մըն էր, որ 1943-ին կազմակերպեց երկրին իշխանութիւնը: Այդ ուխտը եղած է երկրին շիի, սիւննի եւ մարոնի հեղինակութիւններուն միջեւ: Ազգային ուխտին հիման վրայ է, որ Լիբանան կրցաւ անկախանալ ֆրանսական հոգատարութենէն:

Ազգային ուխտին հիման վրայ ճշդուեցաւ, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը մարոնի պէտք է ըլլայ, վարչապետը` սիւննի, խորհրդարանի նախագահը` շիի, խորհրդարանի փոխնախագահը` յոյն ուղղափառ, խորհրդարանին մէջ  քրիստոնեայ ներկայացուցչութեան համեմատութիւնը պիտի ըլլայ 6 առ հարիւր, իսկ իսլամական ներկայացուցչութիւնը` 5 առ հարիւր: Մարոնիները պիտի ընդունին արաբական ազգային ինքնութիւնը` հրաժարելով արեւմտեան ինքնութենէն, իսկ իսլամները պիտի հրաժարին Սուրիոյ միանալու իրենց նպատակէն:

Ազգային ուխտին հիման վրայ մարոնի համայնքը Լիբանանի մէջ մեծ իրաւասութիւններ կը վայելէր, սակայն ժողովրդագրական քարտէսին փոփոխութեան բերումով եւ իբրեւ հետեւանք Լիբանանի մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմին` մարոնիները կորսնցուցին իրենց իրաւասութիւնները, երբ պատերազմը աւարտեցաւ 1989-ին` Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութեամբ: Թաէֆի համաձայնագիրն էր, որ ճշդեց, թէ խորհրդարանին մէջ իսլամ եւ քրիստոնեայ երեսփոխաններուն թիւը հաւասար պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ կրճատեց հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները:

Պատմական փաստերու այս մէջբերումին հիման վրայ եթէ փորձենք այսօրուան հետ զուգահեռներ գծել, պիտի տեսնենք, որ 75 տարուան մէջ շատ բան չէ փոխուած երկրին իրականութենէն: Սակայն նուազագոյնը պիտի մաղթենք, որ ազգային միասնականութեան ոգին դարձեալ յաղթէ եւ ինչպէս Ռաշիտ Սոլհի Անկախութեան ազգային կառավարութեան յայտարարութիւնը` յայտարարուի նաեւ Սաատ Հարիրիի Ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը, անկախ մէկ կողմէ Սէուտական Արաբիոյ, իսկ միւս կողմէ` Իրանի պարտադրած պայմաններէն:

Օրին քրիստոնեայ եւ իսլամ ընդդիմութիւնը այսօր կը խորհրդանշուի միջսիւննիական հանգոյցով մը, որուն լուծումը երկվայրկեանի հարց է, եթէ կանաչ լոյսերը տրուին:

Իմաստութիւնը, սակայն, կը կայանայ այդ լոյսին կոճակը տուն բերելուն մէջ:

Լիբանանի անկախութեան տօնը միշտ ալ կախարդութեամբ օժտուած է: Անցեալ տարուան կախարդութիւնը այն էր, որ Ռիատի մէջ արգելափակուած վարչապետը հանրապետութեան նախագահին ջանքերով ազատ արձակուի եւ վերադառնայ Պէյրութ ու անկախութեան շքերթի ընթացքին, հայր ու որդիի նման ողջագուրուի նախագահ Աունի հետ:

Սաատ Հարիրի կ՛ողջունէ ժողովուրդը

Կը մնայ սպասել այս տարուան կախարդութեան, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ հանգուցալուծել սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկը եւ ապահովելէ ետք քանի մը նախարարի անունները` կ՛ամբողջանայ կառավարութեան կազմը յայտարարելու գաղտնաբառը:

Կ՛արժէ նաեւ մաղթել, որ հակառակ շրջանային ապակայունութեան եւ երկիրը շրջապատող հրդեհներուն, իր ապահովական կայունութիւնը հաստատած ու անխախտ պահած եւ թշնամի Իսրայէլը իր սատիք ախորժակներուն մէջ խեղդող Լիբանանը ամրապնդէ նաեւ իր տնտեսութիւնը:

Ահաբեկչութեան դէմ մղած թէժ պայքարին համազօր պայքար մը մղէ նաեւ փտածութեան դէմ` ամրագրելով իր ելեւմտական համակարգը, որուն իբրեւ արդիւնք` տարրական կարիքներու լիակատար ծառայութիւն մատուցուի քաղաքացիներուն:

Լիբանանի անկախութեան ադամանդեայ տարեդարձին առիթով` ահա յոյսի նշոյլ մը, որուն հիման վրայ կարելի է բարձրացնել տրամադրութիւնը եւ քաղաքացիին վերադարձնել իր երկրին անկախութեամբ հպարտանալու զգացումը, որովհետեւ անկախութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն տօնն է` ի՛նչ համայնքի, քաղաքական կուսակցութեան կամ խմբաւորումի ալ պատկանին անոնք:

Անկախութեան տօնը իր հայրենիքին հաւատացող իւրաքանչիւր լիբանանցիին տօնն է, որ իրաւունք ունի տարին գէթ մէկ անգամ իբրեւ գոհ քաղաքացի ապրելու ազատ ու անկախ ըլլալու հրճուանքը եւ վերանորոգէ իր հողին կառչած մնալու խոստումը` առանց մտածելու արտագաղթի մասին:

 

 

Նախորդը

Ներլիբանանեան Մարտահրաւէրները Շրջանցելու Միակ Միջոցը (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին. Միջդպրոցական Զարգացման Մրցում

RelatedPosts

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ . Մեր Խօսքը

Ապրիլ 24, 2025
ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
Անդրադարձ

Անմոռանալի Սարսափներ, Անկոտրում Ոգի. Հայոց Ցեղասպանութեան Վկայութիւնը

Ապրիլ 24, 2025
Երազ Մնացիր Իմ Երկիր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Երազ Մնացիր Իմ Երկիր

Ապրիլ 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?