Պատրաստեց ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լիբանանի մարոնի եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը անցուց 50 տարուան եպիսկոպոսական շրջան մը, որուն կէսը` 25 տարին, ան իր կեանքը ապրեցաւ իբրեւ մարոնի համայնքի պատրիարք:
25 տարի ետք ան ներկայացուց իր հրաժարականը Վատիկանին, որ ընդունեց այդ հրաժարականը:
Նասրալլա Սֆէյր ծնած է 25 մայիս 1920-ին, Ռէյֆունի մէջ:
Քեսրուանի շրջանի այս գիւղաքաղաքին մէջ անոր ընտանիքը ծանօթ եղած է իբրեւ աստուածավախ ընտանիք: Ան եղած է միակ տղայ զաւակը եւ ունեցած` հինգ քոյրեր:
Փոքր հասակէն եղած է փայլուն եւ ուշիմ աշակերտ:
Ան փոքր հասակէն նուիրուած է եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ ապա յաճախած` Արամունի Մար Ապտա-Հարհարայա նախակրթարանը, 1933-ին: Ապա յաճախած է Ղազիրի Մարոնի պատրիարքութեան երկրորդական վարժարանը եւ փայլուն արդիւնքներով աւարտած` 1938-ին:
Երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ խորացած է իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան ճիւղերուն մէջ:
Այս տարիներուն ընթացքին է, որ ի յայտ եկած են արաբերէն լեզուի անոր բարձր կարողութիւնները եւ դարձած է ուսուցիչ` դասաւանդելով արաբերէն լեզու, թարգմանութիւն եւ իմաստասիրութիւն:
7 մայիս 1950-ին օծուած է քահանայ եւ ստանձնած` Ռէյֆունի հոգեւոր հովիւի պարտականութիւնը, միաժամանակ դառնալով մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր քարտուղարը` 1956-1961:
16 յուլիս 1961-ին, Նասրալլա Սֆէյր, 41 տարեկան հասակին, դարձաւ առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ:
Ան տարիքով բաւական փոքր կը նկատուէր նման պաշտօն մը ստանձնելու համար: Բայց եւ այնպէս ան լաւ գիտէր մարոնի պատրիարքութեան ծալքերը եւ ապրած ու գործակցած էր Մաուշի եւ Խրէյշ պատրիարքներուն հետ:
19 ապրիլ 1986-ին, Մար Անթոնիոս Պութրոս Խրէյշ պատրիարքին հրաժարականէն ետք, Նասրալլա Սֆէյր ընտրուեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի մարոնի համայնքի պատրիարք:
Ան իր առաջին քարոզին մէջ հաստատեց, որ ինք մեծ պատասխանատուութեամբ պիտի կրէ խաչը` հաւատքի խաչը, Արեւելքի քրիստոնեաներուն խաչը, մարոնի համայնքին խաչը:
«Այդ խաչը կրելուն մէջ մեզի պիտի օգնեն մեր հայրերն ու մեծ հայրերը, մարոնի ժողովուրդը, սուրբերը եւ նահատակները, որոնք խաչի փրկութեան համար իրենց կեանքը զոհեցին», ըսաւ ան:
Նասրալլա Սֆէյր դարձաւ 67-րդ պատրիարքը:
Անոր օրերուն Լիբանան վկայեց շարք մը դէպքեր եւ իրադարձութիւններ` ե՛ւ վատ ե՛ւ լաւ:
Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ մարոնի համայնքին դերակատարութիւնը երկրին քաղաքական կեանքին մէջ` Սֆէյր պատրիարքին դերակատարութիւնը մեծ եղաւ:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի նահատակութենէն ետք, երբ մարոնի համայնքի զաւակները տարակարծութիւններ ունեցաւն անոր յաջորդին շուրջ, Սֆէյր պատրիարքը օրուան ղեկավարութիւններն ու երեսփոխանները բազմաթիւ հանդիպումներու հրաւիրեց` համոզելու զանոնք, որ համախոհական թեկնածուի մը շուրջ համաձայնին, սակայն անոր փորձերը ձախողութեան մատնուեցան, եւ ան յուսախաբ դուրս եկաւ:
Սֆէյր պատրիարք իր առաքելութեան շրջանին բազմիցս վկայեց նման տարակարծութիւններ եւ ապրեցաւ նման յուսախաբութիւններ:
1989-ի Լիբանանի Ազատագրումի պատերազմին ընթացքին Սֆէյր պատրիարքը բարձրաձայն պայքարեցաւ` պատերազմը վերջ տալու եւ քաղաքացիները խնայելու նպատակով:
Իսկ այդ պատերազմին վերջ դնող Թաէֆի համաձայնագիրին մասին Սֆէյր պատրիարքի բնորոշումը եղաւ հետեւեալը. «Չարեաց փոքրագոյնը»:
Թաէֆի համաձայնագիրին նկատմամբ Սֆէյր պատրիարքին ցուցաբերած իրապաշտ մօտեցումը խոտոր համեմատեցաւ կարգ մը մարոնիներու տեսակէտին, եւ այդ պատճառով ալ օրին ան բարոյական սուղ գին մը վճարեց:
1990-ի Լիբանան եղբայրասպան կռիւները ծանր ազդեցութիւն ձգեցին Սֆէյր պատրիարքին հոգեկանին վրայ: Ան ամէն ջանք ի գործ դրաւ դարմանելու այդ վէրքը, եւ այդ պատճառով ալ սպառնաց հակառակորդ երկու բեւեռներուն` փոխանցման շրջանի վարչապետ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:
«Վե՛րջ տուէք պատերազմին եւ արիւնահեղութեան: Մեր խղճին պարտականութիւնն է երկրորդ անգամ ըլլալով զգուշացնել ձեզ, այլապէս ստիպուած պիտի ըլլանք մարոնի եկեղեցիէն վտարել ձեզ: Այն եկեղեցիէն, որուն զաւակներուն իբր թէ պաշտպանութիւնը կ՛ապահովէք», շեշտեց Սֆէյր պատրիարք:
Սֆէյր պատրիարք հզօր եւ հեզասահ կապեր ունէր Վատիկանի հետ եւ յաճախ կ՛այցելէր Հռոմ:
Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ Սֆէյր պատրիարք դարձաւ կարտինալ, իսկ 1997-ին Սֆէյր պատրիարքին հրաւէրով պապը այցելեց Լիբանան:
1997-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին Լիբանան այցելութիւնը եղաւ պատմական իրադարձութիւն, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ Առաքելական յորդորակը:
Լիբանանի փառքը ստացած Սֆէյր պատրիարքին հիմնական մտահոգութիւնը կազմեց Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան վերահաստատումը` իննսունականներէն սկսեալ:
Իր այցելած իւրաքանչիւր երկրին մէջ եւ ամէն առիթով կրկնեց հետեւեալը. «Լիբանանը կ՛ուզենք ազատ, անկախ եւ գերիշխան տեսնել»:
2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումը Սֆէյր պատրիարքը մղեց յաւելեալ վճռակամութեամբ պայքարելու` Լիբանանի մէջ սուրիական հոգատարութեան վերջ տալու:
Այս առումով, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը սեպտեմբեր 2000-ի իր յայտարարութեամբ յստակ կերպով կոչ ուղղեց սուրիական հոգատարութեան աւարտը ճշդելու: «Իսրայէլեան բանակին հեռանալէն ետք արդեօք ժամանակը չէ՞, որ սուրիական ուժերը իրենց կարգին վերադասաւորեն Լիբանանի մէջ իրենց շարքերը` աւելի ուշ երկրէն վերջնականապէս հեռանալու նպատակով, ինչպէս նշուած է Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ: Արդեօք բնական երեւո՞յթ պէտք է նկատել, որ սուրիական ուժերը երկրին ազգային արժանապատուութիւնը խորհրդանշող նախագահական պալատին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան կից գտնուին: Այս բոլորը կը նուաստացնեն լիբանանցիները եւ անոր կու տան ամբողջական գերիշխանութիւն չունենալու եւ ազգային վիրաւորուած արժանապատուութեամբ ապրելու զգացումը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
Այս յայտարարութեան արդիւնքը կարելի եղաւ վկայել հինգ տարի ետք, 2005-ին:
Նշենք, որ 2001-ին Միացեալ Նահանգներ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին Սֆէյր պատրիարք ամերիկացի պատասխանատուներուն յստակօրէն յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան խոցելի ըլլալուն մասին: Ուաշինկթընի մէջ իր արտասանած խօսքերէն մէկուն մէջ Սֆէյր պատրիարք հաստատեց. «Իսրայէլեան ուժերուն հարաւային Լիբանանէն հեռացումէն ետք մեր պարտականութիւնը կը նկատենք պահանջել, որ սուրիական ուժերը հեռանան Լիբանանէն, անշուշտ` պահպանելով Սուրիոյ հետ լաւ յարաբերութիւնները: Մեր այս պահանջը Սուրիոյ դէմ ատելութեան զգացումի դրսեւորում չէ, այլ եղբայրական յարաբերութիւնները պահպանելու դիտանկիւնէն կարելի է մեկնել: Երբ Լիբանան անկախ է, եւ Սուրիան անկախ է, եւ երկու երկիրները ազատ, անկախ եւ գերիշխան են, միայն այն ժամանակ է, որ երկու երկիրներուն շահերը կարելի կ՛ըլլայ պէտք եղած կերպով ապահովել»:
Մ. Նահանգներու մէջ կատարած իր յայտարարութիւնները մղեցին, որ տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ ուղղուին Պէյրութ եւ մայրաքաղաքէն մինչեւ Պքերքէ, զայն դիմաւորեն հերոս պատրիարքի կոչումով:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն տասնմէկ տարի ետք, զգալով, որ Լեռնալիբանան տակաւին կը կոտտայ այդ պատերազմի ցաւէն, Սֆէյր պատրիարքը ուղղուեցաւ Շուֆ, Ալէյ եւ Պաապտա, ուր ան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ կնքեց Լեռնալիբանանի պատմական հաշտութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք` Լեռնալիբանանի զաւակները վերադարձան իրենց շրջանները:
Զայն կոչեցին անկախութեան եւ գերիշխանութեան պատրիարքը, ազգային համերաշխութեան, միասնականութեան եւ հաշտութեան պատրիարքը, առաւել եւս` Մայրիներու յեղափոխութեան պատրիարքը, որ հոգեւորականի իր առաքելութեան կողքին, դարձաւ նաեւ Լիբանանի ազգային գործիչ:
Սֆէյր պատրիարքի վախճանումէն ետք հրապարակուեցաւ անոր հետ կատարուած անտիպ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան կը հաստատէր, որ Լիբանանի ազգային հարցերը իր խղճին ու էութեան մաս կը կազմեն:
Ամիսներ առաջ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին Սֆէյր պատրիարքը նշած էր, որ ինք Պքերքէի մէջ ժողովուրդին զաւակներուն հետ հանդիպումներ կ՛ունենայ, օրաթերթ կը կարդայ եւ երկրին ազգային հարցերուն կը հետեւի:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ օրին ան դէմ կ՛արտայայտուէր Լիբանանի մէջ սուրիական հոգատարութեան, եւ այսօր ի՞նչ ունի ըսելիք այդ մասին, Սֆէյր պատրիարք ըսաւ. «Նոյն խօսքը` Լիբանան պէտք է անկախ ըլլայ եւ պաշտպանէ իր անկախութիւնը»:
Սֆէյր պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը այդքան ալ վատ չէ, աւելցնելով, որ արդէն իսկ առիթ կայ, որ Լիբանան վերադառնայ իր անկախութեան:
Սուրիա չայցելելու պատճառներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սֆէյր պատրիարք ըսաւ. «Մենք վկայեցինք, որ Սուրիա այցելողները ի՛նչ եղան»:
Այս շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին փոխանցած իր մերժումը, երբ վերջինս անոր առաջարկած էր Սֆէյր պատրիարքին, Դամասկոս կատարելիք այցելութեան մը իրեն ընկերակցելու առումով:
Այլ հարցազրոյցի մը մէջ Սֆէյր պատրիարք մտահոգութիւն յայտնեց մարոնի ղեկավարներուն միջեւ տիրող հարցերուն եւ բաժանումներուն մասին` աւելցնելով, որ լիբանանցիները միշտ ալ մտածած են, որ ես կողմնակալ եմ, իսկ ոմանք փափաքած են, որ իրենց զօրակցիմ: «Ես կը հաստատեմ, որ ո՛չ ոքի զօրակցած եմ, այլ` համայնքին շահերուն: Հետեւաբար այս տեսակէտները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն», յայտնեց ան:
Լիբանանի անկախութեան մասին իր կեցուածքը մնայուն կերպով եղած է այն, որ անկախութիւնը մնայուն կերպով պէտք է պաշտպանել եւ աշխատիլ անոր ամրապնդումին համար:
Իր դէմ ամբաստանութիւններ արձակած եւ պատասխանատուներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սֆէյր պատրիարք ըսաւ. «Թող Աստուած ներէ անոնց»:
Իսկ իր հրաժարականին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սֆէյր պատրիարքը յայտնեց, որ այդ հրաժարականը յստակ է, եւ ոչ ոք միջամտած է կամ ճնշում բանեցուցած իր վրայ` այդ որոշումը տալու առումով:
Սֆէյր պատրիարք այցելեց աւելի քան 35 երկիր` արաբական, ամերիկեան, եւրոպական, ափրիկեան` հասնելով մինչեւ Աւստրալիա: Ան հանդիպումներ ունեցաւ այդ երկիրներուն ղեկավարներուն հետ եւ հոն ապրող արտերկրի լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Միակ երկիրը` Սուրիան, ուր կան մարոնի համայնքի երեք առաջնորդարաններ, Սֆէյր պատրիարք ոչ մէկ այցելութիւն տուած է: Սուրիա կատարած անոր վերջին այցելութիւնը եղած է վաթսունական թուականներուն, երբ ան տակաւին առաջնորդ էր:
Սուրիա այցելութեան թուականին մասին իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն Սֆէյր պատրիարք պատասխանած է` ըսելով, որ տակաւին ժամանակը չէ հասած այդ այցելութիւնը կատարելու:
Սֆէյր պատրիարքին օրով Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ մարոնի համայնքի նոր թեմեր ստեղծուեցան, իսկ Լիբանանի մարոնի համայնքը իր լաւ օրերը ապրեցաւ: Այս մասին անդրադառնալով` Սֆէյր պատրիարք մնայուն կերպով շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Լիբանանի տրամադրութեան տակ կը գտնուի եւ Լիբանանի ծառայելու պատրաստ է, եւ ոչ թէ` հակառակը:
Անոր պատրիարքութեան օրով էր, որ Մար Մարունի արձանը զետեղուեցաւ Վատիկանի մէջ:
Իր կեանքին ընթացքին ան վկայեց մարոնի համայնքի զաւակներէն Մար Շարպելի, Ռաֆքայի, Հարտինիի, Եաագուպ Քապուշիի եւ հայր Ըսթֆեն Նաամէի սրբադասումին:
Սֆէյր պատրիարք նիւթական իր եկամուտը ամբողջութեամբ նուիրեց Քարիթաս բարեսիրական հաստատութեան, որ իր կարգին Ռէյֆունի մէջ Սֆէյր պատրիարքին պապենական բնակարանը վերածեց դարմանատան եւ գրադարանի:
Սֆէյր պատրիարք իր վերջին շունչը փչեց` հաւատալով, որ մարոնի համայնքին արմատները ամուր կերպով խրած են Լիբանանի եւ Արեւելքի մէջ, նոյնիսկ եթէ անոնց յաւերժութեան մայրին հասնի աշխարհի չորս ծագերը:




