Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Լիբանանը (Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 16-Ամեակին Առիթով)
Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 18 տարուան զինուորական եւ քաղաքական դիմադրութիւնը, որուն կողքին նաեւ ժողովրդային եւ ազգային գոյութենական պայքարը պսակուեցան յաջողութեամբ, երբ 25 մայիս 2000-ին իսրայէլեան ուժերը հեռացան հարաւային Լիբանանէն: 25 մայիս 2000-ը դարձաւ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան ազգային տօն մը, ինչպէս նաեւ լուսաւոր էջ մը Լիբանանի եւ արաբական ու իսլամական աշխարհի պատմութեան մէջ: Դիմադրութեան մղած պայքարին եւ անոր հաւատացող ժողովուրդին գոյամարտը օրինակ...











