ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
Դաշնակցական երիտասարդութիւնը ահաւասիկ դարձեալ կը գտնուի բազմատեսական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը այսօր բազմաթիւ ճակատներու վրայ պայքարող երիտասարդական-դաստիարակչական միաւոր է: Լիբանանի դէմ Իսրայէլի ծաւալած պատերազմը բնականաբար իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրի քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ ընկերային իրավիճակներուն վրայ: Լիբանանահայ գաղութը եւս, հակառակ մինչեւ օրս նիւթական կամ մարդկային մեծ վնասներ չունենալուն, ազդուած է այս կացութենէն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն եւ...