ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ
Հայ առաքելական եկեղեցին առաջին օրէն եղած է մեր ազգին ամենասուրբ հիմնասիւնը ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ` քաղաքական, մշակութային եւ ազգային ինքնութեան կերտողն ու պահապանը: Երբ 301 թուականին Հայաստան դարձաւ աշխարհի առաջին պետութիւնը, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տրդատ Գ. թագաւորի ձեռամբ, այդ որոշումով մեր ազգը գծեց իր ճակատագիրը` ընտրելով լոյսի եւ ճշմարտութեան ուղին: Այդ պահէն ի վեր եկեղեցին եղած է ոչ թէ պարզապէս հաստատութիւն մը, այլեւ` հայ ազգին շունչն ու ուղեղը, մեր ժողովուրդի միասնութեան ամուր պատուանդանը:
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտը եկեղեցական առաքելութեան մէկ մասն էր` ապահովելու համար, որ մեր ժողովուրդը ոչ միայն իր Աստուծոյ աղօթէ իր լեզուով, այլ ապրի եւ գոյատեւէ իր լեզուով, իր խղճով ու իր արժանապատուութեամբ: Եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է հայ ազգին ամրոցը` գերութեան, օտար հալածանքներու եւ Ցեղասպանութեան դէմ` պահպանելով մեր պատմութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը, ժողովրդային հոգեւոր ինքնութիւնը:
Այսօր ալ Հայ եկեղեցին կը մնայ այն սրբազան կառոյցը, որ միաւորելով սփիւռքն ու հայրենիքը` կը կապէ մեզ մեր անցեալին եւ անոր միջոցով կը մղէ դէպի հաւատքով, գաղափարով ու հայրենասիրութեամբ լեցուն ապագայ մը:
Այսօր, նոր վտանգներու առջեւ, երբ պետական իշխանութիւնը կը փորձէ ճնշել եկեղեցին, անոր դերակատարութիւնն ու անոր անկախութիւնը, Հայ եկեղեցին կրկին կը դրսեւորէ իր պատմական դիմադրողականութիւնը: Ինչպէս Աւարայրի ճակատամարտին կամ խորհրդային բռնապետութեան տարիներուն, այսօր ալ ան կը կանգնի իր ժողովուրդին կողքին` ազգային ինքնութիւնը պաշտպանելու համար:
Եկեղեցին պէտք է մնայ անկախ եւ հաւատարիմ իր առաքելութեան` իբրեւ ազգին հոգին, եւ ոչ թէ` իշխանութեան գործիքը:
Այսօր Հայաստան կը գտնուի ոչ միայն քաղաքական ճգնաժամի մէջ, այլ նաեւ` քաղաքակրթական խոր պայքարի մէջ: Երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը շարունակէ վտանգել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անկախութիւնն ու բարոյական հեղինակութիւնը, կը խախտի ազգին հոգեւոր սահմանը:
Այս պայքարը կը վերաբերի ոչ միայն եկեղեցի-պետութեան յարաբերութիւններուն, այլ նաեւ` մեր ազգային ինքնութեան հիմքին:
Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ այսօրուան լարուածութիւնը յանկարծական դէպքէ մը չէ ծնած: Անիկա սկսաւ խորանալ յատկապէս 2020-ի արցախեան պատերազմի պարտութենէն ետք, երբ ժողովուրդին մէջ լայնածաւալ հիասթափութիւն յառաջացաւ ոչ միայն կառավարութեան քաղաքականութեան պատճառով, այլ նաեւ ազգային-հոգեւոր ինքնութեան ճգնաժամին:
Հայ առաքելական եկեղեցին, իր պատմական առաքելութեան համաձայն, ձայն բարձրացուց Արցախի պաշտպանութեան համար եւ պատերազմէն ետք իշխանութիւնները մեղադրեց ազգին եւ հայրենի հողերուն նուաստացման մէջ: Միւս կողմէ` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը միջազգային եւ ներքին ճնշումներու տակ սկսաւ եկեղեցին դիտել որպէս անկախ եւ վտանգաւոր ազդեցութեան տէր հարթակ մը` զայն նկատելով «այլընտրանքային հեղինակութիւն»:
2024-ի գարնան այս հակասութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Փաշինեան հրապարակայնօրէն մեղադրեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը անբարոյականութեան մէջ եւ կոչ ուղղեց հրաժարական տալու` «ազգային անվտանգութիւնը խաթարելու» մեղադրանքով: Այս յայտարարութիւնը համընդհանուր բողոք յառաջացուց ինչպէս հոգեւոր, այնպէս ալ քաղաքացիական շրջանակներուն մէջ` դառնալով աննախադէպ եւ սպառնալից միջամտութիւն եկեղեցւոյ ներքին գործերուն:
Լարուածութիւնը յատկապէս արտացոլաց ազգային գործիչ եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ ծաւալած քաղաքական հետապնդման մէջ: Կարապետեան, որ աջակցած էր եկեղեցւոյ անկախ դիրքորոշման եւ քննադատած` իշխանութեան «հայրենի հոգեւոր արժէքները քանդելու» քաղաքականութիւնը, իր ձերբակալութեամբ վերածուեցաւ խորհրդանիշի` ցոյց տալով, թէ իշխանութիւնը որքա՜ն հեռու կրնայ երթալ ընդդիմացող ձայները ճնշելու համար:
Այս զարգացումներուն զուգահեռ, Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորած շարժումը, որ սկիզբ առաւ որպէս խաղաղ քաղաքացիական դիմադրութիւն պետական մենաշնորհին դէմ (յատկապէս` եկեղեցւոյ եւ Արցախին վերաբերող հարցերու մէջ), վերածուեցաւ համաժողովրդական զարթօնքի խորհրդանիշի` լայն ժողովրդական մասնակցութեամբ, առանց քաղաքական իշխանութիւն յափշտակելու մտադրութեան:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին միջոցով յստակօրէն գնահատեց ներկայ իրավիճակը` որպէս «հասարակական կայունութեանը սպառնացող պետական բռնատիրութիւն», եւ ընդգծեց, որ` «Եկեղեցին ոչ միայն իրաւունք, այլեւ պարտականութիւն ունի դիմադրելու նման միջամտութիւններուն»:
Այսօր, երբ քաղաքական ուժերը կը փորձեն եկեղեցին վերածել լուռ գործիքի կամ անդամալոյծ դիտորդի, ան կրկին կը կանգնի իր պատմական դիրքին վրայ` որպէս ազգային ոգիի, ինքնութեան եւ արժանապատուութեան վերջին ապաստան:
Հայոց պատմութեան մէջ եկեղեցին երբեք սահմանափակուած չէ եղած միայն հոգեւոր դերով: 451-ի Վարդանանց պատերազմը, 19-րդ դարու ազգային զարթօնքը եւ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթեայ շերեփ»-ի կոչը ապացուցած են, որ երբ ազգին գոյութիւնը վտանգուած է, եկեղեցին կը յաղթահարէ վանքերու պարիսպները եւ կը դառնայ ժողովուրդին վահանը:
Այսօր ալ, երբ պետական ճնշումը կը սպառնայ եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութեան եւ ազգային ինքնութեան հիմքերուն, ան ոչ միայն իրաւունք ունի, այլ նաեւ պատասխանատուութիւն` կանգնելու առաջին դիրքերու վրայ` իբրեւ հանրային պաշտպան, առանց իշխանութեան յաւակնութեան, այլ` յանուն ազատ խօսքի, արդարութեան եւ ժողովուրդին միասնականութեան:
Հայ առաքելական եկեղեցին մեր ժողովուրդին հոգեւոր կարողութիւնն է: Երբ պետութիւնը կը փորձէ զայն վերահսկել, եկեղեցին պարտաւոր է պատասխանել արժանապատուութեամբ եւ հաստատ համոզումով, ինչպէս` Խրիմեան Հայրիկի օրօք:
Եկեղեցին չի կրնար եւ պիտի չդառնայ իշխանութեան կաշառուած ձայնը: Ան պէտք է մնայ ազատ` որպէս ազգին հոգեւոր վահան եւ միասնութեան կենարար լոյս:
Ազատ եկեղեցին ազատ ժողովուրդի նախապայմանն է: Եւ ազատ ժողովուրդն է, որ կը ստեղծագործէ հզօր ու պատուաւոր Հայաստան մը:


