ԿԱԼԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Այսօր աշխարհը կը փոխուի անսահման արագութեամբ: Բանական մեքենաներ, արհեստական բանականութիւն, բազմազան համացանցային հարթակներ կը գրաւեն մեր առօրեայ կեանքը: Եթէ անցեալ դարերուն զէնքը հրացան եւ սուր էր, այսօր ժողովուրդներու ճակատագիրները կ՛որոշուին ինքնին թուային դաշտին մէջ: Մեր ժողովուրդին համար ալ այս ճակատամարտը գոյութենական է: Եթէ 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն մեր զինուորներու ձեռքին կային դաշոյն, հրացան եւ գրիչ, ապա այսօր մեզի` երիտասարդներուս, կը վստահուին նոր զէնքեր` արհեստական բանականութիւնը, համացանցը եւ տեղեկատուական դաշտը:
Այս նոր զէնքերը պէտք է օգտագործուին ոչ միայն հաճոյքի կամ անձնական փառքի համար, այլ նաեւ` մեր ժողովուրդի ձայնը բարձրացնելու, մեր Դատը տարածելու եւ հայութեան ներկայութիւնը ամրապնդելու համար: Եթէ թշնամին կը փորձէ խեղաթիւրել պատմութիւնը, ջնջել մեր յուշարձանները եւ լռեցնել մեր նահատակներու յիշատակը, մենք պարտաւոր ենք այս հարթակներուն վրայ հակադարձել` ճշմարտութեամբ, գիտութեամբ եւ նորարարութեամբ:
Երիտասարդ դաշնակցականը պէտք է ըլլայ նորագոյն ռազմաճակատի զինուորը: Մեր գրառումները, մեր տեսանիւթերը, մեր նախաձեռնութիւնները դարերու պայքարի շարունակութիւնն են: Արհեստական բանականութիւնը կրնայ մեզի օժանդակել` կազմակերպելու քարոզչական արշաւներ, ստեղծելու գրաւիչ եւ ազդեցիկ նիւթեր, ինչպէս նաեւ` մեր պատգամը հասցնելու աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւն: Անհրաժեշտ է, որ մենք` իբրեւ ՀՅԴ երիտասարդներ, ընդունինք այս մարտահրաւէրը եւ այս դաշտը դարձնենք մեր յաղթանակներու նոր բեմ: Արհեստական բանականութիւնը զէնք է, սակայն` զէնք մը, որ կ՛աշխատի միտքով, խելքով եւ գաղափարով: Իսկ գաղափարական զէնքը միշտ եղած է մեր շարժումին ամէնէն ուժեղ յենարանը:
Նոր մարտահրաւէրներու դիմաց` մեր գործը միայն պաշտպանուիլ չէ, այլ նաեւ յարձակիլն է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ դառնալ փոքրիկ, բայց զօրաւոր քարոզչական կեդրոն մը` օգտագործելով իր գիտելիքը, լեզուն եւ ԱԲ-ի կարելիութիւնները: Այսօր կարելի է մէկ կոճակով ստեղծել պատկեր մը, որ հազարներու պիտի հասնի, պատրաստել տեսանիւթ մը, որ աշխարհին պիտի բացատրէ մեր ժողովուրդին ողբերգութիւնը, կամ մանաւանդ` ապագայի մեր կերտող ուժը: Երբ այս նոր գործիքները դնենք մեր գաղափարական ծառայութեան տակ, պիտի ունենանք ոչ միայն պաշտպանական պատ, այլ նաեւ` յարձակողական փաստ մը, որ պիտի ստիպէ թշնամին` գիտակցելու մեր գոյութիւնը եւ մեր արդար իրաւունքը:
Այսպիսով, ԱԲ-ն եւ նորարարութիւնը զուտ ժամանակակից խաղալիքներ չեն: Անոնք նոր դարու զէնքն են` վստահուած երիտասարդ սերունդին: Մեր նախորդները մեզի ժառանգեցին ազատութեան համար մղուած պայքար, որ այսօր կը շարունակուի նաեւ թուային դաշտին մէջ: Մեր պարտականութիւնն է այս զէնքը ուղղել ոչ թէ միայն մեր ձայնը լսելի դարձնելու, այլ նաեւ մեր դատը արդարացնելու, մեր պատմութիւնը պահպանելու եւ մեր ապագան ապահովելու: Եթէ մենք` իբրեւ երիտասարդ դաշնակցականներ, կարողանանք միացնել գաղափարական յանձնառութիւնը նորարարութեան ուժին հետ, ապա վստահաբար մեր ժողովուրդը պիտի ունենայ ինչպէս զինուորական, այնպէս ալ գաղափարական յաղթանակներ, որոնք արժանի են մեր նահատակներու երազին: