Լիզպոնի գործողութեան հինգ անձնազոհ եւ տիպար հայորդիներուն արարքին մասին ԼԵՄ-ականներուն մտածումներուն ծանօթանալու նպատակով անոնց ուղղուեցան հետեւեալ 5 հարցումները: Ստորեւ` տրուած պատասխաններն ու երիտասարդներուն մտորումները:
1.- Ի՞նչ է Լիզպոնի գործողութեան կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը:
2.- Լիզպոնի հինգը ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ձգած են վրադ անանձնական մակարդակի վրայ:
3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, ինչպիսի՞ վիճակ պիտի պարզէր Հայ դատի պայքարը, յատկապէս` լիբանանահայութեան պարագային:
4.- Ներկայ պայմաններու լոյսին տակ զինեալ պայքարէ մը կարելի՞ է յաղթանակած դուրս գալ:
5.- Իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդ եւ ԼԵՄ-ական` ինչպէ՞ս կրնաս շարունակել Լիզպոնի հինգին ուղին:
Լիզպոնի Ուղին Կարելի Է Շարունակել`
Անոնց Բացած Ճամբուն Հաւատարիմ Մնալով
1.- Լիզպոնի գործողութիւնը մոռացութեան մութին տակ պլպլացող այն կայծն էր, որ լոյս աշխարհ եկաւ համայն աշխարհի հանրութեան դիմաց` Եւրոպայի սրտին մէջ: Այս գործողութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ ան յիշեցուց համայն աշխարհին, որ կորսուած եւ մոռցուած, իրաւունքէ զրկուած դատ մը կար, եւ պէտք է համայն աշխարհը զօրավիգ կանգնի անոր: Ներքին իմաստով ալ այս գործողութիւնը առիթ հանդիսացաւ` արթնցնելու հայ ազգը:
2.- Ինծի համար Լիզպոնի հերոսները անձնազոհութեան եւ գերագոյն զոհաբերութեան մեծագոյն հոմանիշներն են: Թէեւ կարգ մը մարդոց համար հասկնալի չի թուիր, սակայն կարեւորը գործն ու նպատակը յաջողութեան հասցնելն է:
3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, Հայ դատի հետապնդման աշխատանքը պիտի մարէր, հայ ժողովուրդի իրաւունքը պիտի ոտնակոխուէր, եւ մարդիկ պիտի կեդրոնանային միայն իրենց ապրած կեանքին վրայ: Հայրենիքի ու Հայ դատին մասին մտածող պիտի չըլլար, եւ թերահաւատներուն թիւը ա՛լ աւելի պիտի աւելնար:
4.- Միշտ կը յիշենք, թէ ո՛ւժն է, որ կը կառավարէ աշխարհը, եւ թէ` միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն: Մահ կամ ազատութիւն կերտելու կարգախօսին յստակ եւ կարեւորագոյն բովանդակութիւնը զէնքն է: Սակայն տեղին է յիշել ներկայիս աշխարհին դէմ ծառացած նոր արհեստավարժական միջոցները, սակայն միշտ մեր մտքին մէջ պէտք է պահել զինեալ պայքարը:
5.- Լիզպոնի ուղին կարելի է շարունակել` անոնց բացած ճամբուն հաւատարիմ մնալով, սորվելով եւ սորվեցնելով մեր յաջորդներուն Հայ դատը հետապնդելու կարեւորութիւնը եւ այժմէականութիւնը, մանաւանդ` այս օրերուն:
ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՄԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ
Լիզպոնը Վերակենդանացուց
Պահանջատէր Հայութեան Ոգին
1.- Լիզպոնի գործողութիւնը մեծ դեր ունի իւրաքանչիւր դաշնակցականի կեանքին մէջ, անիկա կ՛ապացուցէ, որ հայ երիտասարդը բայց մանաւանդ` դաշնակցական երիտասարդը, իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի Հայ դատի հետապնդման մէջ եւ պահանջատէր է իր արեան:
2.- Պատանի տարիքէս լսած եմ Լիզպոնի գործողութեան մասին, եւ ան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իմ միութենական կեանքին մէջ եւ իմ մէջս արթնցուցած է պայքարի ու պահանջատիրութեան ոգին: Իսկ այսօր` իբրեւ ԼԵՄ-ական, կը շարունակեմ իրենց երթը եւ կ՛երդնում իրենց պատուովը` պայքարիլ մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:
3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, Հայ դատը պիտի չհետապնդուէր: Այս գործողութիւնը վերակենդանացուց պահանջատէր հայութեան ոգին: Լիզպոնը սովորական գործողութիւն մը չէր, ան վերածնունդն էր Հայ դատի պայքարին, որ սկսաւ Լիբանանէն` հասնելով Լիզպոն:
4.- Ներկայիս շատ դժուար դարձած է դիմել զինեալ պայքարի, սակայն կրնանք դիմել ուրիշ միջոցներու` այդպիսով տարածելու ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը եւ փրկել նոր սերունդը օտարամոլութենէ, տարածելով հայկական լուրեր եւ պայքարելով թրքական արտադրութիւններուն դէմ:
5.- Իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդ եւ ԼԵՄ-ական, Լիզպոնի ուղին կրնամ շարունակել` ըլլալով տիպար եւ ուժեղ դաշնակցական երիտասարդ, յարգելով բոլոր հայ կուսակցութիւնները, պայքարելով յանուն հայրենիքի փրկութեան եւ հաւատալով, որ պիտի գան նոր սերունդներ, եւ պայքարը կանգ պիտի չառնէ:
ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ
Եթէ Մենք Այսօր Լռենք, Ապա Կը Դաւաճանենք
Ո՛չ Միայն Լիզպոնի Հինգին, Այլ Նաեւ` Մեր
Արժանապատիւ Գոյութեան
1.- Լիզպոնի գործողութիւնը հայ ժողովուրդի արդար դատի վերականգնման եւ միջազգային խղճի արթնացման ուղղուած ուժեղ քայլ մըն էր: Ան հայոց պահանջատիրութեան պատմական անկիւնադարձն է, որ կը հաստատէ, թէ Ցեղասպանութիւնը մոռացութեան չի կրնար մատնուիլ: Լիզպոնի հինգ տղաքը իրենց կեանքի գնով հաստատեցին, որ պայքարը միայն դիւանագիտական սեղաններուն վրայ չի տարուիր, այլ կը պահանջէ զոհողութիւն, հաստատակամութիւն եւ գիտակցութիւն: Անոնք քաղաքական եւ մարդկային բարձր ուղերձ փոխանցեցին` թէ մեր ժողովուրդը գոյութիւն ունի, եւ ո՛չ մէկ սերունդ պիտի մոռնայ իր պատմական պատասխանատուութիւնը:
2.- Բառերը բաւարար չեն բացատրելու, թէ Լիզպոնի հինգը որքա՛ն մեծ ազդեցութիւն ձգած են վրաս: Անոնք եղան օրինակ այն արժէքներուն, որոնք միշտ լսած էինք` հայրենասիրութիւն, զոհողութիւն, պայքար, բայց իրենց միջոցով այդ բոլորը կեանքի վերածուեցան: Ինծի համար անոնք չեղան հեռու անցեալի հերոսներ, անոնք ունէին ընտանիք, սէր, երազներ: Բայց անոնք գիտակցեցան, որ հայ ըլլալը միայն ինքնութեան պիտակ մը չէ, հայ ըլլալը պատասխանատուութիւն է: Ու այդ գիտակցութեամբ անոնք իրենց կեանքը դարձուցին պատգամ: Լիզպոնի հինգ տղոց գործողութիւնը ցոյց տուաւ, որ պայքարը սահմանափակուած չէ գաղափարական շրջանակներով: Պայքարը ապրելու ձեւ մըն է` հաւատարիմ ըլլալու մեր ժողովուրդին, մեր պատմութեան եւ ինքնութեան: Եթէ մենք այսօր լռենք, ապա կը դաւաճանենք ո՛չ միայն Լիզպոնի հինգ տղոց արեան, այլ նաեւ` մեր արժանապատիւ գոյութեան, իրաւունքին` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդ եւ մարդ:
3.- Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին շարունակած է պայքարիլ Հայ դատի համար` թէ՛ զէնքով եւ թէ՛ գրիչով: Լիզպոնը այդ պայքարին մէկ փուլն էր` իր եզակի եւ անկիւնադարձային գործողութեամբ: Եթէ այդ գործողութիւնը տեղի չունենար, Հայ դատը կը շարունակէր իր ընթացքը, բայց միջազգային խղճին մէջ մեր ձայնը այդքան ուժով չէր ներթափանցեր: Լիզպոնի հինգը սաստկացուցին մեր ուղերձը եւ վերստին զգաստացուցին աշխարհը, որ հայը լռած չէ: Ուրեմն Լիզպոնը մեզի համար դարձաւ ո՛չ սկիզբ, ո՛չ ալ վերջ, այլ` պայքարի ճամբուն վրայ խորագոյն ու խիզախ քայլ մը:
4.- Այո՛, ներկայ պայմաններու լոյսին տակ զինեալ պայքարով կարելի է յաղթանակած դուրս գալ: Երբ մեր հողն ու ազատութիւնը գիտակցութեան եւ պատուին մէջ կը պահենք, մեր զէնքը կը դառնայ պայքարի հզօր ուժ: Մեր պատմութիւնը հաստատած է` ազատութեան համար անհրաժեշտ է հաւաքական կամք եւ ուժ: Զինեալ պայքարը արդար եւ անխուսափելի ճանապարհ է: Բայց նաեւ պէտք է գիտնալ, որ որոշ պարագաներու կան իրավիճակներ, երբ քաղաքականութիւնը, դիւանագիտութիւնը, ժողովուրդի զօրակցութիւնը կամ գաղափարական զէնքը կրնան աւելի վճռական դեր խաղալ: Պայքարը միայն զէնքով չէ, երբեմն խելացի ճակատամարտը դաշտէն դուրս կը տանի կարեւորագոյն յաղթանակները: Մենք կը պայքարինք ոչ միայն զէնքով, այլ նաեւ` մտքով, կազմակերպուածութեամբ ու մեր ազգային միասնութեամբ:
5.- Իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդ եւ ԼԵՄ-ական` Լիզպոնի հինգին ուղին կը շարունակեմ, երբ չզիջիմ պատմական յիշողութենէս, երբ ըլլամ պատրաստ պայքարի, ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ` գործով: Լիզպոնի հինգը իրենց արիւնով պանծացուցին Հայ դատը: Ես ալ պարտաւոր եմ ապրիլ այնպէս, որ իրենց արեամբ գծուած ուղին չմնայ անցեալի մէջ փակուած էջ, այլ դառնայ կեանքի պահանջ եւ պայքարի ուղղութիւն:
Կը շարունակեմ, երբ ապրիմ դաշնակցականի յանձնառութեամբ` հաւատարիմ գաղափարին, անզիջում ճշմարտութեան, եւ կայուն` ժողովուրդիս արդար իրաւունքներուն պաշտպանութեան գործին մէջ:
ԿԱԼԻԱ ԳԸՃԸԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ
Տղաքը Գացին Ու Չվերադարձան,
Սակայն Մնացին Մեր Սրտերուն Մէջ
1.- Լիզպոնի տղաքը հայ ազգին անցեալի եւ ներկայի մէջ ունին մեծ կարեւորութիւն: Անոնք զոհուեցան յանուն հայրենիքի` անտեսելով իրենց կեանքը, իրենց փայլուն ապագան, ընտանիքն ու տունը, հանգիստն ու ուսումը: Հինգ երիտասարդ տղաք ճամբորդեցին համոզումով ու հաւատքով, որ այս գործողութեամբ իրենք պիտի հասնին իրենց նպատակին: Մեկնեցան Լիզպոն, չվերադարձան, սակայն անոնք դարձան տիպար օրինակ` հայ ազգին հաւատարմութեան եւ անձնազոհութեան, անոնք չվերադարձան, սակայն մնացին մեր սրտերուն մէջ: Եւ ահա այսօր գործողութենէն անցած են 42 տարիներ, իսկ մենք տակաւին կ՛ոգեկոչենք ու կը յիշենք այս գործողութեան վեհութիւնն ու կարեւորութիւնը, սակայն նաեւ Լիզպոնի հինգ տղոց` Սագոյի, Սեդրակի, Արայի, Վաչէի եւ Սիմոնի կորուստը:
2.- Կեանքի մէջ ամէն անձ ունի իտէալ մը, որուն կը փափաքի նմանիլ. նաեւ կան անձեր, որոնց բնորոշիչները անկարելի է անտեսել, ինչպէս` Լիզպոնի տղաքը. անոնք ոչ միայն կը սորվեցնեն անձի մը զոհողութիւնը կամ հաւատարմութիւնը, այլ նաեւ հայրենիքի սէրն ու նուիրումը, կամքը` ազատագրելու եւ ապրելու միացեալ հայրենիքի մէջ: Անոնք փաստեցին ինծի, որ որեւէ տարիքի կամ պայմաններու մէջ կարելի է կռուիլ եւ պայքարիլ:
3.- Լիզպոնի գործողութիւնը այդ թուականին եւ երկար ժամանակի ընթացքին շատ մեծ արձագանգ ձգեց բոլոր երկիրներուն մէջ: Այս գործողութիւնը 1983-էն մինչեւ օրս ունեցաւ տարբեր հնչեղութիւն, զգաստութեան հրաւիրեց բոլոր երկիրները եւ փաստեց լիբանանահայութեան կամքն ու հաւատքը, պայքարն ու ուժը, հաստատեց, որ հայութիւնը հինգ տղոց ճամբով տէրն է իր դատին եւ պահանջատէր է:
4.- Իբրեւ 21-րդ դարու ԼԵՄ-ական` կը շարունակեմ Լիզպոնի հինգին ուղին` պաշտպանելով մեր արդար իրաւունքները, պայքարը եւ նպատակը, այս դարու տրուած զէնքերով, որոնք մեզի մեծ կարելիութիւններ եւ ձեւեր կը մատուցեն: Ասոր կողքին, անհրաժեշտ է ունենալ ԼԵՄ-ի տիպարը, կազմակերպել ցոյցեր, զօրակցական հաւաքներ, ինչպէս նաեւ` տեղեկանալ մեր կուսակցութեան անցեալի գործերուն մասին եւ ջանք թափել` տանելու նոյնանման աշխատանքներ:
5.- Զինեալ պայքարի մէջ յաղթական դուրս գալ գոյութիւն չունի: Մեր պարտականութիւնն ու գործն է դաստիարակել եւ զինել, զինեալ պայքարը միշտ միջոց մը եղած է պայքարի եւ գոյատեւման, եւ ոչ թէ` նպատակ, բոլոր միջոցներով կարելի է պայքարիլ` քաղաքական, տնտեսական, բայց ընդմիշտ հաւատարիմ մնալով` «Միայն զենքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսին: Պէտք է պահել այս ուժն ու հաւատքը մեր երիտասարդներուն մէջ: Զինեալ պայքարը միջոց է Հայ դատի հետապնդման, անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է դիմել անոր, որպէսզի հասնինք մեր նպատակներուն, սակայն անիկա միակ ձեւը չէ:
ՄԵՂՐԻ ՍԱԼՊԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ
5 Տղաքը Սորվեցուցին,
Թէ Ի՛նչ Կը Նշանակէ Զոհաբերութիւն
1.- Լիզպոնի 5-ի գործողութիւնը արտասովոր էր իր անձնազոհ ոգիով, որովհետեւ հինգ երիտասարդներ խեղդելով իրենց «ես»-ը` զայն վերածեցին զոհաբերութեան: Այս գործողութիւնը դարձաւ հայ ազգի իրաւունքներու համար մղուած պայքարի խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան ցոյց տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռացութեան չի մատնուիր եւ պիտի յիշուի յաւերժ` մինչեւ արդար հատուցում:
2.- Լիզպոնի 5-ը խոր ազդեցութիւն ձգած են վրաս: 5 տղաքը սորվեցուցին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ զոհաբերութիւն, թէ` յանուն ազգի համար ինչպէ՛ս մարդ կրնայ ամբողջովին մոռնալ իր կեանքը, անձնական շահերը եւ գործել յանուն հաւաքական գերագոյն նպատակի: Այս հինգ տղոց քաջութիւնը եւ անոնց նուիրումը հայ ազգին համար, մէջս կը ձեւաւորեն մեծ պատասխանատուութիւն` հայ ազգին նկատմամբ: Այսօր, երբ կը մտածեմ եւ կը յիշեմ Լիզպոնի հինգ հերոսներու մասին, իրենց գաղափարներով կ՛առաջնորդուիմ եւ կը փորձեմ ես ալ օրինակելի դառնալ իմ ազգիս համար:
3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, Հայ դատի պայքարը աւելի լուռ եւ մութ պիտի մնար` իբրեւ անհետացած եւ մոռցուած: Լիզպոնի 5-ին գործողութիւնը հայութեան մէջ ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութեան մէջ յատկապէս նոր շարժում մը ստեղծեց: Եթէ Լիզպոնի 5-ին գործողութիւնը տեղի չունենար, մեր հաւաքական-ազգային կեանքին մէջ հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը եւ գործունէութիւնը կրնար նուազիլ: Լիզպոնի 5-ի գործողութիւնը ցնցեց համայն հայութիւնը, եւ մինչեւ օրս կը խօսինք այդ տպաւորիչ գործողութեան մասին:
4.- Ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ զինեալ պայքարը արդիւնաւէտ ձեւ է ազգային հարցերը առջեւ տանելու համար: Այսօր կարելի է յաջողութեան հասնիլ եւ յաղթել` օգտուելով իրաւունքներու, մշակոյթի ու տեղեկատուական միջոցներէ, հետապնդել Ցեղասպանութեան ճանաչումը, մեր պատմութիւնը ներկայացնել համայն աշխարհին, հայկական ինքնութեան պահպանման համար գործել: Ա՛յս է, որ կը ներկայացնէ մեր պայքարի միջոցները:
5.- Իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդ եւ ԼԵՄ-ական` կը շարունակեմ Լիզպոնի հինգին ուղին` դաստիարակելով ուրիշներ եւ օտարներուն ներկայացնելով մեր պատմութիւնը, սիրելով եւ պահպանելով հայոց լեզուն ու մշակոյթը, հետամուտ ըլլալով, որ ոչ մէկ երիտասարդ կամ ԼԵՄ-ական օտարամոլութեան ճամբով ընթանայ, ձուլուի, այլ բոլորս միասին գործենք Հայ դատին ու ազգին համար եւ օրինակելի երիտասարդ դառնանք մեզմէ ետք եկող պատանիներու սերունդին:
Յաւե՛րժ փառք` Լիզպոնի հինգ տղոց:
ԴՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Պէտք Է Դիւանագիտութեան
Նոր Զարթօնքի Ծրագիր Մը Մշակենք
1.- Լիզպոնի 5-ին կատարած գործողութիւնը գերագոյն զոհաբերութեան օրինակն է: Անոնք իրենց անձնազոհութեամբ քանդեցին համայն աշխարհի անարդարութեան եւ լռութեան պատը:
2.- Լիզպոնի հինգը, իրենց անձնական կեանքն ու վայելքը մէկ կողմ դնելով, իրենց կեանքը զոհեցին յանուն հայրենիքին: Գիտակցելով գացին Լիզպոն եւ գիտակցելով անձնազոհ եղան, ինչ որ զոհաբերութեան գագաթնակէտն է:
3.- Լիզպոնի տղոց գործողութիւնը համաշխարհային ընդհանուր կարծիքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգեց իրենց զոհաբերութեամբ, իսկ այդ տղաքը ծնունդն էին Լիբանանի, որ սփիւռքի սիրտն է, հոսկէ ալ մեկնելով Լիզպոն, անոնք դարձան այս գործողութեան մարտիկները` աշխարհի բոլոր հայ երիտասարդներուն ազգային բարձր զոհաբերութեան ու նուիրումի օրինակը տալով:
4.- Զինեալ պայքարը միջոց մըն է, բայց ներկայ ժամանակաշրջանին պէտք է կարդանք քաղաքական բոլոր կողմերը եւ ունենալ քաղաքական մասնագէտ եւ դիւանագէտ ղեկավարներ, որպէսզի յաղթահարենք ներկայի եւ ապագայի համահայկական դժուարութիւնները, բայց` միշտ վառ պահելով պայքարի ոգին:
5.- Ներկայ փուլին, երբ մեր հայրենիքը նահանջի մէջ է, պէտք է սփիւռքը քաղաքական, երիտասարդական եւ ուսանողական գետնի վրայ դիւանագիտական նոր զարթօնքի ծրագիր մը մշակէ: Լիզպոնի հինգ տղոց քաջ պայքարի օրինակով յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն, մանաւանդ` այսօրուան հայրենիքի դժուար մարտահրաւէրները:
ՍԷՐՈՒԺ ՊԷՊԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ