Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

9 Նոյեմբեր 2020-ին Կնքուած Եռակողմ Ամօթալի Համաձայնագիրն Ու Արցախի Յանձնումը Դատապարտող Թերթիկ

November 22, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 նոյեմբեր 2025-ին լոյս տեսաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբին հրատարակած թերթիկը, որուն գլխաւոր թեման էր 9 նոյեմբեր 2020-ին կնքուած եռակողմ ամօթալի համաձայնագիրը եւ Արցախի յանձնումը:

Թերթիկը կ՛ընդգրկէր` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի խօսքը, ԼԵՄ-ի մասնաճիւղերու կողմէ կոչեր եւ աշակերտներու ուղղուած Արցախի թեմայով յօդուած գրելու մարտահրաւէր մը:

Հրատարակուած թերթիկները 9 նոյեմբերի զուգադիպող շաբթուան ընթացքին բաժնուեցան լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական աշակերտութեան:

Ազգ. Միացեալ վարժարանի երկրորդական աշակերտութիւնը միասնաբար կը կարդան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբին նոյեմբեր 2025-ի հրատարակած թերթիկը

9 նոյեմբերին կնքուած ամօթալի համաձայնագիրին 5-րդ տարելիցին առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի մասնաճիւղերու զօրակցական կոչերը` ուղղուած լիբանանահայ աշակերտութեան:

Այսօր մեզի համար Արցախի հիմնահարցի էջը փակուած չէ: Թէեւ անցած են տարիներ, եւ կնքուած են նորանոր չակերտաւոր եւ վարդագոյն համաձայնութիւններ, սակայն մեզի համար այդ բոլորը չեն յանգեցներ խաղաղութեան: Խաղաղութիւն կ՛ըլլայ միայն այն ատեն, երբ Շուշին, Հադրութը եւ մեր մնացեալ գրաւեալ հողերը դարձեալ մերը կ՛ըլլան: Հետեւաբար` յաղթանակը պայքարով, պայքարը կռիւով եւ կռիւը զէնքով, այլընտրանք գոյութիւն չունի:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Պիտի վերադառնանք դէպի հայրենիք` Շուշի եւ Ասկերան, դէպի շունչը հայութեան, պիտի վերականգնենք, պիտի հաւատանք եւ պայքարինք մինչեւ մահ, ոչ միայն որովհետեւ այդ բոլորը միայն մերն են, այլ նաեւ` մեր պապերուն, իսկ Արարատը այն լեռն է, ուր Նոյեան տապանը հանգչեցաւ: Բոլորը մերն են, անոնք ստորագրուած են երիտասարդներու արեամբ եւ մօր արցունքով: Պիտի մնանք, պայքարինք ու կռուինք մեր արդար իրաւունքներուն համար:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ

Սթափեցէ՛ք: Աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնները իրենց բոլոր ջանքերը կը թափեն աշխարհի որեւէ անկիւնէ հողակտոր մը ձերք բերելու, իսկ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը թուղթով ու գրիչով աւելի քան 11.450 քառ. քմ  յանձնեց թշնամիին` նուազագոյն դիմադրութիւն նոյնիսկ ցոյց չտալով, անտեսելով սուրբ հողի արժէքը, անարգելով նահատակներուն երազանքն ու տեսլականը, առանց նուազագոյն ամօթի զգացումի` անտուն ձգելով Արցախի հայ ժողովուրդը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Արցախը լոկ հողատարածք չէ, այլ խորհրդանիշն է` հաւատքի, զօրութեան ու գոյութեան: Թշնամին զայն կրնայ ջնջել քարտէսէն, բայց երբեք` մեր մտքերէն: Մեր նահատակներուն արեամբ շաղախուած այդ սուրբ հողը կը տենչայ ու կը պահանջէ մեր վերադարձը: Ուրեմն, համախմբուինք, ըլլանք մարտունակ, այս պայքարը իւրաքանչիւր հայորդիի կարիքը ունի: Միացէ՛ք մեր պայքարին:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ

Այսօրուան յառաջադեմ աշխարհը առաջնահերթ կը նկատէ մարդու իրաւունքները: Սակայն անցնող տարիները վկայ, արցախեան խնդիրին շուրջ մարդկային նուազագոյն արժէքները, մանաւանդ ինքնորոշման իրաւունքը համազօր էին ոչինչի: Ուստի ժամն է ազգովին համախմբուելու եւ բոլոր կարելի միջոցներով պայքարելու` լսելի դարձնելու համար մեր ժողովուրդի ձայնը, վերականգնելու հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Արցախի անկախութիւնը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» Մասնաճիւղ

Արցախահայութիւնը պէտք է վերադառնայ իր հողը: Արցախահայութեան իրաւունքն է ապրիլ հայկական դարաւոր հողին վրայ: Արցախեան դրօշը կրկին պիտի ծածանի Շուշիի միջնաբերդին վրայ: Մենք` իբրեւ երիտասարդներ, աշակերտներ եւ պատանիներ, պէտք չէ լռենք եւ պէտք է փշրենք լռութեան պատը: Իբրեւ նոր սերունդ` կը պահանջենք Պաքուի բանտերուն մէջ բանտարկուած գերիներուն ազատ արձակումը եւ վերադարձը հայրենիք: Արցախը հայութեան պայքարին եւ յաղթանակներուն խորհրդանիշն է, որուն վերատիրացումը անխուսափելի է: Մեր բոլորին պարտքն է ամուր կանգնիլ Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան կողքին:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ

Արցախը մեր սրբութիւնն է` նահատակներու արեամբ կնքուած եւ անոնց հաւատքով պահպանուած: Այսօր յոյսը մեր զէնքն է, հաւատքը` մեր վահանը, իսկ նահատակները` մեր առաջնորդները: Մենք չենք խոնարհիր, չենք լռեր, չենք մոռնար: Քանի տակաւին շունչ կայ, եւ մեր սրտերը կը բաբախեն, պիտի վերականգնենք Արցախը եւ պատմութեան տանք նոր վերնագիր` յաղթանակ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղ

Հայրենիք` կը նշանակէ  այն երկիրը, ուր մարդ կը ծնի, եւ որուն քաղաքացին կը դառնայ: Իբրեւ սփիւռքահայեր` հայրենիքը մեզ համար սրբութիւն է:

Կորսնցնելով Արեւմտահայաստանը` մենք զրկուեցանք ֆիզիքական հայրենիք ունենալէ:  Սփիւռքը մեզի համար դարձաւ այն հողը, որուն համար ունինք քաղաքացիական պարտականութիւն, իսկ Հայաստանը մնաց հոգեւոր հայրենիք:

2020-ին կորսնցուցինք Արցախը եւ մինչեւ այսօր կը շարունակենք կորսնցնել մեր հայրենիքը եւ անոր խորհրդանիշը` Արարատը:

Իսկ երբ մարդ կը կորսնցնէ իր խորհրդանշական հայրենիքը, ինչի՞ կը վերածուի ան:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

Նախորդը

Վարդագոյն Եւ Ջինջ Իւրայատուկ Ադամանդ Մը

Յաջորդը

Ապրելու Կամք Մը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.