15-23 Յուլիս 2025-ին Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումը «Պիտի՛ Վերադառնանք» Խորագիրով: Ստորեւ կը Հրապարակենք Կարգ Մը Մասնակիցներու Տպաւորութիւնները Այս Բանակումին Մասին:
Յարատեւ Պայքարի Ուխտը Կը Վերանորոգուի
14 տարուան դադարէ ետք, յուլիս 2025-ին Հայաստանի Հանքաւան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը, ուր միատեղ հաւաքուեցան զանազան երկիրներէ ժամանած պահանջատէր հայորդիներ:
Հայաստանը կ՛ապրէր աննախընթաց վիճակի մը մէջ` Արցախի կորուստի վէրքերը տակաւին բաց, սփիւռքը տարանջատելու եւ պառակտելու անընդհատ փորձեր, ապօրինի ձերբակալութիւններ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ արշաւ, անկայուն պայմաններ, քարկոծումներ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ այլն: Թերահաւատներ փորձեցին ձախողեցնել այսպիսի նախաձեռնութիւն մը, սակայն այս բոլորը չկրցան կասեցնել կամ յետաձգել ծրագրուած համահայկական բանակումը, որովհետեւ բանակումին նպատակը կը գերազանցէ այս բոլորը:
Կազմակերպել այսպիսի բանակում մը` մանաւանդ հայրենիքի այսօրուան կացութեան մէջ, ինքնին մեծ նշանակութիւն ունի: Այս բանակումը եղաւ այն ուղերձը, որ մենք տակաւին տէրն ենք մեր հայրենիքին, հայրենիքը մինակ չէ, ան մեզի կը կարօտի, եւ մենք ալ հայրենիքին զինուորներն ենք: Թէեւ հեռու ենք ֆիզիքապէս, սակայն երբ հայրենիքը մեզ կանչէ, բոլորս ալ անխտիր անոր կողքին ենք, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպած երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը լոկ պտոյտ մը կամ ժամանց մը չէր հայրենիքի մէջ, այլ ուխտագնացութիւն մըն էր մեր պապենական հողերուն: Առիթ մըն էր սփիւռքի մէջ ապրող զանազան շրջաններէ ընկերներու հետ ծանօթանալէն աւելի` զիրար քաջալերելու, Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր ընկերներուն զօրավիգ կանգնելու եւ յոյս ներշնչելու անոնց, որ Արցախը պիտի վերադառնայ, գօտեպնդուելու պայքարի ոգիով եւ, ի վերջոյ, մեր բազմահազար նահատակներուն երդուելու, որ հայոց պայծառ արեւը դարձեալ պիտի ծագի մեր գրաւեալ հողերուն վրայ…
Բանակումին բացումը կատարուեցաւ «Նեմեսիս»-ի արձանէն, ուրկէ հնչած պատգամը տպաւորիչ եւ ցնցիչ էր: Այդ արձանը անխօս փաստն է, որ մեր արդար Դատի հետապնդման պայքարը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի ամէն օր, ամէն ժամ եւ ամէն տեղ` շնորհիւ հաւատարիմ երիտասարդութեան: Յուզիչ, սակայն միեւնոյն ատեն ոգեւորիչ էր բացումէն ետք քայլարշաւը դէպի Արամ Մանուկեանի արձանը: Յեղափոխական երգերով արշաւին միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարին հաւատացող մանուկներ, տարեցներ, այրեր եւ կիներ` բարձր պահելով Արցախի եւ Հայաստանի դրօշները: Տարբեր էր Երեւանը, բոլորն ալ լրջօրէն եւ բծախնդրութեամբ կը հետեւէին այդ արշաւող երիտասարդներուն, որովհետեւ անոնց աչքերէն կ՛արտացոլար պայքարի եւ արդարահատուցման կայծը:
Իւրաքանչիւր այցելութիւն կամ օրակարգ ունէր իր իւրայատկութիւնը եւ յատուկ նշանակութիւնը: Ազգային եւ յեղափոխական երգերը տարբեր կը հնչէին հայրենիքի հողին վրայ: Ամէն մէկ այցելութեան վայր ունէր պատգամ մը երիտասարդութեան` չյուսահատելու, չընկճուելու եւ չյանձնուելու, նաեւ` մնալու ամուր, հաստատօրէն կառչած մեր գաղափարին եւ նպատակին` համոզուելով, որ վաղ թէ ուշ պիտի տիրանանք մեր բոլոր իրաւունքներուն, եւ խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի միայն մեր յաղթանակով, բայց եւ այնպէս, այս օրերուն տոկալ եւ համբերել պէտք է:
Աւելի՛ն. այս բանակումը առիթ հանդիսացաւ ծանօթանալու զանազան երկիրներէ ժամանած գաղափարակից ընկերներու: Ծանօթութիւններուս ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ, թէեւ բոլորս կը գտնուինք տարբեր երկիրներու մէջ, օտարութեան մէջ տարբեր լեզուներ կը խօսինք, տարբեր են մեր ապրած երկիրներուն մշակոյթները, սակայն մեր գաղափարական հիմքերը եւ ազգային մտածելակերպը միեւնոյնն են եւ անփոփոխ: Թէեւ կ՛ապրինք օտար երկիրներու մէջ, սակայն կը մտածենք միեւնոյն կերպով, համոզուած ենք նոյն գաղափարով եւ նոյն սկզբունքներով: Այս առիթ մը եղաւ` աւելի մտերմանալու, կարծիքներ փոխանակելու եւ սերտ յարաբերութիւններ ստեղծելու:
Բանակումի ընթացքին կերտեցինք բազմաթիւ, անկրկնելի եւ անմոռանալի յիշատակներ: Ապրեցանք ուրախութեան, լրջութեան, յուզմունքի եւ միեւնոյն ատեն հպարտութեան պահեր: Հայրենիքը հարուստ էր իր հայ երիտասարդներով եւ ուսանողներով, որոնք, հակառակ հայրենիքի այս տագնապալի օրերուն, ժամանեցին Հայաստան եւ յոյս ներշնչեցին ոչ միայն Հայաստանի մէջ բնակող հայորդիներուն, այլ նաեւ համայն հայութեան` աշխարհի բոլոր ծագերուն:
Այժմէական եւ խոր իմաստ կը կրէր բանակումին խորագիրը: «Պիտի՛ վերադառնանք»-ը ունի բազմաթիւ իմաստներ եւ կը մնայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մնայուն, գերագոյն եւ այժմէական նպատակներէն մին: Պիտի վերադառնանք մեր գրաւեալ հողերը` Արցախ, Նախիջեւան եւ Արեւմտեան Հայաստան, պիտի վերադառնանք մեր արմատներուն: Այս կարգախօսը լոկ բառեր չեն: Այս կարգախօսը բառերէ աւելի` զարթօնքի արտայայտութիւն մըն է, կոչ մըն է համայն հայութեան` չհիասթափուելու եւ չյուսահատելու, այլեւ հաւատալու մեր հաւաքական կամքին եւ ուժին` գիտնալով, որ յաղթանակն ու վերադարձը պիտի կատարուին միայն մեր սեփական բազուկով:
Կը վերադառնանք եւ կը վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն միայն այն ատեն, երբ խօսքը վերածենք գործի: Երիտասարդական եւ ուսանողական համահայկական 12-րդ բանակումը աւարտեցաւ, սակայն մեր աշխատանքը կանգ չառաւ: Հայրենիքը առիթ հանդիսացաւ` մեր հաւատքը ամրապնդելու, զիրար քաջալերելու, չյանձնուելու, եւ պայքարի ջահը յաւերժ բարձր պահելու մեր շրջաններուն մէջ: Այնքան ատեն որ կայ խոստմնալից եւ պահանջատէր երիտասարդութիւն, Հայ դատը չի մեռնիր եւ կը մնայ յաւիտեան` մինչեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացումը:
ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ
Տպաւորութիւններ` ՀՅԴ 12-րդ
Համահայկական Բանակումի Մասին
ՀՅԴ երիտասարդական համահայկական բանակումը տարբեր տեսակի փորձառութիւն մը հանդիսացաւ մասնակիցներուն համար: Բանակումը հաւաքելով աւելի քան 300 ընկերներ 17 երկիրներէ` առիթ ընծայեց տարբեր տեսակէտերու փոխանակման եւ զանազան հարցերու հանդէպ տարբեր մօտեցումներու եւ լուծումներու:
Բանակումը նաեւ իր օգտաշատ դասախօսութիւններու ճամբով նպաստեց մասնակիցներու մտահորիզոնի ընդլայնման: Լսելով փորձառու ընկերներու տեսակէտները, ինչպէս նաեւ բաղդատելով զանոնք անձնական կամ այլ երիտասարդներուն կարծիքին հետ, առիթը ընծայեց հարցերը դիտելու տարբեր տեսանկիւնէ:
Բանակումի ընթացքին այցելեցինք մեր ազգային խորհրդանշական վայրերը, ինչ որ ամրապնդեց մեր ազգային ոգին ու զօրացուց երիտասարդին կապը իր պատմութեան եւ ազգային արժէքներուն հետ: Բանակումը նաեւ առիթ եղաւ ծանօթանալու Հայաստանի լեռնաշխարհին ու գեղեցիկ բնութեան` համախմբելով երիտասարդները հայրենիքի լեռներուն գիրկը:
Վերջապէս, համահայկական բանակումը առիթ ընծայեց աւելի մօտէն ծանօթանալու ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի գործելակերպին, ինչպէս նաեւ ծանօթացումի առիթ եղաւ գրասենեակի տարբեր օգտաշատ ծրագիրներուն եւ անոնց կարեւորութեան:
ՀՅԴ համահայկական 12-րդ բանակումը իր էութեամբ հանդիսացաւ այն համախմբումը, որ ուղղեց երիտասարդին տեսակէտը տարբեր հորիզոններ` ընդլայնելով անոր մտահորիզոնը, ամրապնդելով անոր ազգային ոգին եւ գիտակցութիւնը:
ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ
Պատրաստ Ըլլանք Կանգնելու
Մեր Հայրենիքին Կողքին Ոչ Միայն
Խօսքերով, Այլ Նաեւ` Իրական Քայլերով
Անկեղծօրէն շատ յատուկ իմաստ ունեցաւ ինծի համար այս համահայկական ճամբարին մասնակցիլս, մանաւանդ որ հայրենիքիս մէջ էր: Ապրեցայ եզակի եւ անմոռանալի փորձառութիւն մը, որ խոր ազդեցութիւն ձգեց վրաս:
Առաջին հերթին զգացի, թէ որքա՛ն մեծ ուժ ունինք` իբրեւ հայ ժողովուրդ: Այն զգացումը, որ աշխարհի չորս ծագերուն կան այնպիսի հայեր, որոնք մեզի պէս կը մտածեն ու մեզի պէս կը զգան, աւելի ուժ տուաւ ինծի: Այն զգացումը, որ մենք իրարու կողքին ենք` նոյն ոգիով, նոյն նպատակով, նոյն հայրենասիրութեամբ, նոյն պատրաստակամութեամբ, ունինք միասնականութիւն, հաւատք եւ տոկունութիւն: Այն միասնութեան ոգին, զոր զգացի, ինծի ներշնչեց այնպիսի յոյս, որ մենք երբե՛ք պէտք չէ յուսահատինք կամ յանձնուինք` հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն` ներքին թէ արտաքին գետնի վրայ…
Կ՛արժէ ըսել նաեւ, որ այս ճամբարը ընկերային կողմէ առիթ տուաւ մեզի նոր ընկերուհիներու ծանօթանալու տարբեր երկիրներէ, ինչ որ սկիզբը քիչ մը տարօրինակ թուեցաւ, բայց երբ շաղուեցայ իրենց հետ, անդրադարձայ, որ նոյն նպատակով հաւաքուած ենք մէկտեղ եւ նոյն ազգային ոգիով լեցուն ենք, հետեւաբար շատ աւելի հեզասահ ընթացաւ մեր ճամբարի գործունէութիւնը:
Առիթը ունեցայ նաեւ արցախցի աղջկան մը հանդիպելու, անոր ընդմէջէն շնչելու մեր արծուաբոյն Արցախի տոկուն նկարագիրը, դիմադրողական ոգին, բարձրաբերձ լեռներու անառիկութիւնը, հարուստ մշակոյթն ու աւանդը, ինչ որ անբացատրելի եւ աննկարագրելի զգացում էր:
Ճամբարին դասախօսութիւններուն նիւթերը շատ տպաւորիչ էին` նկատի ունենալով, որ մենք կարիքը ունէինք այս նիւթերուն մօտէն ծանօթանալու եւ գիտնալու, մանաւանդ երբ դասախօսները ներկայիս պետական եւ կուսակցութեան ներկայացուցիչներ են:
Ճամբարին ընթացքին ա՛լ աւելի համոզուեցայ, որ միայն խօսքերն ու արտայայտուած միտքերը բաւարար չեն: Պէտք է գործենք: Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք` կանգնելու մեր հայրենիքին կողքին` ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ` իրակա՛ն քայլերով, արդար գործով ու աշխատանքով: Մենք չենք կրնար մենք մեզի թոյլ տալ միայն լսել ներկայացումները եւ անցնիլ մեր առօրեային, ինչպէս Սիմոն Զաւարեան կ՛ըսէր. «Խօսքը առանց գործի` մեռեալ է»:
Այսպիսի ճամբարները կենսական կարեւորութիւն ունին: Պէտք է շարունակական ըլլան` ամէն երկու կամ երեք տարին անգամ մը, որպէսզի նոր սերունդի բոլոր երիտասարդները այս առիթը ունենան: Այս այն զգացողութիւնն է, որ մենք` հայերս, բոլորս պէտք է ապրինք մեր զոհուած, իրենց կեանքը նուիրած ֆետայիներուն շունչով եւ շարունակենք իրենց գործը:
Այո՛ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ:
ՍԱՐԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ
Մեզ Միացնողը Դաշնակցութիւնն Է
Անցնող շաբաթներուն առիթը ունեցայ մասնակցելու բանակումի մը, որ երկար բացակայութենէ ետք կայացաւ Հայաստանի մէջ` «Պիտի՛ վերադառնանք» խորագիրով, եւ որուն մասնակցեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական բոլոր միութիւնները:
Բանակումը անկեղծօրէն մեծապէս տպաւորիչ փորձառութիւններէս մէկն էր, լեցուն էր ուրախ պահերով, զուարճութեամբ եւ նոր ընկերութիւններով:
Կ՛արժէ նշել, թէ բանակումը յաջող էր, որովհետեւ ունէինք պատասխանատու կազմ մը, որ միշտ կազմակերպուած էր, պատասխանատու եւ ոգեւորիչ: Անոնց առաջնորդութեամբ բանակումը ունեցաւ դրական մթնոլորտ մը:
Բանակումին առիթ ունեցանք ծանօթանալու նոր ընկերներու, որոնց հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծեցինք: Սակայն բանակումը միայն զուարճանալու առիթ չէր, մենք ունեցանք շարք մը դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ, որոնք մեզ աւելի խոր կերպով ծանօթացուցին մեր կուսակցութեան նպատակներուն: Այս քննարկումները եւ դասախօսութիւնները առիթ տուին մեզի հասկնալու, թէ մենք` դաշնակցական երիտասարդներս, ի՛նչ մեծ արժէք կրողներ ենք, որովհետեւ չկայ իրաւունք մը, որ կը մեռնի, երբ անոր տէր երիտասարդութիւն կայ:
Դաշնակցութիւնը պարզ կուսակցութիւն մը չէ՛, ան գաղափար մըն է, շարժում մըն է, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ խոր արմատներ ունի: Դաշնակցութիւնը սերունդներու պայքարի եւ զոհողութեան մարմնացումն է: Ան մեզ կը միացնէ ոչ միայն որպէս հայ, այլ` որպէս գիտակից ու գործուն մասնակցող անդամներ հայ ժողովուրդի արդար Դատի իրականացման գործին:
Այս բանակումը եղաւ վերամիացում` մեր ազգային եւ քաղաքական ինքնութեան հետ: Զգացի, որ Դաշնակցութիւնը միայն կուսակցութիւն մը չէ, այլ հզօր կապ մըն է, որ մեզ կը միացնէ առանց տարբերութեան` թէ ուրկէ՛ ենք, այդ մէկն է, որ մեզ դարձուց մէկ բռունցք, միշտ պատրաստ` հասնելու մեր ժողովուրդին, մեր գաղութներուն ու մեր հայրենիքին:
Այս փորձառութէնէն ետք աւելի գիտակից պէտք է դառնանք մեր դերին` իբրեւ հայ երիտասարդներ, աւելի պատրաստ ըլլալով շարունակելու պայքարը եւ տարածելու այն գաղափարները, որոնք մեզ կը միացնեն:
ՄԻՐԷՅ ԺՄՄՕ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ
Պիտի՛ Վերադառնանք, Մահ Կամ Ազատութիւն
Աւելի քան 11 տարիէ անդամ ըլլալով ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ»-ին, ինչպէս նաեւ` վերջին 6 տարիներուն Կեդրոնական վարչութեան, յաճախ առիթը ունեցած եմ մասնակցելու երիտասարդական-ուսանողական տարբեր խորհրդաժողովներու: Տարբեր առիթներով լսած եմ մեր աւագ ընկերներու յուշեր եւ անմոռանալի յիշատակները համահայկական բանակումներուն մասին, որոնց պատճառով իմ ալ փափաքս դարձաւ օրին մէկը մասնակցիլ համահայկական բանակումի մը:
14 տարուան բացակայութենէ ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կազմակերպեց ՀՅԴ Համահայկական բանակում մը, որ տեղի ունեցաւ 15-23 յուլիս 2025-ին, Հայաստանի Հանքաւան գիւղին մէջ:
ՀՅԴ «Նոր սերունդ» միութիւնը այս բանակումին ներկայացաւ իր 12 ընկերներով, որոնք հիացած եւ ուրախ էին, բազմաթիւ նոր բարեկամներ ունեցան եւ վերադարձան Ֆրանսա` նոր գիտելիքներով ու նոր եռանդով, անհամբեր սպասելով յաջորդ առիթին, որպէսզի դարձեալ միանան իրենց մեծ ընտանիքի ընկերներուն եւ ծանօթանան նորերու:
Բայց կ՛ուզեմ անպայման յիշել իմ երկու թանկարժէք ընկերներս, որոնք չկարողացան մասնակցիլ սոյն բանակումին` Նժդեհ Գարագաւորեանն եւ Սիւնէ Աբրահամեանը, որոնց Հայաստան մուտքը արգիլուած է Հայաստանի ներկայ ազգադաւ իշխանութեան կողմէ:
Ինչպէս կը նշէ մեր բանակումին կարգախօսը` «Պիտի՛ վերադառնանք»: Վստահ եմ, որ ես ու իմ ընկերներս մասնակից կ՛ըլլանք յաջորդ բանակումին Արցախ` Շուշիի լեռներուն:
Մինչ յաջորդ հանդիպումը, մնա՛նք, սիրելի երիտասարդներ, հաւատարիմ մեր գաղափարներուն:
Պիտի վերադառնանք, մահ կամ ազատութիւն:
ՅՈՎԻԿ ՎԱՀՐԱՄԻ
ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի
Կեդրոնական վարչութեան անդամ
Հայաստան` Նոր Մտածումներու Աղբիւր
Վերջերս առիթ ունեցայ մասնակցելու «Պիտի՛ վերադառնանք» կարգախօսով Հայաստանի մէջ կայացած ՀՅԴ համահայկական երիտասարդական եւ ուսանողական բանակումին, որ իմ կեանքիս կարեւորագոյն փորձառութիւններէն մէկը դարձաւ: Այս բանակումը ոչ միայն հնարաւորութիւն մըն էր մեր պատմական հայրենիքը աւելի մօտէն ճանչնալու, այլ նաեւ` ինքնաճանաչման եւ ինքզինքս վերագտնելու առիթ մը:
Բանակումին ընթացքին հանդիպեցայ բազմաթիւ երիտասարդներու` աշխարհի տարբեր անկիւններէն` Պրազիլէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէն: Այս բազմազանութիւնը շատ տպաւորիչ էր: Կարողացանք կիսել մեր հայկական ինքնութեան հետ կապուած մեր զգացումները, աւելի լաւ ճանչնալ իրարու մշակոյթն ու ապրելակերպը, եւ այս ընկերային փոխյարաբերութիւնները դարձան ոգեշնչման աղբիւր մը:
Մեր ընդհանուր ժառանգութիւնը, մեր ցաւն ու մեր յոյսերը միացուցին մեզ: Այդ օրերուն վերանորոգեցի իմ ուխտս` հաւատարիմ մնալու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարներուն: Այս կազմակերպութիւնը, որուն մաս կը կազմենք, յաւերժօրէն պէտք է ծառայէ մեր ժողովուրդի շահերուն: Հասկցայ, որ մեր պարտքն է շարունակել պայքարը` յանուն արդարութեան, յանուն ազատութեան:
Ճամբարի աւարտին իմ մտածելակերպս բոլորովին փոխուած էր: Այլեւս չեմ դիտարկեր մեր ազգային հարցերը նոյն կերպով: Աւելի խոր հասկցայ, որ յառաջիկային մեր տուած որոշումները մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր ժողովուրդի ապագային վրայ:
Այս փորձառութիւնը ինծի տուաւ նոր ուժ եւ եռանդ` շարունակելու իմ աշխատանքս: Այլեւս համոզուած եմ, որ մեր միասնականութիւնը, մեր հաւատքն ու յանձնառութիւնը կրնան մեզ առաջնորդել դէպի լուսաւոր ապագայ:
Հիմա, երբ վերադարձած եմ Լիբանան, ինքզինքս կը զգամ աւելի հարուստ եւ պատրաստակամ: Պատրաստ եմ մեր նահատակներու երդումին հաւատարիմ մնալու եւ նոր որոշումներով, նոր մտածումներով նոր կեանք սկսելու:
ՅԱԿՈԲ ԳԻԶԻՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ
Ամրապնդեցինք ՀՅԴ-ի Գաղափարին
Ծառայելու Մեր Հաստատակամութիւնը
ՀՅԴ համահայկական երիտասարդական եւ ուսանողական բանակումները պատմականօրէն հիմնաքարը հանդիսացած են դաշնակցական երիտասարդութեան համախմբումին: Դաշնակցականին համար կազմակերպութեան չափ էական է նաեւ կազմակերպուածութիւնը եւ այս բանակումը, իր էութեամբ, արդէն իսկ կը նպաստէր աշխարհասփիւռ Դաշնակցութեան ընտանիքի երիտասարդութեան կազմակերպուածութեան:
Այս տարի եւս աւելի քան 350 դաշնակցական երիտասարդներ, աշխարհի զանազան անկիւններէն համախմբուած, ձայն բարձրացուցին մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած հարցերուն շուրջ` նպատակ ունենալով միաւորել ջանքերը ի սպաս հայրենիքին, ի շահ միացեալ պայքարին:
Բանակումի օրակարգը բեղուն էր, իմաստալից ու նպատակասլաց: Դժուար է բառերու մէջ ամփոփել ութ օրուան ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտն ու գործադրուած ծրագիրները, սակայն կարելի է հաստատել, որ ամէն մէկ այցելութեան, ամէն մէկ քննարկումի եւ ամէն գիշեր խարոյկին շուրջ կը տիրէր նոյն ոգին` գաղափարին ծառայելու հաստատակամութիւնը:
Սարդարապատն ու Եռաբլուրը անբաժան մաս կազմեցին այս բանակումին: Ո՛չ միայն վայրեր, այլ խորհրդանիշներ` դաշնակցականի կեանքին մէջ: Խորհրդանիշներ` «Մահ կամ ազատութիւն» գաղափարին, որուն շուրջ կը ձեւաւորուի դաշնակցականի մը ամբողջ էութիւնը:
Էջմիածնի Մայր Աթոռ այցելութիւնը լուսարձակի տակ առաւ մեր երդումը` պաշտպանել ազգային ու հոգեւոր արժէքները: Իսկ Ծիծեռնակաբերդի եւ «Նեմեսիս»-ի արդարութեան յուշարձաններուն այցելութիւնները պատգամ էին` ե՛ւ բարեկամին, ե՛ւ թշնամիին: Այս էր պատգամը այս բանակումին, եւ այս է Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը, որ նոյնիսկ խնճոյքի սեղանին շուրջ կը յիշէ եւ կը փառաբանէ ազգի հերոսները` համեստօրէն ուխտելով շարունակել անոնց գործը: Այս տրամադրութիւնը տիրական էր խարոյկին շուրջ ամէն գիշեր, եւ այս ոգիով ընթացան բանակումի մեր բոլոր աշխատանքները:
Բանակումին «Պիտի՛ վերադառնանք» կարգախօսը իր մէջ կը կրէ բազմազան իմաստներ ու մեկնաբանութիւններ, սակայն անոնց էութիւնը կը մնայ մէկ` վերադարձ դէպի ակունք, դէպի հայրենի հողեր, դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Հոն, ուր կը սկսի մեր ժողովուրդին պատմութիւնը:
Ամբոխները չեն կրնար պատմութիւն փոխել, եւ մենք ամբոխ մը չենք: Մենք ենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը եւ կը գիտակցինք, որ ազգիս բարօրութիւնը կը սնանի զոհողութեան սեղանէն:
Այդ պատմութեան շարունակականութիւնը կը պահանջէ որակաւոր զոհողութիւն:
Այս բանակումը բացի գաղափարական իր բնոյթէն` եղաւ նաեւ կազմակերպական ու քաղաքական դպրոց: Նպատակը յստակ էր` բարձրացնել դաշնակցական երիտասարդութեան կարողութիւններն ու քաղաքականացման մակարդակը, որպէսզի անոնք աւելի կազմակերպուած կերպով նետուին աշխատանքի դաշտ:
Բանակումին աւարտը հրաժեշտէ աւելի` խոստում մըն էր գաղափարակից ընկերներու միջեւ` յաջողութիւն մաղթելով զիրար եւ բոլորիս աշխատանքին: Վստահ եմ, որ այս բանակումը նոր թափ պիտի տայ մեր աշխարհասփիւռ աշխատանքներուն: Ուստի ես ալ, իմ կարգիս, յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր բոլոր աշխատանքներուն, ընկերնե՛ր:
Մինչ յաջորդ հանդիպում:
ՄՈՎՍԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան
Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ
«Պիտի՛ Վերադառնանք»-ը Այլեւս
Կարգախօս Մը Չէ, Այլ` Նպատակ Մը
Վերջապէս, 14 տարի ետք ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը իրականացուց հայ երիտասարդներու վերադարձը դէպի հայրենիք:
Մեր տպաւորութիւնները սկսան առաջին իսկ վայրկեանէն, երբ հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ, աշխարհի չորս ծագերէն, հաւաքուած էինք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ` բոլորով ունենալով նոյն նպատակը:
Բացումը տեղի ունեցաւ «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողին դիմաց, ուր իբրեւ հայ երիտասարդներ` խորապէս զգացինք կարեւորութիւնը մեր կուսակցութեան գաղափարին հանդէպ հաւատարմութեան: Ապա ուղղուելով դէպի Արամ Մանուկեանի արձանը, Երեւանի փողոցներուն մէջ անվախօրէն զինանշանը կրելով մեր շապիկներուն վրայ, մենք մեզ անպարտելի զգացինք:
Երբ բանակավայր հասանք, անմիջապէս գօտեպնդուեցանք, որպէսզի ամբողջութեամբ ապրինք այս փորձառութիւնը: Դասախօսութիւնները պարզ տեղեկատուութիւն չպարունակեցին: Անոնք մեզ ստիպեցին հարցումներ ուղղել մենք մեզի, մեր ընտրած ուղղութեան եւ մեր ապագայ դերակատարութեան մասին:
Երբ այցելեցինք Եռաբլուր, տեսանք, որ ան այլեւս բլուրի գագաթ մը չէր, այլ ընդարձակ տարածքը ծածկուած էր նահատակներու շիրիմներով: Բազմաթիւ ընկերներ եւ ընկերուհիներ զոհուած իրենց ընկերներուն գերեզմանները կ՛այցելէին: Զոհուած ընկերներ, որոնք կրնային այն պահուն մեզի հետ բանակումի եղած ըլլալ…
Երեկոյեան, խարոյկի շուրջ, յեղափոխական երգերու ճամբով ամուր կապ մը ստեղծուեցաւ մեր միջեւ` հայրենիքէն դուրս եւ ներս ապրող հայ երիտասարդներուս: Միասին ժպտեցանք, յոգնեցանք, ոգեւորուեցանք ու ամրացանք: Այդ օրերուն մենք ոչ միայն ընկերներ դարձանք, այլ` զինակիցներ:
Բանակումը սովորական ճամբար չէր: Ամէն մէկ պահը կերտուած էր նպատակով` մեր մէջ արմատաւորելու Հայ դատի տեսլականը, ՀՅԴ-ի արժէքներն ու ծառայութեան գիտակցութիւնը:
Բանակումը փակուեցաւ, բայց զգացումները բաց մնացին: Մենք հրաժեշտ կու տայինք երգերուն, վայրին, իսկ ամէնէն դժուարը այն զգացումն էր, որ այս մէկը վերջ մը չէ: Յիշատակները վառ կը մնան մեր միտքերուն մէջ, իսկ մեր սրտերուն մէջ` պատասխանատուութեան բեռը: Այս հրաժեշտը ժամանակաւոր է: «Պիտի՛ վերադառնանք»-ը այլեւս կարգախօս մը չէ, այլ` նպատակ մը:
ԾՈՎԻՆԱՐ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ Կիպրոսի երիտասարդական միութիւն