Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Արժէքներու Պահպանութեան Կարեւորութիւնը Եւ Այժմէականութիւնը

Հոկտեմբեր 23, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Իսկ եթէ օր մը արթննանք եւ հայոց լեզուն այլեւս չխօսինք, մեր երգերը չ՛երգենք, «Տէր ողորմեա»-ն մեզի ըլլայ անծանօթ եւ մեր անունները օտար հնչեն, պիտի գիտնա՞նք, թէ ո՛վ ենք մենք, եւ այդ պարագային ի՞նչ պիտի ըլլան մեր արժէքները, եւ ո՞ր ազգին պիտի պատկանինք:

Յաճախ այս հարցումը կը հարցնենք մեր միտքերուն մէջ: Ո՞վ ենք մենք, ինչո՞վ կը սահմանափակուի մեր ինքնութիւնը իբրեւ հայ:

Երբ կը խօսինք ազգային արժէքներու պահպանութեան կարեւորութեան եւ այժմէականութեան մասին, կրնանք մօտ պատասխանի մը հասնիլ այս հարցումներուն: Ազգային արժէքները չեն սահմանափակուիր միայն հին պատմութիւններով կամ թանգարանի հարստութիւններով: Ազգային արժէքներ ըսելով ի մտի ունինք ամբողջ ազգի մը պատմութիւնը, կերտած մշակոյթը, կրօնը, լեզուն, գիր ու գրականութիւնը: Անոնք նիւթական արժէքներ չեն, այլ բարոյական, զանոնք կ՛ընդգրկէ ամէն մէկ անհատ, որ ունի նոյն արժէքները, որոնք այդ անհատները միացնելով զանոնք կը վերածէ մէկ ազգի:

Այսօրուան արագընթաց աշխարհը` համացանցերը, ընկերային ցանցերը, ամէն կողմէն նոր միտքեր, նոր լեզուներ, նոր մշակոյթներ կը ներկայացնեն, որոնք այսօր անհրաժեշտ կը թուին մեզի, բայցեւայնպէս ունին իրենց վտանգը: Օրինակ` ներկայիս առցանց նամակները, զորս կ՛ուղարկենք, եւ կամ մեր միտքերը եւ մեր հայերէն բառերը, զորս կ՛արտայայտենք, անոնք մեծամասնութեամբ գրուած կ՛ըլլան լատինատառ, ինչ որ ինքնին մեծ վտանգ կը ներկայացնէ հայոց լեզուի պահպանութեան եւ ձուլումի դէմ պայքարին առումով: Երբ հայ երիտասարդ մը կը գրէ իր մօր լեզուով, կը սիրէ իր երգը կամ կը ճանչնայ իր պատմութիւնը, ան ինքնին կը դառնայ արժէքի կրող եւ պահպանող:

Բայց ներկայ փոթորկոտ ալիքներուն մէջ, ազգային արժէքները կը դառնան մեր նաւահանգիստը: Անոնք մեզի կը յիշեցնեն մեր արմատները, մեր նախնիներուն պայքարը եւ այն հաւատքը, որ մեզ կը պահէ մէկ վերնագիրի տակ` հայ ժողովուրդ:

Արդեօք կարելի՞ է բարեփոխել աւանդութիւնն ու որդեգրել նորութիւնը` քայլ պահելու համար ներկայ աշխարհին հետ, առանց կորսնցնելու մեր ինքնութիւնը:

Պահպանել ազգային արժէքները չի նշանակեր միայն անցեալը յիշել: Ան կը նշանակէ անցեալը սորվելով, ներկան բարեփոխելով, կերտել բարգաւաճ ապագայ յանուն մեր ժողովուրդին եւ սփիւռքին: Փոխանցելով զանոնք նոր սերունդներուն, յարմարեցնելով ներկայ ժամանակակից կեանքին, առանց հետեւելու օտարութեան ու ձուլումի:

 

Նախորդը

Պահպանենք, Որպէսզի Փրկենք

Յաջորդը

Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն

RelatedPosts

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն

Հոկտեմբեր 23, 2025
Պահպանենք, Որպէսզի Փրկենք
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պահպանենք, Որպէսզի Փրկենք

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?