Քաղաքականութեան մէջ օգտագործուած արտայայտութիւնները ինքնին սահման պէտք է ունենան, երբ կը վերաբերին ամբողջ հայրենիքի եւ ազգի մը հիմնական սիւներուն: ՀՅԴ-ի համար ազգային արժէքներու պահպանումը գաղափարական հիմնասիւն է եւ, իբրեւ այդպիսին, դաշնակցական մարդը չի կրնար հանդուրժել Հայաստանի ներկայ ազգադաւ իշխանութիւններուն որդեգրած վերջին շաբաթներու ընթացքը: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը հարուածէ Հայ առաքելական եկեղեցին: Ինչպէ՞ս կարելի է թիրախ դարձնել ազգային այս հիմնասիւնը, 1375-ի Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք հայն ու հայկականութիւնը պահպանած եկեղեցին ինչպէ՞ս կարելի է արժեզրկել:
Պատահածը զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ չմնաց ազգադաւ արարք մը, զոր չկատարեցին այսօրուան իշխանութիւնները: Տակաւին օրեր առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Թուրքերուն հաճոյանալու համար պէտք է հալածել Դաշնակցութիւնը, եկեղեցին, եւ իր արժէքը Թուրքիոյ մէջ բարձրացնելու պարունակին մէջ սա շատ կարեւոր է Փաշինեանի համար»: Այս խօսքը ինքնին բաւարար է` հաստատելու, որ թուրքին հաճելի թուելու համար Նիկոլ Փաշինեան պատրաստ է ամէն տեսակի քայլեր որդեգրելու: Հայ առաքելական եկեղեցին արժէք է, իսկ անոր պահպանումը` հրամայական:
Դաշնակցական երիտասարդութեան համար յստակ է, որ դանակը ոչ միայն ոսկորին հասած է, այլեւ` ոսկորը նոյնիսկ փշրած է: Հետեւաբար ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իբրեւ դաշնակցական երիտասարդութեան դաստիարակչական միաւոր ու ներկայացուցիչ, կու գայ խստօրէն դատապարտելու Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ազգադաւ եւ դաւաճանական այս նոր վարքագիծը` հաստատելով, որ այս իրավիճակը մեզ կը տանի հաստատ դէպի անդունդ:
Ինչ կը վերաբերի Փաշինեան-Էրտողան տեսակցութեան, կարելի է ըսել, որ Նիկոլ Փաշինեան այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծած է, որ կարծէք Հայաստան «Էրմինիստան վիլայէթ»-ն է, իսկ ինք` Փաշինեան, այդ տարածքին «պէյ»-ը:
Քրիստափոր Միքայէլեան կ՛ըսէ. «Յարատեւ կռիւ, յաճախ եւ երկար ժամանակ գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին. ահա՛ թէ ուր է մեր փրկութեան բանալին»: