ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» Մասնաճիւղ
Հայ ազգի երկարամեայ պատմութիւնը առանց պետականութեան եւ անոր արձանագրած յաղթանակները յանուն գոյութեան մղուած պայքարներու մէջ վառ ապացոյցներ են, թէ հայ ազգին յաւիտենականութիւն եւ դիմացկունութիւն շնորհող միակ ուժը եղած է ժողովուրդի կառչածութիւնը ազգային ինքնութեան արժէքներուն: Նոյնիսկ հայոց պատմութեան ամէնէն մութ օրերուն, երբ յոյսի փոքր նշոյլ մը անգամ նշմարելը դժուար կը թուէր, հայ ժողովուրդը ազգային արժէքներով առաջնորդած է իր կեանքի նաւը դէպի ապահով ափեր:
Իսկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 4 գաղափարական հիմնասիւներէն մէկը, որ կը կանգնի յեղափոխութեան, ընկերվարութեան եւ ժողովրդավարութեան կողքին, ազգայինն է: Սկզբունք մը, որ դարեր շարունակ մղած է հազարաւոր հայորդիներ նոյնիսկ իրենց կեանքին գնով տէր կանգնելու հողին եւ ժողովուրդի իրաւունքներուն:
1921 թուականէն ետք, երբ վերջնականապէս կորսնցուցած էինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ կաերտուած էր ազգային գաղափարախօսութեան հիման վրայ, եւ Հայաստանը ինկած էր համայնավար իշխանութիւններու լուծին տակ, հսկայական հալածանք կրեցին մեր ազգային արժէքները եւ զանոնք պահպանող հայ ժողովուրդը: Սակայն հայկական սփիւռքը շարունակեց լայնածաւալ պայքարը` սփիւռքի գաղութները դարձնելով հայոց ազգային արժէքներով զինուած կիզակէտեր:
Սակայն այսօր աշխարհի մէջ ընդհանուր յառաջխաղացքը, համաշխարհայնացումը եւ աշխարհաքաղաքական զանազան իրադարձութիւնները տարիներու ընթացքին թմրեցուցած են եւ կը շարունակեն թմրեցնել բոլոր ժողովուրդներուն ազգային ոգին` յառաջ մղելով մարդկայնութեան եւ սուտ խաղաղութեան լոզունգները: Հայ ազգը անբաժանելի մասը մնալով աշխարհին, մանաւանդ սփիւռքի գաղութներուն մէջ կրեց հսկայական վնասներ: Բոլոր գաղութներուն մէջ հայեցի դիմագիծի պահպանումը վերածուած է մարտահրաւէրի, եւ մատղաշ սերունդէն զգալի մաս մը կը գերադասէ համաշխարհայնացումի քարոզած լոզունգները, քան դարեր շարունակ մեր ազգը պահպանած ազգային արժէքները:
Այս բոլորին կողքին հայոց ազգային արժէքներու խոչընդոտ կը հանդիսանայ նաեւ Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնը` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, որ կեղծ խաղաղութեան օրակարգերով եւ սուտ խոստումներով թմրեցուցած է հայ ժողովուրդի ազգային ոգին:
Այս բոլոր մարտահրաւէրները ոչ թէ յուսահատութեամբ, այլ պատասխատուութեան զգացումով եւ դիմադրողականութեամբ պէտք է լեցնեն մեր հոգիները: Այսօր ամբողջ հայ ժողովուրդը, միասնաբար իբրեւ մէկ ամբողջականութիւն պէտք է ըլլայ Հայաստանի թէ սփիւրքի մէջ, պէտք է պայքարինք եւ յաղթահարենք այս բոլոր մարտահրաւէրները: Իսկ իբրեւ երիտասարդներ, մանաւանդ դաշնակցական երիտասարդներ պէտք է լաւապէս գիտակցինք մեր դերակատարութեան կարեւորութեան հայ ազգի գոյամարտին մէջ, մնանք կառչած մեր ազգային արժէքներուն եւ հազարամեայ սկզբունքներուն, պէտք է ուղղենք շեղած եւ մոլորուած մեր հայրենակիցները` առաջնորդելով զանոնք դէպի արմատներ` ազգային արժէքներ, որոնք դարեր շարունակ եղած են մեր ժողովուրդին կեանք ներշնչող աղբիւրներ: Յարատեւ, ամէնօրեայ պայքարով եւ համազգային արժէքներուն կառչածութեամբ է միայն, որ կարելի կրնայ ըլլալ փրկել ազգ մը զինք շրջապատող վտանգներէն: