Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահպանենք, Որպէսզի Փրկենք

Հոկտեմբեր 23, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Պահ մը պատկերացուցէ՛ք ժողովուրդ մը առանց սեփական լեզուի, ազգ մը` առանց պետութեան, ինքնութեան եւ մշակոյթի…

Ազգային արժէքը հաւաքական արժէք մըն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ: Անիկա գանձ մըն է, զոր կը ժառանգէ իւրաքանչիւր անհատ, միաժամանակ պարտականութիւն կ՛ունենայ զայն պահպանելու, խնամելու եւ յանձնելու իր յաջորդներուն: Ազգային արժէքները կը հանդիսանան մեր գոյութեան արմատները, զորս շատ դժուար է պոկել, սակայն երբ պոկուին, ազգ մը կը փճանայ եւ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:

Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը կերտած է յաղթանակներ եւ կրած պարտութիւններ: Զանազան ելեւէջներով հանդերձ հայը կրցած է գոյատեւել շնորհիւ իր ազգային արժէքներու պահպանութեան, որովհետեւ ան կը հաւատայ, թէ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր հաւաքական կամքին եւ ուժին զուգահեռ ինքնութեան պահպանութեան մէջ ալ է:

Համաշխարհայնացումը եւ համացանցի զարգացումը փոխած են աշխարհի իսկական դիմագիծը եւ ժողովուրդին ընթացքը, հետաքրքրութիւններն ու մտածումները: Ժողովուրդը սկսած է անտեսել իր անցեալը, հետաքրքրութիւնը կեդրոնացուցած է միայն ներկային վրայ, ապագան ալ վստահելով արհեստական բանականութեան: Արհեստական բանականութիւնը հետզհետէ յառաջդիմելով զարգացուց եւ պիտի շարունակէ զարգացնել համայն աշխարհը: Ան աւելի պիտի կապէ բոլոր երկիրները իրարու հետ եւ զանոնք պիտի դարձնէ մէկ երկիր եւ այսպէս կոչուած «մէկ պետութիւն», որուն մէջ պիտի նոյնանան ամէն բան, ներառեալ մշակոյթը: Այսօրուան երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը ուրախ են արհեստական բանականութեան զարգացումով, բայց արդեօք որեւէ ժամանակ կը մտածե՞ն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոնց ազգային արժէքներուն ճակատագիրը: Արդեօք հետագայ սերունդներուն հետ, զարգացած աշխարհին մէջ պիտի գոյատեւէ՞ մեր ինքնութիւնը, թէ՞ գիրքերու մէջ պիտի մնայ եւ թաղուի մոռացութեան շուքին ներքեւ:

Աւելի՛ն, Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնն ու ազգային արժէքներու հանդէպ մօտեցումը յաճախ կը մտահոգէ մեզ: Հայաստանի կառավարութիւնը կը ջանայ նենգափոխել մեր ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային արժէքները, որպէսզի համակերպինք աշխարհի չար պահանջին հետ, թշնամիին առջեւ ծունկի գալով աղերսենք հաշտութեան համաձայնութիւն եւ այսպէս կոչուած կեղծ «խաղաղութիւն» հաստատենք անոնց հետ` մոռնալով, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը մնան անցեալի նոյն ցեղասպան պետութիւնները, որովհետեւ անոնց համար ո՛չ խաղաղութիւնը, ո՛չ բարի դրացնութիւնը, ո՛չ ալ համագործակցութիւնը կարեւոր են: Այսօրուան իշխանութիւնը կը փոխարինէ Հայոց պատմութիւնը` զայն Հայաստանի պատմութեան վերածելով, Հայաստանը` իրական Հայաստանի, եւ աւելի՛ն` Արարատ լեռը կը վերացնէ պետութեան խորհրդանիշներէն: Յաւերժական ձիւնով ծածկուած այն Արարատը, որ իր հզօր հայեացքով կը հանդիսանայ մեր ազգի գոյատեւման խորհրդանիշը, իւրաքանչիւր հայու ուխտավայրը եւ պահանջատիրութեան ջահը բարձր պահող մղիչ ուժը…

Ո՞ր հայը իր մանուկ հասակէն չէ մեծցած Արարատի լուսանկարին օրհնութիւնով, ըլլայ անիկա տան, ակումբին կամ դպրոցին մէջ: Ո՞ր հայ մանուկին առաջին գծագրութիւններէն մէկը չէ եղած Արարատ լեռը: Արարատը ինքնին գրաւիչ եւ տպաւորիչ պատգամ մը ունի իւրաքանչիւր հայու` առանց տարիքի խտրութեան: Արարատը իր փայլքով մեզի ամէն անգամ կը յիշեցնէ, որ մեր պահանջատիրական երթը չ՛աւարտիր ու պիտի չաւարտի, մեր պայքարը կը շարուանակուի եւ պիտի շարունակուի ամէն վայրկեան: Ամէն սերունդ իր պատանի տարիքին յաճախ երգած է «Արարատի գլխին դրօշ պիտի դնենք վաղ թէ ուշ» կամ արտասանած է «Արարատի լանջերուն բանակում ընել կ՛ուզեմ», «Արարատի գագաթին թքնեմ թուրքին ճակատին», իսկ այսօրուան իշխանութիւնները այս քայլերով դէպի ո՞ւր կ՛ուղղեն մեզ: Դէպի նոր պետութեան կերտո՞ւմ, թէ՞ ազգակործանում:

Օտարութեան մէջ մեզ հայ պահողը եւ մեր ժողովուրդի յարատեւութիւնը ապահովողը ազգային արժէքներն են: Մեր արմատները կը կոտրին ու կը փճանան այն ատեն, երբ պահող, խնայող եւ յաջորդող սերունդներուն փոխանցող չ՛ըլլայ: Հետեւաբար այսօր, աւելի քան երբեք, իբրեւ ազգի ժառանգորդներ պէտք է մեր շունչը երկար պահել ու չխեղդուիլ համաշխարհայնացումի, ձուլումի եւ օտարամոլութեան ալիքին տակ: Շարունակենք կառչած մնալ մեր ազգային արժէքներուն, պահպանենք մեր անցեալը, ամրապնդենք ներկան` կերտելու համար ապագան:

 

 

Նախորդը

Առանց Մշակոյթի Չկայ Ապագայ

Յաջորդը

Ազգային Արժէքներու Պահպանութեան Կարեւորութիւնը Եւ Այժմէականութիւնը

RelatedPosts

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Վերադարձ Արմատներուն` Ազգային Արժէքներուն

Հոկտեմբեր 23, 2025
Ազգային Արժէքներու Պահպանութեան Կարեւորութիւնը Եւ Այժմէականութիւնը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ազգային Արժէքներու Պահպանութեան Կարեւորութիւնը Եւ Այժմէականութիւնը

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?