ՍԱՐԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ
Հայ ժողովուրդը ունի հարուստ ու փառաւոր անցեալ` գիրով, գրականութեամբ, արուեստով եւ մշակոյթով լեցուն, որոնք մեր գոյատեւման հիմքերն են: Այս արժէքները կը պահեն եւ կը միացնեն մեզ իբրեւ մէկ ժողովուրդ` աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ:
Այսօր մեր` երիտասարդներուս վրայ շատ մեծ պատասխանատուութիւն կայ` շարունակելու եւ պահպանելու մեր ազգային աւանդները: Մեր գիրերը` Մեսրոպ Մաշտոցի սուրբ գիւտը, միայն գրանշաններ չեն, այլ` մեր աշխարհի բանալին են, որոնք մեզ կապած են մեր անցեալին եւ մեր պատմութեան:
Գրականութիւնը մեր ազգի հոգին է: Շնորհիւ Գրիգոր Նարեկացիի, Խաչատուր Աբովեանի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ ուրիշներու, մենք ունեցած ենք կրթական եւ հոգեւոր լոյս, որ իր ազդեցութիւնը կը ձգէ մինչեւ այսօր: Արուեստները` երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը եւ պարն ալ կը ներկայացնեն մեր հաւաքական հոգին, մեր ցաւերն ու յոյսերը: Երբ կը լսենք Կոմիտասի երգերը կամ կը կարդանք Թումանեանի պատմութիւնները, կը զգանք մեր ժողովուրդին հոգին, որ ապրած է դարերու խորքը:
Իբրեւ երիտասարդներ մենք պէտք է պահպանենք այս գանձերը, որովհետեւ առանց անոնց կը կորսնցնենք մեր ազգի ինքնութիւնը: Մեր պարտականութիւնն է խօսիլ հայերէն, ինչու չէ գրել հայերէն ընկերային ցանցերուն վրայ եւ նոյնիսկ գնահատել հայ արուեստագէտները: Միայն այդպէս կարելի է պահել ու շարունակել մեր ազգային ոգին` զայն փոխանցելով գալիք սերունդներուն:
Հայ ազգային արժէքներու պահպանումը մեր ազգի գոյատեւման ճամբան է: Առանց մեր մշակոյթին չենք կրնար ունենալ ապագայ: Գիրը, գրականութիւնը, արուեստները եւ մեր ազգային արժէքները պիտի պահենք ոչ միայն իբրեւ անցեալի յիշատակ, այլ իբրեւ մեր ներկայութեան ուժ: