Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այշէ Եըլտըրըմի Յօդուածը «Ճումհուրիյէթ»-ի Մէջ. «Կին Դատաւորին Համաձայն, Քիւրտ Չկայ, Հայ Կայ»

Հոկտեմբեր 6, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Ayse-Yildirim_10-06-15

Ատհայի տօնի արձակուրդի օրերուն մեր ուշադրութիւնը գրաւեց «Ճումհուրիյէթ»-ի հինգշաբթիի թիւին մէջ Այշէ Եըլտըրըմի յօդուածը, որ կը վերաբերէր Էրզրումի մէջ կատարուած դատավարութեան մը ընթացքին կին դատաւորի մը կողմէ քիւրտերու ու հայերու դէմ արտասանուած խօսքերուն: Այս կին դատաւորն ալ, հակառակ որ հոն բազմած էր արդարութիւն ու իրաւունք բաշխելու համար, անօրինակ զայրոյթով մը խօսեր է քիւրտերուն դէմ ու զանոնք նախատել կարծեր է «բոլորդ ալ հայ էք» ըսելով:

Հարցը հետեւեալն է: Համզա Պուլութ անուն քիւրտ մը եւ անոր քիւրտ մօտաւորապէս 25 ընկերները դատի տրուած էին, որովհետեւ անոնք որոշած էին հացադուլ գործադրել բողոքելու համար Սուրուչի մէջ գործուած սպանդներուն դէմ: Այս պատճառով ալ անոնք դատարան յանձնուեցան: Համզա Պուլութ ու ընկերները դատավարութեան ընթացքին ըսին, որ իրենք քիւրտ են եւ իրենք զիրենք աւելի լաւ կը պաշտպանեն, եթէ քրտերէն խօսին: «Այո՛, մենք հայ ենք, թուրք, արաբ, քիւրտ ենք, հոս ենք, մենք զմեզ մայրենի լեզուով պիտի պաշտպանենք», ըսաւ Պուլութ: Այս խօսքին վրայ է, որ կին դատաւորը սաստիկ զայրացաւ ու պոռաց.

«Քիւրտ չկայ, թո՛ւրք էք: Քրտերէն ըսուած բան մը չկայ: Այս պետութեան դպրոցներուն մէջ կարդացիք ու պետութեան հացը կերաք: Թրքերէն խօսեցէք, մի՛ դաւաճանէք պետութեան: Ահաբեկիչ էք, կը դաւաճանէք, հայ էք»:

Ըստ յօդուածագրին, կին դատաւորը սաստիկ զայրացած էր ու դեռ կը պոռար.

«Դո՛ւրս նետեցէք ասոնք: Ամէն օր ձեր ընկերները կը սպաննեն, մեր ոստիկանները կը սպաննեն, ես կին ըլլալով հանդերձ, ասոնց դէմ կը պայքարիմ, իսկ դուք հոս ձեր տեղերը հանգիստ կը նստիք ու հանդիսատես կը մնաք: Ասոնք ալ հայու պէս են: Եթէ առաջքը չառնուի, ով գիտէ` ի՛նչ կը պատահի»:

Յօդուածագիրը կը գրէ, որ ամբաստանեալները այս անսպասելի պոռթկումին դիմաց շշմեցան, բայց դիմում կատարեցին դատական աւելի վերին իշխանութիւններու ու գանգատեցան իրենց ցոյց տրուած վերաբերումէն: Ասիկա ցնցիչ է, որովհետեւ կը յիշեցնեն, որ 24 յունուար 2013 թուականին խորհրդարանը, լարուած մթնոլորտի մէջ ընդունած է դատարաններու մէջ մայրենի լեզուով ինքնապաշտպանութիւն ընելու իրաւունք մը: Փափաքողը կրնար քրտերէն ինքնապաշտպանութիւն ընել, վճարելով թարգմանիչի մը ծախսերը: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ կ՛երեւի թէ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան կառավարութիւնը սառնարանի մէջ դրած էր ո՛չ միայն քրտական հաշտութեան գործընթացը, այլ նաեւ` մայրենի լեզուով ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը:

Յօդուածին ամէնէն ցնցիչ մասը վերջաւորութիւնն է: Այսպէս կ՛եզրակացնէ Այշէ Եըլտըրըմ:

«Կին դատաւորին կողմէ ըսուած` «Ասոնք ալ հայ են» նախադասութեան նմանները Ճիզրէի մէջ փողոց ելլելու արգելքի օրերուն լսած էինք նաեւ ոստիկաններու բերնէն. «Բոլո՛րդ հայ էք, ձեր բոլորը պիտի սատկեցնենք»: Ոստիկաններու այս խօսքը օրեր շարունակ արձագանգած էր Ճիզրէի փողոցներուն մէջ: Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Պուրհան Գուզուն ալ կրցած էր ըսել. «Սպաննուած ահաբեկիչները անպայման պէտք է քննուին, պիտի տեսնուի, որ անոնց մեծ մասը թլփատուած չէ»: Պետութեան ապահովութեան պաշտօնեաներուն ու այլ ղեկավարներուն համաձայն, բոլոր քիւրտերը իրականութեան մէջ հայ են: Առաջ «քիւրտ չկայ, լեռնային թուրք կայ» կ՛ըսէին, իսկ հիմա հասեր ենք «Ամէն քիւրտ ՔԱԿ-ի անդամ է եւ ՔԱԿ-ի անդամ ամէն քիւրտ ալ հայ է» ըսելու կէտին: Հին շրջաններու Թուրքիոյ մէջ «Համայնավարները թող Մոսկուա երթան» կ՛ըսէին, իսկ հիմա մի՛ զարմանաք, եթէ նոր Թուրքիոյ մէջ ալ ըսեն. «Քիւրտերը Հայաստան թող երթան»:

 

 

Նախորդը

Հայ Իրաւաբաններու Միութիւնը Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնել Թուրքիոյ Մէջ Հայերու Հանդէպ Ատելութեան Տարածումը

Յաջորդը

Դասագիրքերը Դարձեալ Ատելութիւն Կը Քարոզեն Հայերու Դէմ. Հայերը Ցոյց Կը Տրուին Որպէս Դաւաճան Ժողովուրդ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?