Ըստ հայրենի «Նիուզ» լրատու գործակալութեան, թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան թղթակից Մուսթաֆա Ույկիւնը կոչ ուղղած է անխնայ կոտորելու քիւրտերը:
Դիմատետրի իր էջին վրայ Ույկիւնի այս մասին գրութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած եւ լայն արձագանգ գտած է:
Ան հետեւեալը գրած է. «Զոհուածին նկատմամբ մեր վերջին պարտականութիւնը ոչ թէ անոր դագաղը տանիլն է, այլ` արիւն հեղելը, արեամբ պէտք է լեցուին այդ լեռները: Մեր վերջին պարտականութիւնը պէտք է կոտորածը ըլլայ` առանց խնայելու երիտասարդը, ծերը, յղի կինը կամ երեխան»:
Այս գրառումը արժանացած է «լայքեր»-ու եւ անոր տակ գովեստի խօսքեր գրուած են: