«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Հայերը ի՞նչ թիւ կը կազմեն Կիպրոսի մէջ:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ.- Ներկայիս հոն կը բնակին 3.500 հայեր, որոնք մեծ մասամբ կեդրոնացած են Նիկոսիոյ մէջ: Հակառակ իր փոքրաթիւ ըլլալուն` հայութիւնը պահած է իր ինքնութիւնը: Գաղութին մէջ տեղի ունեցան յատկանշական ձեռնարկներ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ եւ այլն, եւ մանաւա՛նդ, ինչպէս տեղեակ էք, Կիպրոսի նախագահը ապրիլ 24-ին մասնակցեցաւ երեւանեան ոգեկոչումներուն: Աւելի՛ն. Կիպրոսը աշխարհի մէջ չորրորդ երկիրն է, ուր Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքը որդեգրուած է:
«Ն. Յ.»- Ամէն ոք ծանօթ է սփիւռքահայ կեանքին մէջ Մելգոնեան հաստատութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան: Այդ կրթօճախին փակումը ի՞նչ հետեւանքներ ունեցած է:
Վ. Մ.- Կրնամ ըսել, թէ Մելգոնեանի կորուստով ո՛չ միայն Կիպրոսի հայ գաղութը, այլ ընդհանրապէս արտասահմանի հայութիւնը մեծապէս աղքատացած է: Եթէ հաստատութեան ղեկավարները տարիներու ընթացքին ճիշդ ձեւով մօտենային հարցերուն, այդ աղէտը չէր պատահեր, եւ դպրոցը չէր փակուեր: Գիտէք, շատ սխալներ եղան, որոնց հոս չեմ ուզեր անդրադառնալ եւ կ՛ենթադրեմ, թէ պէտք չէ հին վէրքերը բանալ: Միւս կողմէ` ես անձնապէս գոհ եմ որ այն օրերու ներքին գործոց նախարարին միջոցով գոնէ յաջողեցայ երկու շէնքերը, տնօրէնին տունը եւ առջեւի անտառը (ծառերը տնկուած էին որբ մանուկներու կողմէ` ի յիշատակ իրենց ծնողներուն) պահպանեալ գօտիին մէջ ընդգրկել:
«Ն. Յ.».- Այդ պահպանուած շէնքերուն մէջ վերստին հայերէնը հնչեցնելու կարելիութիւնը կա՞յ:
Վ. Մ.- Գիտէք` ընդհանրապէս Եւրոպան եւ մասնաւորապէս Կիպրոսը հետաքրքրուած են փոքրամասնութիւններու լեզուներու պահպանման հարցով: Յիշեցնեմ, որ 2002-ին Կիպրոսի մէջ հայերէնը կառավարութեան կողմէ պահպանուած լեզու յայտարարուեցաւ: Յայտնեմ նաեւ, թէ անցնող ինը տարիներու ընթացքին շատեր ինծի դիմած են` ըսելով, թէ պատրաստ են դպրոցին վերաբացման համար գումարներ յատկացնելու. սակայն դժբախտաբար Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Նիւ Եորքի կեդրոնը ո՛չ մէկ ձեւով պատրաստ եղաւ առաջարկներ ընդունելու, եւ ասիկա իրապէս ցաւալի երեւոյթ մըն է: Աւելցնեմ, որ այն օրերուն փորձեցի հաստատութեան մէջ գտնուող գիրքերը եւ թերթերը փրկել, իսկ Կիպրոսի համալսարանն ալ համաձայն էր իր յարկին տակ հայկական բաժին մը բանալու եւ նշեալ հատորները հոն զետեղելու: Այդ գիրքերը մեր տրամադրութեան տակ պիտի մնային, մինչեւ որ յարմար պահուն կարելի ըլլար զանոնք Հայաստան կամ Լիբանան փոխադրել: Բայց ցաւ ի սիրտ` այս առաջարկն ալ չընդունուեցաւ: Այսօր այդ հատորները տակաւին հոն են եւ խոնաւութեան ու փոշիի պատճառով ոչնչանալու վտանգին տակ կը գտնուին:
«Ն. Յ.».- Ի՞նչ կ՛ըսէիք այժմ գործող «Նարեկ» վարժարաններուն մասին:
Վ. Մ.- Այդ վարժարանները այսօր Վերա Թահմազեանի («Ն. Յ.» – Մահտեսեանի քոյրը) տնօրէնութեամբ յաջողութեամբ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը` Նիկոսիոյ, Լիմասոլի եւ Լառնաքայի մէջ, շուրջ 220 աշակերտներով, իսկ դպրոցներու ծախսերը, որ մօտաւորապէս 1,2 միլիոն եւրօ է, հարիւր տոկոսով կը հոգայ Կիպրոսի կառավարութիւնը:
«Ն. Յ.».- Կիպրոսի երկու բաժիններու միացման պարագային, արդեօք թրքերէ՞նն ալ պիտի աւելնայ դասացանկին վրայ:
Վ. Մ.- Կ՛ենթադրեմ, որ ո՛չ անպայման: Մեր վարժարաններուն մէջ հայերէն, յունարէն եւ անգլերէն լեզուները կը դասաւանդուին: Բաղդատութեան համար ըսեմ, որ յունական դպրոցները երկլեզու դրութեամբ կը բանին` յունարէն եւ անգլերէն: Թերեւս եթէ մէկը կը փափաքի, այն ատեն կրնայ թրքերէն ալ սորվիլ: Ինչ կը վերաբերի «Նարեկ» վարժարաններուն, անոնք նախակրթարան ըլլալով կը կարծեմ, որ կարելի պիտի չըլլայ աւելի ծանրաբեռնել մանուկները: Իսկ երկրորդական վարժարաններու պարագան տարբեր է եւ, յամենայն դէպս, ամէնուր պէտք է յարգուի օրէնքը:
«Ն. Յ.».- Ինչ կը վերաբերի Կիպրոսի տագնապին, երկար ժամանակ է, որ լուծումներու մասին կը խօսուի: Այսօրուան քաղաքական կացութիւնը ի՞նչ պատկեր կը կազմէ:
Վ. Մ.- Ինչպէս տեղեակ էք, արդէն աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր Կիպրոսը բաժնուած իրավիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն այսօրուան կառավարութիւնը հայ գաղութին նկատմամբ շատ բարեացակամ կեցուածք որդեգրած է: Պետութիւնը ամբողջովին կը հոգայ մեր դպրոցական ծախսերը, մեր կղերականներուն ամսականները եւ որոշ գումար մըն ալ կը յատկացնէ գաղութիս ընթացիկ ծախսերուն համար: Ես անձնապէս կը հաւատամ, որ երկրին համար քաղաքական լուծումի մը հաւանականութիւնը այսօր շատ մեծ է եւ մինչեւ մէկ տարի կարելի պիտի ըլլայ վերջնական ելք մը գտնել: Ներկայիս շինարարութիւնը արագ թափով կը յառաջանայ, ինչ որ պիտի նպաստէ տնտեսութեան զարգացման: Նաեւ օտար մեծ ընկերութիւններ պատրաստ են ներդրում կատարելու Կիպրոսի մէջ: Կիպրոսի երկու բաժիններու քաղաքական ներկայացուցիչները բանակցութեանց մէջ են եւ կ՛ըսուի, թէ դաշինք մը պիտի գոյանայ, որուն հսկողութեան տակ պիտի աշխատին հակադրուող երկու կողմերը: Իսկ հայութիւնն ալ վերի եւ վարի խորհրդարաններուն մէջ պիտի ունենայ մէկական երեսփոխան:
«Ն. Յ.».- Միացեալ Կիպրոսի մը գոյութեան հեռանկարը որքանո՞վ իրականանալի է:
Վ. Մ.- Յամենայն դէպս այսօր տիրող կացութիւնը լի է վտանգներով եւ չի կրնար շարունակուիլ: Ինչպէս գիտէք, յունական կառավարութիւնը թրքական կողմին վրայ հակակշիռ չունի եւ այդ պատճառով ալ արդէն իսկ հազարաւոր թուրքեր այս կողմ անցած եւ բնակութիւն հաստատած են յունական բաժնին մէջ, որոնցմէ նոյնիսկ կիպրացի թուրքերը դժգոհ են: Կ՛ենթադրեմ, թէ Կիպրոսի յունական կողմը անպայման կը փափաքի այս կացութեան լուծում մը գտնել, նկատի ունենալով երկրի տնտեսական ոչնպաստաւոր կացութիւնը, ուր գործազուրկներու թիւը մեծ չափերու հասած է: Չմոռնանք, որ Կիպրոսը բաց ծովու մէջ քարիւղի եւ կազի պաշարներ յայտնաբերած է, բայց Թուրքիա մասամբ նուազեցուցած է արտահանման աշխատանքները` ըսելով, թէ նախ պէտք է այդ հարստութեան բաժանումը կատարել:
«Ն. Յ.».- Ներդրումներու առումով Կիպրոսի երկու բաժիններու միացումը արդեօք կ՛երաշխաւորէ՞ թուրքերու ոտնձգութեան կասեցումը:
Վ. Մ. – Շրջանին մէջ որեւէ շարժում եւ որեւէ քայլ պէտք է միջազգային համաձայնագրերուն համապատասխան ըլլայ, որովհետեւ միջազգային դէտեր պիտի հսկեն կացութեան: Ճիշդ է` անցեալին նման ոտնձգութիւններ եղած են, բայց ներկայիս կացութիւնը այլ է: Այսօր Կիպրոս լաւ յարաբերութիւններ մշակած է Իսրայէլի հետ եւ յաճախ փոխադարձ այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան ինչ որ նպաստաւոր է երկրին համար: Որոշ թուրք պաշտօնատարներ կ՛ըսեն, թէ այլեւս Թուրքիան ալ յոգնած է ի տես տիրող քաղաքական իրավիճակին, որովհետեւ իրենց համար ծախսալից է Կիպրոսի մէջ մեծ թիւով զինուորներ պահելը: Միւս կողմէ, ինչպէս ըսի, գոյութիւն ունի քարիւղի եւ կազի արտահանման եւ զանոնք Թուրքիոյ միջոցով այլ երկիրներ փոխադրութեան հարցը, ինչ որ տնտեսապէս հետաքրքրական դաշտ մըն է:
«Ն. Յ.».- Յունաստանի տագնապը Կիպրոսի վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ:
Վ. Մ.- Յունաստանի տագնապը Կիպրոսի վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն չունեցաւ, որովհետեւ մեր դրամատուները արդէն իսկ 2013-էն ի վեր բոլորովին անջատուած են Յունաստանի դրամատուներէն: Միւս կողմէ, սակայն, ընկերային գետնի վրայ է, որ նշեալ տագնապը ազդած է շուկայի վրայ, ինչ որ ինքնին ունի նաեւ դրական կողմեր, նկատի ունենալով, որ յոյները այժմ իրենց դրամագլուխը կը վստահին կիպրական դրամատուներուն: Աւելի՛ն. յունական որոշ նաւային ընկերութիւններ սկսած են փոխադրուիլ Կիպրոս, եւ ասիկա ըստ իս շատ դրական քայլ մըն է երկրին համար: Այսուհանդերձ, տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս տկար Յունաստան մը ո՛չ մէկ ձեւով նպաստաւոր է Կիպրոսի համար: