Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Քաղաքացիական Պատերազմի Եզրէն Կրնա՞յ Ետդարձ Կատարել

Հոկտեմբեր 7, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական, Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

civil-1_10-07-15

Թուրք լրագրող Ամպերին Զաման «Ալ-Մոնիթըր» քաղաքական վերլուծողական կայքէջին վրայ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ մինչ ՔԱԿ-ն (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն, PKK) ու թրքական իշխանութիւնները կրնան շարունակել զիրար այպանել 31-ամեայ քրտական հարցի լուծման ամէնէն յուսալի փորձի տապալման համար, Թուրքիոյ քրտաբնակ հարաւարեւելեան շրջանէն եկող լուրերը կը վկայեն, թէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշի այն խօսքը, թէ «Թուրքիա քաղաքական պատերազմի մը եզրին է» չափազանցութիւն մը չէ:

civil-2_10-07-15

Զաման կը նշէ, թէ տարածուող լուրերը այն մասին, որ հասարակ քիւրտ քաղաքացիներ առանց պատճառի կը խոշտանգուին, բարձրացուցած են թուրք-քրտական հակամարտութեան ծաւալման ուրուականը, որմէ յաջողած էր խուսափիլ երկիրը վերջին տարիներուն: Շատ կը խօսուի «1990-ականներու վերադարձի մը» մասին, երբ հակամարտութիւնն ու պետութեան բրտութիւնը իրենց գագաթնակէտին էին: Աւելի վտանգաւորն այն է, որ այժմ պատերազմը միայն գիւղական շրջաններու մէջ չէ, այլ` քաղաքներու, ուր ՔԱԿ-ի արմատական երիտասարդական թեւը` Հայրենասիրական յեղափոխական երիտասարդական շարժումը (YDG-H, Patriotic Revolutionary Youth Movement) կը թուի ամրացած ըլլալ, ինչ որ քաղաքային զոհերու վտանգը կ՛աճեցնէ:

Ուաշինկթընեան «Սիլք ռոտ» հիմնարկի աշխատակիցներէն Կարեթ Ճենքինզ, որ թրքական հարցերու մասնագէտ մըն է, «Ալ-Մոնիթըր»-ի յայտնած է, թէ անհաւանական է, որ թրքական կառավարութիւնը ըմբոստներուն դէմ շղթայազերծուած յարձակումը ընտրութիւններէն առաջ կասեցնէ, իսկ ՔԱԿ իր կարգին չի կրնար կռիւը դադրեցնել, որովհետեւ, ըստ անոր, «եթէ չշարունակեն հակադարձել, ապա Էրտողան կրնայ յաղթանակ հռչակել»:

Զաման կը գրէ, որ վերջերս կատարուած հարցախոյզեր ցոյց կու տան, որ եթէ ընտրութիւնները իրենց նախատեսուած թուականին տեղի ունենան` արդիւնքը պիտի ըլլայ նոյնը: Այդ պարագային Էրտողան պատրաստ պիտի ըլլա՞յ իր վնասները նուազագոյնի կապելու եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համախոհական կառավարութիւն մը կազմել արտօնելու, իսկ եթէ ոչ, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ծրագիրը: Պիտի հնարէ՞ ԺԺԿ-ն կամ Տեմիրթաշը ընտրութիւններէն հեռու պահելու հնարք մը, որ անոր պիտի ապահովէ խորհրդարանական մեծամասնութիւն մը, որ պիտի իրականացնէ իր նախագահական գործադիր իշխանութեան երազները: Վերջին զարգացումները լաւ բան չեն յուշեր:

Որեւէ արդիւնք, որ կ՛օտարացնէ Թուրքիոյ քիւրտերը, կրնայ խորացնել անկայունութիւնը եւ արագացնել երկրին անկումը դէպի յաւելեալ բռնարարքներ: Ըստ ուաշինկթընեան պահպանողական Ժողովրդավարութիւններու պաշտպանութիւն հիմնարկի վերլուծաբան Ճոնըսըն Շանզըրի, քիւրտերուն ձեռքբերումները ի չիք դարձնելը կրնայ քանդել Թուրքիան, ուստի իմաստուն քայլ մը չէ: «Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ողջախոհութիւնը պիտի տիրապետէ՞», կ՛եզրափակէ Զաման:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Կոտորենք Քիւրտերը, Առանց Խնայելու Յղի Կինն Ու Երեխան»

Յաջորդը

«Այո՛, Մենք Հայ Ենք, Իսկ Դուք Ո՞վ Էք». Թուրք Սիւնակագրի Զգայացունց Յօդուածը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?