ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Թրքական շրջափակման ենթակայ քրտաբնակ Ճիզրէն նոյնինքն հայոց Գզիրա աւանն է, ուրկէ 1915 թուին 1049 հայորդիներ տեղահանուեցան եւ բնաջինջ եղան Տէր Զօրի ճամբաներուն վրայ: Մեծ եղեռնէն ետք Գզիրան այլեւս դադրեցաւ իր հայկական ինքնութիւնը պահպանելէ: Ըստ «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»-ին, 1890-ին Գզիրան ունեցած է 4750 հայ բնակիչ: Քաղաքն ու նոյնանուն գաւառակը իրենց անունը առած են արաբերէն «ժազիրա» բառէն, որ կը նշանակէ «կղզի»: Անիկա եղած է յայտնի բերդաքաղաք, ուր այսօր եւս կը վերապրին հայոց հին հեթանոսական մշակոյթի հետքերը: Գզիրան կը գտնուի Տիգրիսի ձախակողմեան վտակներէն Խաբուրի ափին, որ ամէն գարնան յորդելով` Գզիրան վերածած է կղզիի: Հայոց «Աշխարհացոյց»-ի տուեալներով, Գզիրան մաս կազմած է Մեծ Հայքի Կորճէք (կամ Կորճայք) աշխարհի Ներքին Կորդրիք գաւառին:
Գզիրան (Ճիզրէն) այսօր ռազմավարական բացառիկ նշանակութիւն կը ներկայացնէ քրտական շարժման համար: Անիկա կը գտնուի Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի զգայուն սահմանագիծերու հանդիպման հանգոյցին վրայ եւ աշխարհագրականօրէն կը շաղկապէ այսօրուան Քիւրտիստանի երեք հողատարածքները: Պարզ խօսքով, Քիւրտիստանի ռազմավարական ուղիներն են, որոնք կը խաչաձեւուին Գզիրայի մէջ` զայն վերածելով առաջնային թիրախի թուրք իշխանութեան կողմէ շղթայազերծուած յարձակողական գործողութիւններու ներկայ փուլին մէջ: