Սեպտեմբեր 20-ին, Մոնրէալի «Փլաս տէ զար» համերգասրահին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փենտերեցքի, որ անձամբ ղեկավարելով երգչախումբը` ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ.» ստեղծագործութիւնը:
Համերգի ընթացքին նուագախումբը նուագեց նաեւ Պախէն, Պրամսէն եւ Պըռնըշթայնէն երաժշտական կտորներ:
Համերգը կազմակերպուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի միացեալ մարմինին կողմէ:
Նշենք, որ Փենտերեցքիի մեծ մայրը Սպահանցի հայ եղած է: Աշխարհահռչակ երաժշտագէտը մանուկ հասակին մեծ մօր հետ ամէն կիրակի յաճախած է Քրաքովի հայոց եկեղեցի: