Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Լրագրող. «Թուրքիոյ Մէջ Քրտական Հարցը Կապուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան»

October 2, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ումիթ Քիվանչ
Ումիթ Քիվանչ

Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցը կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Չկայ հարց մը,  որ ասոր հետ առնչուած չըլլայ, ասիկա մեր ազգային ոճն է: «Ուըրլտ Չըրչ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածով այս մասին գրած է թուրք լրագրող, գրող, վաւերագրող եւ «Ռատիքալ»-ի սիւնակագիր Ումիթ Քիվանչը:

Թուրքիոյ մէջ իսլամ մեծամասնութեան` սիւննիներու իւրայատուկ գիծերէն մէկը, ըստ լրագրողին, ոստում կատարելու նկատմամբ հակուած ըլլալու հանգամանքն է: «Ոստում` մէկ քայլ առաջ այնտեղէն, ուր անոնք պէտք էր գտնուէին, ոստում` նպատակ ունենալով ազատիլ այս կամ այն պատմական հարցէն: Օրինակ` անոնք չեն կրնար քննարկել Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ անկարելի է խօսիլ այն ժամանակաշրջանին մասին, երբ ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ Ցեղասպանութիւնը: Անոնք կը փորձեն մարդոց զանգուածային կոտորածն ու անոնց իսկ հայրենիքէն զանոնք տարհանելը արդարացնել «բայց, բայց…» բառերով եւ խօսելով հրոսակախումբերու ու անոնց գործողութիւններուն մասին», նշած է Ումիթ Քիվանչ:

Սակայն, ըստ անոր, ոչ մէկ կերպով կ՛ուզեն դիտարկել այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ կազմուած են այդ «հրոսակախումբերը»:

«Քիւրտերուն այն համոզումը, որ իրենք բանակի կարիք ունին, ինչպէս պետութեան, այնպէս ալ սիւննի մեծամասնութեան գործողութիւններուն ուղղակի հետեւանքն է: Բազմաթիւ քիւրտեր, որոնք փորձած են փոփոխութիւններու հասնիլ քաղաքականութեամբ, սպաննուած կամ բանտարկուած են», նշած է Քիվանչ:

Լրագրողը աւելցուցած է, որ յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, որոնց իբրեւ արդիւնք քրտական քաղաքական կուսակցութիւնը` Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութիւնը կրցաւ խորհրդարանին մէջ 80 աթոռ ապահովել, թրքական պետութիւնը կ՛ըսէ. «Ոչինչ կը նշանակէ այն, որ այս ուղին երկրին համար խաղաղ ապագայ կը խոստանայ: Մեզի համար խաղաղ քաղաքականութեան ուղի պիտի չըլլայ: Խաղաղութիւն պիտի չըլլայ ձեր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ: Դուք ապրելու իրաւունք չունիք, ա յնքան ատեն որ ծունկի չէք եկած»:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Լեզգիներու Եւ Թալիշներու Կոչը

Յաջորդը

Հայրենասիրութիւնը Ամենահզօր Զէնքն Է . Զրոյց Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ Ուժերի Սպառազինութեան Վարչութեան Պետ, Զօրավար Մելս Չիլինգարեանի Հետ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.