Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասագիրքերը Դարձեալ Ատելութիւն Կը Քարոզեն Հայերու Դէմ. Հայերը Ցոյց Կը Տրուին Որպէս Դաւաճան Ժողովուրդ

Հոկտեմբեր 6, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Սերտար Գորուճու
Սերտար Գորուճու

«Թարաֆ» թերթը նախանցեալ շաբաթ օրուան իր թիւին մէջ, հիմնուելով Սերտար Գորուճուի մէկ թղթակցութեան վրայ, դիտել կու տար, որ դպրոցներու մէջ աշակերտներուն առջեւ դարձեալ պիտի դրուին դասագիրքեր, որոնց մէջ ատելութիւն կը սերմանուի հայերու ու յոյներու նկատմամբ, այս երկու ժողովուրդները դաւաճան կը հռչակուին: Աւելի՛ն. հիմնովին կը ժխտուի 1915-ը ու կը պնդուի, որ հայերը տեղահանուեցան իրենց իսկ ապահովութեան համար, պարզապէս փոքր թիւով հայեր մեռան տեղափոխութեան դժուարութիւններէն ու հիւանդութենէ:

Փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ատելավառ տողեր կան 8-րդ դասարանի համար պատրաստուած «Ինգիլափ թարիհի» դասագիրքին մէջ, որ տպուեցաւ «Թունա» հրատարակչատան կողմէ, եւ որ հինգ տարի պիտի դասաւանդուի դպրոցներու մէջ: Այստեղ կը պնդուի, որ հայերն ու յոյները, քաջութիւն առնելով Մուտրոսի համաձայնութեան յաջորդող բռնագրաւումներէ, իրենց պետութիւնները հիմնելու նպատակով շարժման անցան թուրքերու դէմ: Կովկասեան ճակատի վրայ հայերը կռնակէն զարկին Էնվեր փաշայի բանակին: Հայերը սպանդներ գործեցին, այս պատճառաւ ալ անոնցմէ շատերը ղրկուեցան դէպի ապահով շրջաններ: Քիչ թիւով հայեր իրենց կեանքը կորսնցուցին պայմաններու ծանրութեան ու հիւանդութեան պատճառով: Ասոնցմէ աւելի ծանր արտայայտութիւններ կան 10-րդ դասարանի համար պատրաստուած դասագիրքին մէջ: Հոն կ՛ըսուի, որ հայերը մեծ առիթ նկատեցին, երբ օսմանեան պետութիւնը մտաւ Ա. Աշխարհամարտի մէջ: Գիրքին 210-րդ էջին վրայ հայերը ցոյց կը տրուին որպէս սպանդներ կատարած կողմ: Ռուսերը գրաւեցին Վան, Մուշ, Պիթլիս, Էրզինճան (Երզնկա, Ա.) եւ Տրապիզոնը, ու այս շրջաններու հայերն ալ ռուսերուն միանալով` սպանդներ կատարեցին: Այս միջոցին է, որ ապրուեցան այն պատահարները, որոնք հայերու կողմէ աշխարհի կը ներկայացուին որպէս 1915: Օսմանեան պետութիւնը, որպէսզի արգելք հանդիսանայ հայ-ռուս գործակցութեան, փակեց հայկական միութիւնները, որոնք ահաբեկչական կեդրոններ էին: Ներքին պատերազմի պատճառով ալ հայերը առժամեայ կերպով ղրկուեցան Սուրիա:

Վերջին հաշուով, դասագիրքին քարոզած մայր գաղափարն այն է, որ հայերը իրենց իսկ բարիքին ու կեանքի ապահովութեան համար առնուեցան պատերազմական շրջաններէն ու ղրկուեցան աւելի ապահով տեղեր: Որովհետեւ հայկական հրոսախումբերը կը սպաննէին նաեւ այն հայերը, որոնք չէին մասնակցեր իրենց ահաբեկչական արարքներուն:

 

Նախորդը

Այշէ Եըլտըրըմի Յօդուածը «Ճումհուրիյէթ»-ի Մէջ. «Կին Դատաւորին Համաձայն, Քիւրտ Չկայ, Հայ Կայ»

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Յայտնաբերած Է 1915-ի Նոր Լուսանկար Մը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?