Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ կարելի եղած է ձեռք բերել 1915 թուականին պատկերահանուած անյայտ լուսանկարի մը բնօրինակը: Լուսանկարը կը պատկերէ Տիգրանակերտ քաղաքի փողոցներուն մէջ թափառող անօթեւան հայ որբերն ու անոնց հաց տուող աւստրիացի զինուորները: Այդ մասին կը փաստէ լուսանկարին վրայ կատարուած գերմաներէն գրութիւնը:
Ամենայն հաւանականութեամբ, որբերը լուսանկարուած են գերմանացի զինուորներու կողմէ, որովհետեւ լուսանկարը յայտնաբերուած է Գերմանիոյ մէջ:
Լուսանկարչական արխիւային բացառիկ նմուշ մը` Ցեղասպանութեան հետեւանքներու տեսարանով: