Գաղութային

Թարգմանչաց Տօնը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Յարկին Տակ

Թարգմանչաց Տօնը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Յարկին Տակ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կրթական իւրաքանչիւր օղակը իր ոճով նշեց Թարգմանչաց տօնը ու անդրադարձաւ անոր արժէքին: Միջնակարգի եւ երկրորդականի Թարգմանչաց տօնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 հոկտեմբերին: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Աւագեանը, որ շեշտեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը հայապահպանումի ու գոյատեւման համար անհրաժեշտ քայլ էր: Ռուբէն Մարտիրոսեան, Շուշի Գոճայեան եւ Փերլա Լալէեան կարդացին Պ....

Մեսրոպեանի Մէջ Սկսան Գործել Արուեստի Եւ Մարզանքի 20 Խմբակներ

14 Հոկտեմբեր 2017-ին մեկնարկեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արուեստի եւ մարզանքի խմբակներուն աշխատանքները: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն 20 խումբեր` արուեստներու եւ մարմնամարզի տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս` պասքեթպոլ, ֆութպոլ, քունկ ֆու, ճատրակ, պարախումբեր (փոքրեր եւ մեծեր),  թատրոն, գեղանկարչութիւն, պատկերապատում, տուտուկ, տհոլ, մարմնակրթութիւն եւ պարի երեք տեսակներ` մանկական զումպա, պալէ եւ լատինական: Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը սոյն ծրագիրը կը գործադրէ` հաւատալով, որ արտադասարանային խումբերու...

Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուրի Աշխատակիցներու Վերապատրաստութեան Եւ Առաջին Օգնութեան Դասընթացքներ

Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուրի Աշխատակիցներու Վերապատրաստութեան Եւ Առաջին Օգնութեան Դասընթացքներ

Աւարտեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի աշխատակիցներու վերապատրաստութեան հերթական դասընթացքը, որուն նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները` փոքրիկներու հոգեֆիզիքական դաստիարակութեան մէջ: Աշխատակիցներուն տրուեցան 1-3 տարեկան փոքրիկներու կենսաշարժունակութիւնը զարգացնելուն ուղղուած տարբեր գործունէութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ մեթոտական ցուցմունքներ: Անոնք կատարեցին նաեւ գործնական աշխատանքներ` ամրապնդելու համար հոգատարութեան տեսութիւններուն մասին իրենց ստացած նոր գիտելիքները: Երեք օրերու վրայ երկարած եւ 9 ժամ տեւած վերապատրաստման...

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի Վերամուտի Պաշտամունք

15 հոկտեմբեր 2017-ին Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի վերամուտի առաջին պաշտամունքը` մասնակցութեամբ Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան: Վարժարանի իններորդ դասարանի աշակերտներ իրենց բաժինը բերին` Աստուածաշունչէն ընթերցումներ կատարելով: Եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Սեւակ Թրաշեան իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած` խնդրեց, որ Ան միշտ պայծառ, անսասան եւ ապահով պահէ մեր հայրենիքը: Ան նաեւ ...

Լիբանանահայ Տնտեսագէտ Մկրտիչ  Պուլտուքեան Մակագրեց  Իր Նոր Գիրքը

Լիբանանահայ Տնտեսագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեան Մակագրեց Իր Նոր Գիրքը

Հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր  2017-ի երեկոյեան, Պէյրութի հռչակաւոր գրախանութներէն  «Լիպրերի Անթուան»-ի մէջ, ներկայութեամբ   Լիբանանի մէջ օտար պետութիւններու դեսպաններու, դիւանագէտներու, պետական անձնաւորութիւններու, դրամատուներու տնօրէններու, դասախօսներու, մտաւորականներու եւ բարեկամներու, լիբանանահայ ծանօթ տնտեսագէտ, տնտեսական հարցերու մեկնաբան, դասախօս Մկրտիչ Պուլտուքեան մակագրեց իր նոր գիրքը` «Արմինիըն պենքըրզ ին տի Օթոմըն էմփայր» («Armenian Bankers In The Ottoman Empire»): Արխիւային նիւթերով հարուստ, բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հիւանդին Խնամք» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հիւանդին Խնամք» Նիւթով

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբն ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար վերսկսան ներկայացնել առողջապահական բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններու նոր շարք մը, որ պիտի երկարի մինչեւ ապրիլ 2018: Չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարքին առաջին դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր «Հիւանդին խնամք»-ը, զոր ներկայացուց հիւանդապահուհի  Գարոլ Դերձակեանը:...

«Ազդակ»-ի «Քննական Ոսպնեակ» Խմբակի Գործունէութեան Նոր Փուլը

«Ազդակ»-ի «Քննական Ոսպնեակ» Խմբակի Գործունէութեան Նոր Փուլը

12 ապրիլին սկսաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հովանիին տակ գործող «Քննական ոսպնեակ» խմբակի գործունէութեան նոր փուլը` իբրեւ աւելի շատ երիտասարդական քննարկումի բեմ: Ընդհանուր ուղղուածութիւնը պիտի շարունակէ մնալ նոյնը, ինչ որ էր «Քննական ոսպնեակ»-ի գործունէութեան նախորդ փուլին` մեր հասարակութեան կամ ընդհանուր քաղաքական կեանքին մէջ քիչ խօսուող հարց մը առնել եւ զայն խոր քննարկումի առարկայ դարձնել` աւարտին այդ հարցին շուրջ ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծական բնոյթի...

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի  ԼԷ. Հատորի Շնորհահանդէս

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԷ. Հատորի Շնորհահանդէս

Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2017-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԷ. (37-րդ) հատորին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, կրթական ու մամլոյ մշակներու եւ բարեկամներու: Մեծ բացական, ցաւօք սրտի, «Հանդէս»-ի նախորդ 26 տարիներու նուիրեալ պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանն էր, որ վախճանած էր օրեր առաջ: Հայր Անդրանիկ, որ 1978-ին...

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ՀՀ դեսպանատան հանդիսութեան

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ՀՀ դեսպանատան հանդիսութեան

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ՀՀ դեսպանատան հանդիսութեան Հոկտեմբեր 10-ին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ կայացաւ պաշտօնական ընդունելութիւն‘ նուիրուած ՀՀ Անկախութլան 26-ամեակին եւ Հայաստանի ու Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին: Ընդունելութեան մասնակից էին Բաբգէն Արք. Չարեան, Աբգար Եպս. Յովակիմեան, 15 երկիրներու դեսպաններ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:...

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Վերամուտ

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Վերամուտ

Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017-ին Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճը իր դռները լայն բացաւ ընդունելու հին ու նոր աշակերտները, որոնք հաւաքուեցան սրահը, ուր ներկայացուեցաւ վերամուտի առիթով պատրաստուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը: Թ. դասարանէն Լիլիանա Ալռքայպի կարդաց բացման խօսքը` բարի վերամուտ մաղթելով բոլորին, ապա Է. Դասարանէն Ռիթա Սալլում դաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը: Թ. դասարանէն Ռուբէն Մարտիրոսեան ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանէն մայրենիին...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի (2017-2018) Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտը

Երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերը վերամուտն էր Հռիփսիմեանցի աշակերտներուն, որոնք վերամիացան  երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, որոնք 12 սեպտեմբերէն կը յաճախէին դպրոց եւ վերընտելացած են դպրոցական առօրեային: Առաւօտեան դպրոցական առաջին զանգին աշակերտները իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ մեկտեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յիշատակութեան նուիրուած խաչքարին դիմաց: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն յետոյ, բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս տեսուչ Կարպիս Գապասագալեանը, որ անդրադարձաւ ծնողներու եւ շրջանաւարտներու վերապրումներուն,...

Վերամուտը Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին Մէջ

Վերամուտը Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին Մէջ

Չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան  վարժարանի շրջափակին մէջ հնչեց վերամուտի առաջին զանգը, որմէ ետք աշակերտները ստացան Ս. հաղորդութիւն: Ապա աշակերտները համախմբուեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահ` վայելելու վերամուտի առիթով պատրաստուած յատուկ տօնախմբութիւնը: Աշակերտութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց 10-րդ դասարանէն Նարօտ Գառնէշեանը, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ իր գոյատեւման մեծագոյն կռուաններէն է հայ դպրոցը` կրթական իր առաքելութեամբ...

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Կրթական Տարեշրջանը Կը Սկսի Ծառայութեան Վերանորոգ Շունչով

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Կրթական Տարեշրջանը Կը Սկսի Ծառայութեան Վերանորոգ Շունչով

2017-ի հոկտեմբերի 3-ը վերամուտի օր էր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն համար: Վերամուտի տրամադրութեան մէջ էին նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն հետ ներկայացած էին մանկապարտէզ` նշելու համար կրթական նոր տարեշրջանի սկիզբը: Այս առիթով կայացած հաւաքին խօսք առաւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ ըսաւ, թէ Մեսրոպեան մանկապարտէզը իր դռները կը վերաբանայ վերանորոգուած տեսքով ու շունչով,...

Հայ-Եգիպտական Համագործակցութեան Վեց Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Հայ-Եգիպտական Համագործակցութեան Վեց Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Սեպտեմբեր 29-ին Երեւանի մէջ գումարուած է տնտեսական, գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնաժողովի Ե. նիստը: Յանձնաժողովին համանախագահներն են Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ Եգիպտոսի ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Սահար Նասր: Եգիպտական պատուիրակութեան մաս կազմած են` ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու բաժինի ներկայացուցիչները, ներդրումներու եւ ազատ գօտիներու գլխաւոր տեսչութեան, առեւտուրի...

Հայկական Մասնակցութիւն` Գոհարեղէններու Վիչենզաօրոյի Ցուցահանդէսին

Հայկական Մասնակցութիւն` Գոհարեղէններու Վիչենզաօրոյի Ցուցահանդէսին

Համաշխարհային ծովածաւալ շուկաներուն գիրկը, ուր մրցակցիլը գրեթէ անհնար կը թուի, ինչպէ՞ս կարելի է ոսկեղէն մը կամ որեւէ արտադրութիւն գրաւիչ դարձնել, որպէսզի անիկա հմայէ գնորդը: Այս մարտահրաւէրին պատասխանը եղաւ Պուրճ Համուտի ոսկերչական նմուշներու ցուցադրութիւնը` Վիչենզաօրոյի տարեկան ցուցահանդէսին, 23-27 սեպտեմբեր 2017-ին, Իտալիոյ մէջ: Համաշխարհային բարձր համբաւ վայելող ցուցադրութեան այս կեդրոնը, ուր կը ցանկան հասնիլ հռչակաւոր մակնիշներ ներկայացնող ընկերութիւններ, եւ ուր ներկայ էին...

Ուղղափառ Ու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Սուրբ Գիրքի Միացեալ Ընկերութեան Հանդիպում

Ուղղափառ Ու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Սուրբ Գիրքի Միացեալ Ընկերութեան Հանդիպում

19-21 սեպտեմբեր 2017-ին Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ ու Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Սուրբ Գիրքի միացեալ ընկերութեան մնայուն յանձնախումբին հանդիպումը: Սոյն ժողովին Ամենայն հայոց կաթողիկոսութենէն մասնակցեցաւ Եզնիկ արք. Պետրոսեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն` Կոմիտաս արք. Օհանեանը: Կոմիտաս սրբազանը ժողովականներուն փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ողջոյնները եւ շեշտեց Սուրբ Գիրքի Միացեալ ընկերութեան եւ Ուղղափառ ու Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու...

«Միայն Ժողովրդավար Թուրքիան Կրնայ Կապ Ունենալ Հայաստանի Հետ», Կարօ Փայլան Յայտնեց Երեւանի Պետական Համալսարանի Ուսանողներուն

«Միայն Ժողովրդավար Թուրքիան Կրնայ Կապ Ունենալ Հայաստանի Հետ», Կարօ Փայլան Յայտնեց Երեւանի Պետական Համալսարանի Ուսանողներուն

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հանդիպեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն: «Հայաստանի մէջ երիտասարդները տեսնելով` ես սկսայ այլ կերպ մտածել Հայաստանի ապագայի մասին», շեշտեց Կարօ Փայլան: «Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան կը գտնուիմ եւ յատկապէս Երեւանի պետական համալսարանի մէջ ձեզի հետ կը հանդիպիմ: Իբրեւ պատգամաւոր, առաջին անգամն է, որ Հայաստան կը գտնուիմ եւ ուրախ եմ,...

Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

25 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ընդունեց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ,  Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը: Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց Սուրիոյ հայ համայնքի անվտանգութեան ու պահպանման ուղղուած անոր ջանքերը: Ժիրայր Ռէյիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` գնահատանքին համար եւ ըսաւ, որ  Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը կարեւոր հարթակ էր, ուր տարբեր երկիրներէ եկած մեր հայրենակիցները կրցան հանդիպիլ եւ...

Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանի «100 Նուիրեալներ` Ցեղասպանութեան Օրերու Հայ Ժողովուրդի Օտար Բարեկամներէն» Գիրքին Շնորհահանդէս

Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանի «100 Նուիրեալներ` Ցեղասպանութեան Օրերու Հայ Ժողովուրդի Օտար Բարեկամներէն» Գիրքին Շնորհահանդէս

Սեպտեմբեր 27-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանի «100 նուիրեալներ` Ցեղասպանութեան օրերու հայ ժողովուրդի օտար բարեկամներէն» գիրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Ժիրայր Ռէյիսեանի այս գիրքը մեծագոյն նուէրն է հայ ժողովուրդին, որովհետեւ աշխատութեան մէջ տեղ գտած են 100 մարդասէր եւ հայասէր օտար անհատներու անուններ, որոնք...

Լիբանանահայ  Գործիչ  Արմէն Յարութիւնեան  Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Լիբանանահայ Գործիչ Արմէն Յարութիւնեան Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց լիբանանահայ համայնքի ծանօթ  դէմքերէն  Արմէն Յարութիւնեանի բնակարանը եւ  անոր  յանձնեց  Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով  շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալը: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան  նշեց, թէ պարգեւատրումը արժանի գնահատականն է  լիբանանահայ   համայնքի եւ  Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած եօթը  տասնամեակներու վրայ երկարող անշահախնդիր  նուիրումին: Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները  պրն. Արմէն  Յարութիւնեանին, անոր...

Page 30 of 68 1 29 30 31 68

Արխիւներ