Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի «Քննական Ոսպնեակ» Խմբակի Գործունէութեան Նոր Փուլը

October 17, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 ապրիլին սկսաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հովանիին տակ գործող «Քննական ոսպնեակ» խմբակի գործունէութեան նոր փուլը` իբրեւ աւելի շատ երիտասարդական քննարկումի բեմ: Ընդհանուր ուղղուածութիւնը պիտի շարունակէ մնալ նոյնը, ինչ որ էր «Քննական ոսպնեակ»-ի գործունէութեան նախորդ փուլին` մեր հասարակութեան կամ ընդհանուր քաղաքական կեանքին մէջ քիչ խօսուող հարց մը առնել եւ զայն խոր քննարկումի առարկայ դարձնել` աւարտին այդ հարցին շուրջ ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծական բնոյթի այլազան աշխատանքներ կատարելով հանրութեան ուշադրութիւնը անոր վրայ սեւեռելու համար: Մէկ տարբերութեամբ միայն, որ նախապէս շեշտադրումը դրուած էր յօդուածագրութեան վրայ, իսկ նոր ձեւաչափով «Քննական ոսպնեակ»-ը կը միտի նախ խորապէս իրազեկ դառնալ քննարկուող նիւթին` ներքին դասախօսութիւններու շարքով, ինչպէս նաեւ` տուեալ նիւթին շուրջ վիճակագրական աշխատանքներ կատարել:

«Քննական ոսպնեակ»-ի խմբակը արդէն իսկ դրած է ընդհանուր ծրագիր մը, թէ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին ի՛նչ հիմնական նիւթերու շուրջ պիտի ընթանան իր քննարկումները: Խմբակին անդամները նկատեցին, որ ներկայիս քիչ քննարկուող հարցերէն մէկը սեռային խտրականութեան հարցն է, կիներու ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական իրաւունքներուն ձեռքբերման հարցը, հայրիշխանութեան հարցը եւ սեռային իրաւահաւասարութիւնը խոչընդոտող մարտահրաւէրներու վերացման հարցը: Այս հարցերուն շուրջ առաջին դասախօսութիւնը տուաւ խմբակի անդամներէն Արեւիկ Փափազեան հիմնուելով իր համալսարանական թեզին վրայ` ներկայացուց, թէ ներկայիս ի՛նչ պատկեր կը պարզէ սեռային խտրականութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, խօսեցաւ հայկական կեանքին մէջ իգական սեռին նկատմամբ հայրիշխանական կարծրատիպերուն մասին:

3 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ նոյն ընդհանուր նիւթին շուրջ երկրորդ դասախօսութիւն-զրոյցը, որուն ընթացքին կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող լիբանանցի գործիչ Լոր Մաքարեմ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ իգական սեռին նկատմամբ խտրական մօտեցումներուն մասին` շեշտը դնելով մանաւանդ իգական եւ արական սեռերու միջեւ փոխյարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող թապուներուն վրայ: Լոր Մաքարեմ կեդրոնացաւ նաեւ կիներուն սեռային իմաստով նեղութիւն պատճառելու զանազան դրդապատճառներուն մասին` խօսելով նաեւ այս հարցերը շատ չբարձրաձայնելու իմաստով հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող արգելքներուն մասին:

«Քննական ոսպնեակ»-ի 3-րդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 28 սեպտեմբերին` ընդհանուր նիւթ ունենալով հայրիշխանութիւնը: Զեկուցաբերն էր հարաւային Լիբանանի «Ֆենիսիա» համալսարանի դասախօսներէն Հանա Տաքուար: Ան խօսեցաւ սեռային տեսակներու (gender) եւ սեռ (sex) հասկացողութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ տղամարդոց եւ կիներու էութիւնը ցոյց տուող պայմաններուն: Քննարկումի հիմնական առանցքներէն մէկը հանդիսացաւ այն, թէ աշխատանքի մարզին մէջ ինչպէ՛ս կ՛արտայայտուի սեռային խտրականութիւնը: Հանա Տաքուար մանրամասնօրէն խօսեցաւ ներկայ տնտեսակարգին մէջ կիներու ապրանքայնացման, շուկայացման երեւոյթին մասին, նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ այն հիմնական մարզերուն, ուր առաւել եւս շեշտակիօրէն կը դրսեւորուին կարծրատիպերը կենտերային յարաբերութիւններուն մէջ` քաղաքականութիւն, կրօն, մշակոյթ…

Ինչպէս ըսինք, խմբակը դրած է դասախօսական շարքի մը ամբողջական ծրագիր` խորապէս քննարկելու համար առկայ հարցերը: Դասախօսական այս շարքը պիտի տեւէ մինչեւ յունուար ամիս: Յառաջիկայ դասախօսութիւններուն շարքին նկատի առնուած են հետեւեալ նիւթերը` «Ֆեմինիզմ», «Կիներու իրաւունքները արաբական աշխարհին եւ Լիբանանի մէջ», «Կիներու իրաւունքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները», «Դրամատիրութիւնը եւ սեռային խտրականութեան հարցերը» եւ այլն: Զուգահեռ կը ծրագրուի հարցախոյզ պատրաստել լիբանանահայ գաղութին մէջ կիներու իրաւունքներուն պարզած վիճակին մասին: Դասախօսութիւններուն եւ հարցախոյզէն բխելիք ուսումնասիրութեան աւարտէն ետք յառաջիկայ տարուան ընթացքին պիտի կազմակերպուի կլոր սեղան մը` նշուած նիւթերուն շուրջ, եւ այս ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացուին պատրաստուած ուսումնասիրութեան արդիւնքները:

Անշուշտ սոյն ձեռնարկէն ետք խմբակը քննարկումի առարկայ պիտի դարձնէ նաեւ այլ նիւթեր, որոնք պիտի շօշափեն ազգային, գաղափարական, քաղաքական, ընկերային եւ այլ բնոյթի հարցեր` միշտ նկատի ունենալով այդ հարցերուն քիչ արծարծուած ըլլալը մեր հանրային կեանքին մէջ:

Նախորդը

«Մենք Հազարամեակներու Պատմութիւն Ունեցած Ժողովուրդ Ենք, Կը Գոյատեւենք Եւ Պիտի Գոյատեւենք` Շնորհիւ Մեր Մշակոյթին Եւ Մեր Լեզուին», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Յակոբ Հանտեան

Յաջորդը

Իրաքի Քիւրտերը Եւ Անկախ Քիւրտիստանի Երազը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.