Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Մասնակցութիւն` Գոհարեղէններու Վիչենզաօրոյի Ցուցահանդէսին

October 9, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաշխարհային ծովածաւալ շուկաներուն գիրկը, ուր մրցակցիլը գրեթէ անհնար կը թուի, ինչպէ՞ս կարելի է ոսկեղէն մը կամ որեւէ արտադրութիւն գրաւիչ դարձնել, որպէսզի անիկա հմայէ գնորդը:

Այս մարտահրաւէրին պատասխանը եղաւ Պուրճ Համուտի ոսկերչական նմուշներու ցուցադրութիւնը` Վիչենզաօրոյի տարեկան ցուցահանդէսին, 23-27 սեպտեմբեր 2017-ին, Իտալիոյ մէջ:

Համաշխարհային բարձր համբաւ վայելող ցուցադրութեան այս կեդրոնը, ուր կը ցանկան հասնիլ հռչակաւոր մակնիշներ ներկայացնող ընկերութիւններ, եւ ուր ներկայ էին 80-է աւելի հաստատութիւններ, այս տարի տեղ տուաւ Պուրճ Համուտի ոսկերչական շուկայէն 2 ոսկերիչներու` Ռոժէ Եսայեանի (ձեւաւորող) եւ Գրիգոր Աստարճեանի ստեղծագործութիւններուն:

Երեք տարուան անխոնջ աշխատանքէն ետք, այս մարզը ներկայացնող խմբակը յաջողեցաւ իր տեղը գտնել աշխարհի ոսկերչական հսկաներուն կողքին եւ ապացուցել հայուն ստեղծագործական մտքին եւ անոր ձեռքերուն հմտութիւնը: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ճարտարարուեստի զարգացման կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԻՏՕ) եւ «Պատկեր»-ին ջանքերով ու զօրակցութեամբ, ոսկերչական մարզը մէջտեղ բերաւ «Պուքրա» հաւաքածոն` Սի. Սի. Այ. (Creative Cluster Initiative) ծրագիրի ծիրին մէջ: Բարձրորակ արհեստագիտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ աշխատուած, գրաւիչ եւ նուրբ ճաշակի 40 կտորներէ կազմուած այս հաւաքածոյին նմուշները իրենց բազմաթիւ ուղղութիւններով, ոսկեայ ցպիկներով եւ գունաւոր ու փայլուն քարերով կը խորհրդանշեն Պուրճ Համուտի աշխուժ ու կենսունակ փողոցները եւ անոր բազմերանգ ժողովուրդը:

«Պուքրա» հաւաքածոն իւրայատուկ  է, որովհետեւ ան կը պատմէ հին ժողովուրդի մը ոսկերչութեան արհեստին հետ ունեցած իր կապը, արհեստ մը, որ զարգացած էր Վանի վարպետներուն շնորհիւ, փայլեցուցած Պոլսոյ շուկաները եւ հասած` Պուրճ Համուտ, ճոխացնելով այս քաղաքը: Ան գրաւիչ է այցելուներուն համար, որովհետեւ այս հաւաքածոյին ետեւ կանգնած են` Պուրճ Համուտի բնակիչները, վարպետները, անոնց ձիրքերն ու կարողութիւնները արտացոլող պատմութիւնները:

«Պատկեր»-ի պատուէրով նկարահանուած չորսուկէս վայրկեան տեւողութեամբ կարճ տեսահոլովակը` «Այս է «Պուքրա» հաւաքածոն,  այս է վաղուան Պուրճ Համուտը» կը բացատրէ այս հաւաքածոյին իմաստը, նպատակը եւ անոր գրաւչութեան գաղտնիքը: Տեսահոլովակին մէջ լայն տեղ կը գրաւեն քաղաքին բաղկացուցիչ մշակութային ժառանգութեան արժէքները, ինչպէս` արհեստներուն սերունդէ սերունդ փոխանցման աւանդը:

Աշխարհահռչակ ոսկերչական շուկային` Վիչենզաօրոյի մէջ ցուցադրուելէ եւ Լիբանան վերադառնալէ ետք, այս շքեղ ոսկեղէններուն գիները մատչելի պիտի մնան ոսկեղէնը եւ գեղեցկութիւնը սիրողներուն, ինչպէս նաեւ` իրենց խնայողութիւնները ոսկիի վերածողներուն:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Հոկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Համահայկական Հանդիպումները Արգասաւորման Հունի Մէջ Դնենք

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.