Գաղութային

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 26 հոկտեմբեր 2017-ին յիշատակեց Թարգմանչաց տօնը: Օրուան խորհուրդը փոխանցող յատուկ գրաւչութիւն ստացած էր հանդիսասրահին բեմը, ուր նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով եւ գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին Թարգմանչաց խորհուրդը` հայոց լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, խմբային երգերով, որոնք ընդելուզուած էին ջութակի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռներով, մենապարով եւ գաւառական պարով: Հանդիսութեան ներկայ էին պաշտօնական հիւրեր, որոնց շարքին` Գէորգ եպս....

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Մեսրոպեանը Պատուեց Հայերէնի Եւ Հայոց Պատմութեան Ուսուցիչները

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Մեսրոպեանը Պատուեց Հայերէնի Եւ Հայոց Պատմութեան Ուսուցիչները

Սրբոց Թարգմանչաց տօնը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ բոլոր կարգերուն մէջ` մանկամսուրէն մինչեւ բարձրագոյն կարգ, ուր, դասարանային աշխատանքներով եւ հանդիսութիւններով, անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայ դպրութեան հիմնադիր հայրերուն, եւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ անոնց գրական հարուստ ժառանգութիւնը: Այս տարի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան վարժարանի բակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին առջեւ, 27 հոկտեմբերին: Աշակերտական զոյգ հաւաքներուն ընթացքին ներկայացուեցան...

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանին Մէջ

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանին Մէջ

19  հոկտեմբերին  ՀԲԸՄ-Ի Պօղոս  Գ. Կարմիրեան  վարժարանի  աշակերտները  գեղարուեստական  կոկիկ  յայտագիրով  մը  վերանորոգեցին  մայրենի  լեզուին  հանդէպ  իրենց  ուխտը: Բացման խօսքը  արտասանելու  համար  բեմ  բարձրացան  Է. կարգէն Մէրի Նաճարեանը, Մէյրի  Կէպէնլեանը  եւ Կայէլ  Էլսուէյտին, որոնք  իրենց  խօսքին  ընդմէջէն  հակիրճ ձեւով փոխանցեցին   օրուան  խորհուրդը  եւ  աւելցուցին, թէ  հայ  ժողովուրդը  պատմութեան  ընթացքին ունեցած է  եւ  այսօր  ալ  ունի  երկու  նուիրական ու  աստուածապարգեւ  սրբութիւններ`...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը  Կը Նշէ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Կը Նշէ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

Ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին նուիրուած ատենամարզանք: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 12-րդ դասարանէն Սարգիս Աբգար բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ ազգը աշխարհի ամէնէն հարուստ լեզուն ու մշակոյթը ունեցող ազգերէն է` հարց տալով, թէ այս բոլորը գիտնալով ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս չսիրենք հայ լեզուն, որովհետեւ հաց չի՞ տար մեզի: Ան կոչ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2016-2017 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2016-2017 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

Ռաս Մեթնի մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի տարեկան բանակումի պաշտօնական արարողութիւնն ու խարուկահանդէսը: Բանակումը ունէր յատուկ թեմա` «Նստուկ խաղեր», որ բաժնուած էր խումբերու ներքին թեմաներու. մոկլիները կը ներկայացնէին գունաւոր «թուիսթըր»-ը, արծուիկները` աւանդական «տոմինօ»-ն, գայլիկները` հետաքրքրական «Ճենկա»-ն, արիները` հանրածանօթ «ռիսք»-ը, արենուշները` հռչակաւոր ճատրակը, պարմանուհիները` անմոռանալի «X/0»-ն, երէցները` փոքրիկներու օձի խաղը, իսկ խմբապետական կազմը` խորհրդաւոր «Քի է սը»: Այսպիսով, բանակավայրը վերածուած...

Պարգեւատրում` ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Այանեանի

Պարգեւատրում` ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Այանեանի

Շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Անթունիյէ հիմնարկի մէջ, ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Այանեան պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ` առ ի գնահատանք միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ անոր ունեցած յառաջատար դերակատարութեան եւ ազդու ներդրումին:

ՀՄԸՄ-ը Կը Մասնակցի Լիբանանի Ա. Ազգային Բանակումին

ՀՄԸՄ-ը Կը Մասնակցի Լիբանանի Ա. Ազգային Բանակումին

Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ 7-10 սեպտեմբերին Հըրշ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ա. Ազգային բանակումը` արի եւ արենուշ ճիւղերու: ՀՄԸՄ-ը Լիբանան այս բանակումին մասնակցեցաւ մէկ խումբով` բաղկացած Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտիի մասնաճիւղերու 35 արի-արենուշներէ, եւ` Շրջանային խմբապետական կազմէն Լուսին Պերքուպէյիուքեանը` որպէս բանակումի օժանդակ մարմինի ընդհանուր պատասխանատու: Շրջանային խմբապետական կազմը բանակումի նշանակուած խմբապետական կազմին հետ ունեցաւ զանազան ժողովներ` լաւագոյն...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութիւններով եւ դասարանային աշխատանքներով յարգանքի իր տուրքը մատուցեց հայ գիրի, դպրութեան եւ մշակոյթի առաջին մշակներուն եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդին հոգեւոր, գրական, գիտական նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Սրբոց Թարգմանչաց տօը: Նախակրթարանի Տօնակատարութիւն Ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն տօնակատարութիւնը: Առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները անգամ մը եւս իրենց միտքերն ու հոգիները լեցուցին Մեսրոպի շունչով ու ոգիով,...

Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի Ու Թապարժայի Հայ Բնակիչներուն Հետ Հանդիպելով` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Քուէարկելու Հայ Թեկնածուներուն

Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի Ու Թապարժայի Հայ Բնակիչներուն Հետ Հանդիպելով` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Քուէարկելու Հայ Թեկնածուներուն

Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին, շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի ու Թապարժայի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի միջեւ: Արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քլոտ Արըճեան, որ հաւաքոյթը բնութագրեց իբրեւ համախմբումի առիթ, ոչ անպայման` յատուկ պատճառով մը, այլ` անգամ մը եւս վերահաստատելու, որ...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  «Լուսին Մալիքեան» Սերունդի Շրջանաւարտներու Ընդունելութիւն Եւ Յիշատակի Երեկոյ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Լուսին Մալիքեան» Սերունդի Շրջանաւարտներու Ընդունելութիւն Եւ Յիշատակի Երեկոյ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին  Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի «Լուսին Մալիքեան» սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւն եւ յիշատակի երեկոյ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սալբի Ծատուրեան-Խաչատուրեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան...

Պիքֆայայի Եւ Ս. Մըսքի Քաղաքապետները` Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Պիքֆայայի Եւ Ս. Մըսքի Քաղաքապետները` Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

3 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք այցելեցին Պիքֆայայի եւ Ս. Մըսքի քաղաքապետները, որոնք ընդունուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Յայտնենք, որ Ս. Աստուածածին վանքը աշխարհագրականօրէն կը գտնուի յիշեալ երկու շրջաններու սահմանագիծին վրայ, հետեւաբար մօտէն կը գործակցի երկու քաղաքապետութիւններուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեանը եւ Ս. Մըսքի քաղաքապետութեան ու կաթողիկոսարանիս կալուածոց տեսչութեան անդամ...

ՀՄԸՄ Լիբանան Մասնակցեցաւ «Moot»-ին  (Համաշխարհային Երէց-Պարմանուհիներու Յատուկ Ճամպորիին)

ՀՄԸՄ Լիբանան Մասնակցեցաւ «Moot»-ին (Համաշխարհային Երէց-Պարմանուհիներու Յատուկ Ճամպորիին)

Համաշխարհային սկաուտական շարժումի կազմակերպութեամբ, 15-րդ Համաշխարհային երէց-պարմանուհի Ճամպորին («Moot»)  տեղի ունեցաւ Իսլանտայի մէջ, 22 յուլիս 2017 - 4 օգոստոս 2017: Այս ճամպորիին մասնակցեցան աշխարհի 89 տարբեր երկիրներէ  5123 երէց- պարամնուհիներ: Այս ճամպորիի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացք առին դեկտեմբեր 2016-ին: Առաջին իսկ օրէն Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնը` իր վարչական կազմի անդամներէն`   համաշխարհային սկաուտութեան ներկայացուցիչին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեանին միջոցով մօտէն...

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Կիլիկեան Միաբանութեան Յանձնառու Ծառայութիւնը Մեր Եկեղեցւոյ Ու Ժողովուրդին

24 հոկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, կրթական վերամուտի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած հանդիպումներու ու աշխատանքներու կողքին, նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ միաբանութեան տնօրէն-ժողովին հետ: Ողջունելով տնօրէն-ժողովի նոր անդամները` կաթողիկոսը կարեւորութեամբ շեշտեց միաբանութեան վանական կեանքին հոգեւոր, մտաւոր ու վարչական երեսներուն առաւել ներդաշնակութիւն ու կենսունակութիւն տալու հրամայականը: Այս երեք տարածքները մեր կեանքին մէջ...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Նիստեր`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Կարեւորեան» Հիմնադրամի Բարերար Վերոնիք Կարեւորեանը

24 հոկտեմբեր 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան հիմնադրամ»-ի բարերար Վերոնիք Կարեւորեանը` ընկերակցութեամբ նոյն հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Միմի Եոզկաթեանի: Յայտնենք, որ շուրջ երկու տարիներ առաջ, Վերոնիք Կարեւորեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն` տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի, կաթողիկոսարանին մէջ հիմնած էր 725.000 ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով   մշակութային ֆոնտ մը, որուն նպատակը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Գնահատանքը Յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Գնահատանքը Յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան

1 հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայ եկեղեցեւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան նորընտիր վարչութիւնը` առաջնորդութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Թաթուլ աբղ. Գարտանաքեանին: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նոր վարչութեան ընտրութիւնը` իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ի տարած աշխատանքներուն, որոնց նպատակը մեր երիտասարդութիւնը համախմբել է Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան շուրջ: Այս ծիրին մէջ վեհափառը...

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

Հոկտեմբեր 20-ին Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը իր պատուիրակութեամբ: Առաջնորդարանի մուտքին նախարարը դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ  Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ, եւ միասնաբար ուղղուեցան դահլիճ, ուր ներկայ էին` թեմի կրօնական դասն ու երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, կառոյցներու, կուսակցութեանց, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, կրթական հաստատութեան պատասխանատուներ, թերթերու խմբագիրներ...

Հայաստան Տարուած Են Լիբանանեան Մայրիներ.  Տունկերուն Գոյատեւումը  Պիտի Փորձարկուի Բոլոր Մարզերուն Մէջ

Հայաստան Տարուած Են Լիբանանեան Մայրիներ. Տունկերուն Գոյատեւումը Պիտի Փորձարկուի Բոլոր Մարզերուն Մէջ

Լիբանանահայ գործարար, բարերար Կարապետ Պապահեքեանի նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ու դեսպանութեան աջակցութեամբ, Հայաստան տարուած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան «Հայանտառ» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութեան տրամադրուած են լիբանանեան մայրիի 250 տունկեր: Նախաձեռնութեան հեղինակները «Հայանտառ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ համաձայնութեան եկած են, որ նախ քիչ  քանակով (250 հատ) տունկ տարուի Հայաստան: Տունկերու յաջող աճի պարագային 2000...

Շուէտի Մէջ 35 Երիտասարդ Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ Շարքերուն

Շուէտի Մէջ 35 Երիտասարդ Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ Շարքերուն

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Շաբաթ, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան, 35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն՝ տալով դաշնակցականի իրենց երդումը, կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի: 35 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ամբողջացնելէ ետք ամիսներու վրայ երկարած իրենց դաստիարակչական ծրագիրը՝ տուին իրենց երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն: Նորագիրներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն չեն անդամագրուիր, ինչպէս է պարագան շատ կազմակերպութիւններու, այլ՝ կը զինուորագրուին, որովհետեւ...

Հայ Ուսանողներ` Համալսարանական  Խորհուրդներու Մէջ

Հայ Ուսանողներ` Համալսարանական Խորհուրդներու Մէջ

Լիբանանի տարբեր համալսարաններու մէջ տարեկան դրութեամբ տեղի կ՛ունենան ուսանողական խորհուրդներու եւ մարմիններու ընտրութիւններ: Իւրաքանչիւր համալսարան, իր ընտրական օրէնքին համաձայն, կ՛ընտրէ որոշ թիւով անդամներ ունեցող մարմին մը, որուն դերը կ՛ըլլայ ուսանողութեան ձայնը հասցնել համալսարանի նախագահութեան: Այս տարի տարբեր համալսարաններու ուսանողական մարմիններու մէջ հայ համայնքը ունեցաւ իր ներկայացուցիչները: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանողական մարմինի անդամ ընտրուեցաւ Արման Խտըրլարեան: Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղի ուսանողական...

Հոգեհանգիստ` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիքեանի Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիքեանի Յիշատակին

Կիրակի, 24 սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի Դ. դասարանի աշակերտներէն մինչեւ աւարտականի աշակերտները իրենց դաստիարակներով ներկայ գտնուեցան վաստակաշատ հոգեւորական, կրթական մշակ, գիւղիս նախկին հոգեւոր հովիւ եւ վարժարանիս նախկին տնօրէն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանին նուիրուած Ս. պատարագին եւ եօթնօրէքին առիթով տեղի ունեցած հոգեհանգստեան պաշտօնին` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Յետհոգեհանգստեան արարողութեան, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան»...

Page 29 of 68 1 28 29 30 68

Արխիւներ