Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017-ին Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճը իր դռները լայն բացաւ ընդունելու հին ու նոր աշակերտները, որոնք հաւաքուեցան սրահը, ուր ներկայացուեցաւ վերամուտի առիթով պատրաստուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Թ. դասարանէն Լիլիանա Ալռքայպի կարդաց բացման խօսքը` բարի վերամուտ մաղթելով բոլորին, ապա Է. Դասարանէն Ռիթա Սալլում դաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը: Թ. դասարանէն Ռուբէն Մարտիրոսեան ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանէն մայրենիին նուիրուած բանաստեղծական կտոր մը, իսկ Ալեակ Մկրեան նուագեց կոմիտասեան մեղեդի մը: Քոլեճի նախակրթարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ «Մեր լեզուն» եւ «Ազգ իմ փառապանծ» երգերով` խանդավառութիւն ստեղծելով աշակերտներուն մէջ:
Քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան 2017-18 կրթական տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ու մաղթեց, որ նոր տարեշրջանը ըլլայ խաղաղութեամբ, առողջութեամբ ու յաջողութիւններով լի: Ան ըսաւ. «Մենք զօրաւոր ենք, երբ կառչած ենք մեր արմատներուն: Երբ մեր արմատները զօրաւոր են, փոթորիկներ չեն կրնար մեզ արմատախիլ ընել. թերեւս իյնայ քանի մը տերեւ, թերեւս կոտրի քանի մը ճիւղ, բայց երբ մենք լաւ գիտենք մեր լեզուն ու պատմութիւնը, երբ հաւատարիմ կը մնանք մեր կրօնին, աւանդութիւններուն ու արժէքներուն, ո՛չ մէկ փոթորիկ կրնայ մեզ պոկել մեր ծառէն»: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին` մաղթելով, որ աշակերտները արժանաւոր ժառանգորդները ըլլան անկախութիւնը կերտող սերունդին: Ան իր խօսքը աւարտեց` ուժ, կորով, համբերութիւն եւ հետեւողականութիւն մաղթելով աշակերտներուն:
Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլեճի նորեկ աշակերտները, որոնք կու գային հայկական թէ օտար վարժարաններէ, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց ուսուցչական կազմի նորեկ անդամները, եւ իբրեւ բարի գալուստի արտայայտութիւն` բոլորը ստացան ծաղիկներ:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` հաստատելով, որ դպրոցը այն միջավայրն է, ուր աշխատանքի միջոցով կարելի է արդիւնքներ ձեռք բերել` թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ազգային իմաստով ու աւելցուց. «Մենք ձեր մէջ կ՛ուզենք տեսնել նաեւ մեր ժողովուրդին վաղուան կեանքը, որ պէտք է ըլլայ աւելի փայլուն, քան էր երէկ: Կեանքը կը յառաջդիմէ եւ կեանքին հետ պէտք է յառաջդիմենք նաեւ մենք»: Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին անդրադառնալով` ան ըսաւ, որ բազում տագնապներէ ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի վերապրումի կամքին` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի: Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց աշակերտները` ըլլալու գիտակից հայ ու հայրենասէր, լաւ գիտնալու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, որովհետեւ անոնք են ապագայի երաշխիքը:
Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017-ին քոլեճի աշակերտութեան իր խօսքը ուղղեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, որ հաղորդեց աշակերտները:
25 սեպտեմբերին մանկապարտէզի փոքրիկներու վերամուտն էր: Բծախնդրօրէն զարդարուած դասարանները, խաղավայրն ու յատկապէս ուսուցչուհիներուն ժպտուն դէմքերը փարատեցին փոքրիկներուն տատամսումն ու վախը: «Ծիածան» խումբը մանուկներուն սիրելի այլազան տիպարներով, երգ- պարով ու խաղերով խանդավառեց փոքրիկները:
Յաջորդ օրը մանկապարտէզի աշակերտները Ս. հաղորդութիւն ստացան քոլեճի սրահին մէջ, ապա բողբոջները իրենց ծնողները հիւրընկալեցին իրենց դասարաններուն մէջ ու միասնաբար խաղացին դպրոցի խաղավայրին մէջ:
Մանկապարտէզի աւանդութիւններէն է նաեւ վերամուտի պտոյտը: Ուստի, այս տարի եւս, վերամուտի երրորդ օրը փոքրիկները բաժնուեցան իրենց ծնողներէն եւ իրենց ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ ուրախ օր մը անցուցին Զալքայի խաղավայրին մէջ:


