25 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ընդունեց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց Սուրիոյ հայ համայնքի անվտանգութեան ու պահպանման ուղղուած անոր ջանքերը:
Ժիրայր Ռէյիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` գնահատանքին համար եւ ըսաւ, որ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը կարեւոր հարթակ էր, ուր տարբեր երկիրներէ եկած մեր հայրենակիցները կրցան հանդիպիլ եւ քննարկել զիրենք յուզող հարցերը, կարծիքներ փոխանակել, նոր ծրագիրներ ներկայացնել:
Խօսելով Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ` համայնքային գործիչը աւելցուց. «Պատերազմի ծանր տարիները անցած են, բայց այդ չի նշանակեր, որ տակաւին գոյութիւն չունին դժուարութիւններ: Սուրիահայերը պատերազմի տարիներուն տեղափոխուած էին տարբեր երկիրներ, ես սա գաղթ չեմ նկատեր, այլ տեղափոխութիւն` անվտանգութենէ ելլելով: Մարդիկ վտանգի մէջ գտնուող քաղաքներէն աւելի անվտանգ վայրեր տեղափոխուած են: Այժմ շատ մը սուրիահայեր` եւրոպական երկիրներէ, Հայաստանէն ու Լիբանանէն վերադարձած են Հալէպ: Բնականաբար կը դիմագրաւենք շարք մը դժուարութիւններ, սակայն պայմանները կը բարելաւուին»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հալէպի մէջ ներկայիս կը բնակին մօտաւորապէս 18.000 հայեր, իսկ ամբողջ երկրի հայութեան թիւը կը հասնի շուրջ 28.000-ի: