Երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերը վերամուտն էր Հռիփսիմեանցի աշակերտներուն, որոնք վերամիացան երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, որոնք 12 սեպտեմբերէն կը յաճախէին դպրոց եւ վերընտելացած են դպրոցական առօրեային:
Առաւօտեան դպրոցական առաջին զանգին աշակերտները իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ մեկտեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յիշատակութեան նուիրուած խաչքարին դիմաց:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն յետոյ, բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս տեսուչ Կարպիս Գապասագալեանը, որ անդրադարձաւ ծնողներու եւ շրջանաւարտներու վերապրումներուն, որոնք երանի կու տան իրենց դպրոցական օրերուն եւ երանի տուաւ աշակերտներուն, որոնք միայն դաս սորվելու մտահոգութիւն ունին. ան մասնաւորեց 2016-2017 կրթական տարեշրջանի պաքալորէայի եւ պրէօվէի պետական քննութեանց ձեռք բերուած 100 տոկոս յաջողութիւնը, նամանաւանդ մեծաթիւ աշակերտներու յիշատակութեան արժանի արդիւնքները, ապա հրաւիրեց վարժարանի տնօրէնուհի` առաքինափայլ քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ ըսաւ. «95 տարիներ առաջ Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն վարժարանի վերամուտի առաջին դպրոցական զանգը հնչեց շնորհիւ անձնազոհ հինգ մայրապետներու, որոնք` հաւատարիմ իրենց ուխտին, հիմը դրին այս սրբանուն կրթօճախին, որ դարձաւ հայ սերունդներու դաստիարակութեան դարբնոցը, որ իր առաքելութեամբ եւ արդիւնքներով պատիւ կը բերէ հայութեան եւ Լիբանանի գաղութին»: Խօսքի երկրորդ բաժինով քոյր Արմինէն ներկաներուն յիշեցուց, թէ այս տարի Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան հիմնադրութեան 170-ամեակն է. միաբանութեան քոյրերը իրենց ուխտին թելադրութեամբ եւ աննկուն կամքով կը շարունակեն նուիրուիլ ու ծառայել հայ սերունդներուն` ջամբելով քրիստոսադրոշմ հաւատքն ու մարդկային անփոխարինելի արժէքները, եւ մանաւանդ հայեցի աւանդոյթները: Խօսքի աւարտին գնահատեց աշակերտներու ձեռք բերած գնահատելի արդիւնքները եւ շնորհաւորեց անոնց ծնողները, ապա հայցեց Տիրամօր օրհնութիւնը եւ վարժարանի սրբուհիին` Հռիփսիմէին պաշտպանութիւնը:
Վարժարանի ծնողաց վարչութեան փոխատենապետ Րաֆֆի Աշգարեան փոխանցեց օրուան պատգամը, որուն մէջ անդրադարձաւ վարժարանի առաջին զանգին, որ «կոչուած է ըլլալու վկան մեր հաւաքական կեանքին մէջ իր արժանավայել տեղը ունեցող այս կրթական հաստատութեան անխափան երթին, որ տեսակ մը յաղթերգ է` կրթական մեր օճախներու գոյատեւման եւ նուիրումի անշեղ ընթացքը գովերգող, հակառակ այն անհերքելի իրողութեան, որ օրըստօրէ մեր շուրջ աճող ու սպառնացող անհամար դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք հաւաքաբար»: Ան հաստատեց, որ հայկական դպրոցը պէտք է գոյատեւէ եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրէ, հակառակ ամէն տեսակ թերահաւատութեան` դիտել տալով, որ ծնողաց վարչութիւնը միշտ նեցուկ է վարժարանին եւ մեծ պատասխանատուներուն, որոնք մեծ զոհողութիւններով եւ դժուարութիւններու դէմ պայքարի աներկիւղ շունչով վառ կը պահեն այն ջահը, որ կը շարունակէ դպրոցին եւ երեխաներու քայլերը լուսաւորել` դէմ դնելով ամէն տեսակ մարտահրաւէրի: Րաֆֆի Աշգարեան նաեւ խօսեցաւ ծնողներուն մասին, որոնք չեն տարուիր իրենց ականջներուն հասնող օտար վարժարաններու կանչերուն, իրենց վստահութիւնը չեն կորսնցներ հայ վարժարանի նկատմամբ, Հռիփսիմեանցին նկատմամբ, զայն նկատելով իրենց զաւակներու ազգային ոգիով հոգեմտաւոր կերտումին միակ անփոխարինելի ապաւէնը: Իր խօսքի աւարտին ան լուսարձակի տակ առաւ հայկական վարժարանի նուիրաբերական առաքելութիւնը` հայ սրբութիւնները, ընտանիքը, արժէքներն ու ազգը անսասան պահելու:
Աշակերտութեան անունով խօսք առաւ աւարտական դասարանի աշակերտներէն Էտուար Գապասագալեան, որ անդրադարձաւ վերամուտի ունեցած իմաստին: Իբրեւ աւարտական դասարանի աշակերտներ ան ըսաւ, որ հպարտ կը զգան, որ հասակ առին եւ գիտութիւն ստացան «Դէպի լոյս» աշխարհ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի յարկին տակ: Էտուար Գապասագալեան խոստացաւ իր դասընկերներուն հետ ըլլալ արժանավայել յաջորդը 95-ամեայ վարժարանի սերունդներուն:
Գերապատիւ հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը կատարեց աւետարանի թելադրութեամբ յորդորներ` միշտ ձգտելով լաւագոյնին ու կատարեալին, ապա պահպանիչով օրհնեց ներկաները` մաղթելով, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանը ըլլայ բարեյաջող եւ բարեբեր:
Աւարտին աշակերտները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին ազգագրական պարերով առաւել եւս ջերմացնելով մթնոլորտը եւ դէպի երկինք արձակեցին կապոյտ եւ ճերմակ փուչիկներ:
Տեղին է անդրադառնալ, թէ վերամուտի նախորդող շաբաթներուն տեղի ունեցան ուսուցչական ժողովներ, որոնց ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան վարժարանի յառաջխաղացքը յուզող հարցեր եւ ուսումնական ծրագիրներու արդիական մեթոտներու կիրարկման մեթոտներ:




