Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Հայ երիտասարդական եւ ուսանողական խորհրդաժողովները կը ծառայեն իբրեւ հարթակ, ուր տարբեր համայնքներէ ժամանած երիտասարդները կը միանան ընդհանուր նպատակով` խորացնելու իրենց կապը հայ իրականութեան հետ եւ վերարժեւորելու իրենց դերը համահայկական կեանքին մէջ: Անոնք չեն սահմանափակուիր գաղափարներու փոխանակութեամբ միայն, այլ կը դառնան կենդանի օրինակ՛ հայ ուսանողութեան գիտակից մասնակցութեան եւ համահայկական պատասխանատուութեան: Արդարեւ, նման հաւաքներ կը մարմնաւորեն այն համոզումը, որ հայ ժողովուրդի ապագան...
















