Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոռցուած Բախտաւորութիւններ

Յուլիս 2, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Կեանքին մէջ կան բարիքներ, որոնց արժէքը չենք գնահատեր, մինչեւ որ զանոնք կորսնցնենք: Հայահոծ շրջանի մէջ ապրող հայը յաճախ կը մոռնայ, թէ ինք բախտաւոր է` բաղդատաբար սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ ապրող հայերուն: Հայ ըլլալը, հայութեամբ պարծենալը, մայրենի լեզուով խօսիլը եւ լսողէն հայերէն պատասխան ստանալը` անգին ապրումներ են: Բայց աւելի քան լեզուի փոխանակում` հայը կը հասկնայ հայը` իբրեւ անձ մը սփիւռքին մէջ, որ տարբեր է հիւրընկալ ժողովուրդէն: Ան կը ճանչնայ անոր ցաւը, անոր կարօտը, անոր ինքնութիւնը եւ ժառանգութիւնները:

Հայկական ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ բարդ է, մանաւանդ երբ ժողովուրդը բռնի կերպով հեռացուած է իր պապենական հողերէն: Սփիւռքի մէջ հայուն ինքնութիւնը կը խառնուի հիւրընկալ երկիրներու ինքնութիւններուն հետ, բայց ինք երբեք չի կրնար ամբողջովին նմանիլ անոնց: Միշտ կայ տարբերութիւն մը, որ կը զանազանէ զայն ուրիշներէ: Այդ տարբերութիւնը կրնայ հայուն մէջ ստեղծել մնայուն տագնապ մը, որ եթէ ան փորձէ հայկականութեան նկատմամբ նուազ նախանձախնդիր ըլլալ կամ թաքցնել իր ինքնութիւնը, ինքն ալ կը սկսի կորսնցնել ինքնզինք:

Երբ հայ մը կը փափաքի նմանիլ տեղացիներուն, որպէսզի «տարբեր» չըլլայ, ան յաճախ կը դիմէ մշակութային զիջումներու: Կը փոխէ իր անունը, կը մոռնայ մայրենին, կը խորթանայ իր արմատներէն: Բայց այդ բոլորին մէջ ան իր սրտին խորքը կը զգայ, թէ ինքնիրեն կը դաւաճանէ: Այդ զգացումը կուտակուող մեղքի ու դատապարտման զգացում մըն է, որ գաղտնաբար կը քայքայէ իր հոգին:

Կեանքին մէջ կան բարիքներ… երբ ականջիդ խորթ չի հնչեր հայերէն լսելը հանրային վայրերու մէջ, փողոցները, ճաշարանները. երբ պէտք չես ունենար անունդ հեգելու կամ տասնեակ մը անգամ բացատրելու, կրկնելու եւ, հետեւաբար, բոլոր հարցումներուն պատասխանելու, թէ ինչո՞ւ դեռ հայերէն կը խօսիք, եւ դժբախտաբար եթէ շուրջդ եղողները անձեր են, որոնք պատմութեան հետ կապ չունին ընդհանրապէս, կը սկսին ուղղել պատմական հարցումներ, մինչեւ որ բացատրես Ցեղասպանութիւնը:

Ըլլալ հայ` կը նշանակէ նաեւ անգլերէնով կամ այլ լեզուով խօսակցութեան մէջ անդրադառնալ հայկական շեշտ ունենալուն, որմէ յաճախ կ՛ամչնանք կամ կը խնդանք, մինչդեռ այդ շեշտը  մեր ինքնութիւնն է` ձայնը, լեզուն, պապերու ձայնային յիշողութիւնը: Կը նշանակէ շատ արագ օտար լեզու մը խօսելու ընթացքին սխալմամբ հայերէն բառեր փախցնել բերնէն կամ ալ զարմանալու ընթացքին հայերէն բացագանչութիւններով արտայայտուիլ եւ նոյնիսկ այդ շուարելու ընթացքին հաճոյք առնել, որ կ՛արտայայտուիս` ինչպէս որ ես: Հետեւաբար ճիշդ պատասխանը հարցումին այս է. «Ես տակաւին հայերէն կը խօսիմ, քանի որ միտքս հայերէն կը մտածէ»:

Ըլլալ հայ 2020-ի արցախեան պատերազմին` կը նշանակէ փորձել համալսարանի դասի մթնոլորտին մէջ ընտելանալ դասընկերներու հետ առանց ձեւացնելու, թէ դուն ներքնապէս կ՛այրիս, կրկին կ՛ապրիս կորուստի ցաւը, եւ ոչ մէկը հետդ կը բաժնեկցի այդ ցաւը: Այդ վայրկեանին է, որ կը զգաս, թէ դուն տարբեր ես: Ոչ միայն կը մերժես սիոնական արտադրութիւնները իբրեւ լիբանանցի, այլ նաեւ թրքականը` իբրեւ հայ: Բայց կրկին կը զգաս, որ հասկցուած չես, երբ բոլորը կը շարունակեն քաջալերել թրքական արտադրութիւնները… Ցեղասպանութիւն գործադրող բոլոր երկիրները մերժուած չե՞ն ուրեմն:

Եւ այդ մտքիդ լեզուն պիտի դառնայ վտանգուած, այդ քնքուշ հարազատ մայրենի լեզուն… Արեւմտահայերէն թերթը, ձայնասփիւռի կայանը, գիրքերը, դպրոցները, մշակութային կեդրոնները, ակումբները կը դառնան թանկարժէք, եւ ամուր կը սեղմուիս այս բոլորին` վախնալով, որ օր մը անոնք կ՛անհետանան, քանի լաւապէս գիտես` ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ միակ տարբեր անձը ամբոխի մը մէջ:

Մենք թերեւս շատ սովորական կը մօտենանք տպագիր թերթէ մը ամէնօրեայ դրութեամբ արեւմտահայերէնով լուրեր կարդալը: Սովորական է ս. պատարագը հայերէնով լսելը եւ հայկական եկեղեցի յաճախելը, որ կ՛ընդգրկէ հայկական ազգային աւանդութիւնները: Մենք հայկական ակումբները կը նկատենք պարզ ու բնական` առանց յաճախ գիտակցելու, թէ որքա՛ն մեծ դեր կ՛ունենան մեր մէջ պատկանելիութեան զգացումը խորացնելու անձերու հետ, որոնք նոյն գաղափարախօսութիւնը ունին: Սովորական կը նկատենք  նաեւ հայկական երգեր ունկնդրելը, հայ գրողներու գործեր կարդալը, ու նոյնիսկ` զայն դպրոցին մէջ սորվելու կարելիութիւնը:  Տպագիր թերթերէն եւ դպրոցներէն դուրս` հայկական ակումբներն ու մշակութային կենդրոնները, ուր տեղի կ՛ունենան թատերական ներկայացումներ, լեզուի դասընթացքներ կամ ազգային տօնակատարութիւններ, նաեւ այս «սովորական» թուացող բարիքներուն մաս կը կազմեն: Այս բոլորը մեր ինքնութիւնը կ՛ամրապնդեն եւ մեզ կապուած կը պահեն մեր արմատներուն, պատմութեան եւ իրաւունքին` հպարտօրէն հայ մնալու, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ապրինք:

Ինքնութեան ուժին մէկ բաժինը ազգիդ մաս կազմելն է, կապուիլը` գաղութիդ, սերտ յարաբերութիւն ստեղծելն է շրջապատիդ հետ: Հայկական դպրոց յաճախելը, որովհետեւ բախտաւոր ենք նման կարելիութիւնը ունենալու: Հայկական միութենական կեանքի մէջ ներգրաւուիլը, ուր իսկապէս կը զգաս պատկանելիութիւնդ, գիտակցաբար կապուած ես, որովհետեւ գիտես, թէ մտքիդ լեզուն իրենց մտքի լեզուն է, քու ցաւդ` իրենց ցաւը, քու սկզբունքներդ` իրենց արժէքները, քու գաղափարներդ` իրենց մղիչ ոգին:

Զաւարեանական

 

Նախորդը

Հայապահպանութիւնը` Հրամայական

Յաջորդը

Խենթացի՛ր

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?